ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ամնի Դատարանը Պէտք Է Որոշում Կայացնէ Թրքական Դրամատուներու` Հայկական Դատական Գործերը Կասեցնելու Պահանջին Հարցով


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ամնի Դատարանը Պէտք Է Որոշում Կայացնէ Թրքական Դրամատուներու` Հայկական Դատական Գործերը Կասեցնելու Պահանջին Հարցով

  • 11-12-2011 01:09:16   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն, 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխհատուցում պահանջելով: Առաջինը խմբային հայց էր, որով կը պահանջուէր միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ՝ Թուրքիոյ հանրապետութենէն, «Ziraat» դրամատունէն եւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն, որոնք անարդարօրէն հարստացած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուած եւ կոտորուած հայերուն պատկանող գոյքերու իւրացումով: Երկրորդ դատական գործով, որ յարուցուած էր երեք ամերիկահայերու կողմէ, կը պահանջուէր 64 միլիոն տոլար՝ Ատանայի ու Թուրքիոյ մէջ գրաւուած կալուածներուն դիմաց, առաւել քանի մը միլիոն՝ անցած 60 տարիներուն ընթացքին ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ կատարուած վարձավճարներուն եւ անոնց կուտակուած տոկոսագումարներուն դիմաց, որոնք վճարուած են հայ հայցուորներու ընտանիքներուն պատկանող հողին վրայ կառուցուած «Ինչիրլիք» ռազմակայանի օգտագործման համար: Երբ այս երկու դատական գործերը յարուցուեցան, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր երկու դրամատուները ծաղրեցին այդ մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ԱՄՆի դատարանները իրաւունք չունին դատելու ուրիշ կառավարութիւններու գործողութիւնները: Դատավարութիւնները արգելափակելու համար, թրքական կողմը չընդունեց իրաւական փաստաթուղթերը, որոնք դատական գործին ընթացք տալու առաջին քայլը կը համարուին: Երկար ժամանակ մուկ ու կատու խաղալէ ետք, թուրք պաշտօնատարները վերջապէս ստացան դատարանի փաստաթուղթերը, զորս անոնց փոխանցուեցան Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպանատանին միջոցով՝ արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջով: Դժկամութեամբ ընդունելով դատարանին թուղթերը՝ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հրաժարեցաւ ներկայանալէ ԱՄՆ դաշնակցային դատարան, հակառակ արտաքին գործոց նախարարութեան զգուշացումներուն, որ դատարան չներկայանալու պարագային՝ դատարանը կրնայ վճիռ արձակել իրենց բացակայութեան: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ դրամատուները, վախնալով նման ճակատագիրէ մը՝ շտապեցին ներկայանալ դատարան եւ ներկայացուցին միջնորդութիւն մը՝ դատական գործերը կասեցնելու պահանջով: Իրենց կողմէ ներկայացուած դիմումներուն մէջ, դրամատուները հանդէս եկան զանազան առարկութիւններով՝ պնդելով, որ ԱՄՆ դատարանները չունին նման իրաւասութիւն, որովհետեւ թրքական կողմը ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութիւն: Անոնք պն-դեցին, որ դատական գործերը պէտք չէ շարունակել, քանի որ գոյութիւն ունի 1934ի Անգարայի համաձայնագիրը, «Քաղաքական հարցի տոքթրին»ը, ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունին բաւարար ապացոյցներ, թէ հայցուորները գրաւուած գոյքերու սեփականատէրերուն ժառանգորդներն են, իսկ վաղեմութեան ժամկէտը եւս անցած է: Զարմանալիօրէն, թրքական դրամատուները ընդունեցին, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը գրաւած է հայկական կալուածքները, ապա միջազգային իրաւունքը կը բացառէ նմանատիպ հայցերու ներկայացումը, քանի որ Թուրքիան խլած է «կալուածներ ի՛ր իսկ քաղաքացիներէն»: Դրամատուներու փաստաբանները խայտառակ առաջարկ մը տուին՝ պահանջելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու կտակները ստուգուին, որոշելու համար գրաւուած կալուածներուն օրինական ժառանգորդները: Զոհերու կտակի բացակայութեան պարագային, փաստաբանները առաջարկեցին ուսումնասիրել համապատասխան օրէնքներ՝ տեսնելու համար, թէ որոնք իրականութեան մէջ իրաւունք ունին ստանալու այդ կալուածները: Որպէս հայցուոր հանդէս եկող հայկական կողմի փաստաբանները հակառակեցան թրքական առարկութիւններուն եւ դատարանէն խնդրեցին մերժել այդ միջնորդութիւնը: Հայցուորները պնդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ziraat» դրամատան մասնաճիւղը առեւտրային անձնական դրամատուն է եւ ոչ մէկ պատճառ ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը վայելելու: Աւելին՝ «Ցեղասպանութիւնը կամ գոյքի թալանը երբեք չի կրնար համարուիլ պետութեան մը կողմէ օրինական գործողութիւն: Ատիկա քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի, քանի որ այս գործին նպատակն է՝ վերադարձնել հաւատարմագրային կառավարումով տնօրինուող գոյքի վաճառքէն եւ (կամ) վարձակալութենէն ստացուած անիրաւացի բարիքները: Ի վերջոյ, տուեալ պարագային չի կիրառուիր վաղեմութեան ժամկէտը, քանի որ գոյքերը կը տնօրինուին հաւատարմագրային կառավարումով, եւ զանոնք չվերադարձնելը կը շառունակէ վնաս պատճառել»: Փաստաբանները նաեւ պնդեցին, թէ վաղեմութեան ժամկէտը չի կիրառուիր պատերազմական յանցագործութիւններու կամ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու պարագային: Հակասելով դրամատուներու պնդումներուն՝ խմբական հայցի գործով փաստաբանները պնդեցին, որ արտաքին ինքնիշխան անձեռնմխելիութեան օրէնքը չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական գործունէութիւն իրականացնող օտարեր անձերու քրէական հետապնդումը, զոր իրականացուցած է թէ՛ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ թէ այդ երկու դրամատուները՝ տարիներ շարունակ: Հայկական կողմի փաստաբանները պնդեցին նաեւ, որ թուրք դատապաշտպանները սուտ պնդումներ կատարած են ըսելով, որ միջազգային օրէնքը ի զօրու չէ օտար պետութիւններու «իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ իրականացուած յանցանքներուն նկատմամբ», ընդհակառակն, «միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ պետութիւններուն իւրացնել քաղաքացիներու գոյքը ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պարագային»: Լսումը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 19ին, որոշելու համար թրքական դրամատուներու երկու դատական գործերը կասեցնելու միջնորդութեան հարցը: Եթէ դատարանը մերժէ թրքական միջնորդութիւնը եւ հայկական կողմը յաղթէ հերթական դատավարութեան ընթացքին, ապա դատարանը կրնայ որոշում կայացնել, որ երկու դրամատուներու ԱՄՆու գոյքերը գրաւուին հայցի արժէքին չափով եւ յանձնուին Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւազուրկ զոհերու ժառանգորդներուն՝ իբրեւ արդարացի փոխհատուցում: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ