Դպրեվանքը հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Հիմնարկներու երրորդ ժողովը


Դպրեվանքը հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Հիմնարկներու երրորդ ժողովը

  • 13-12-2011 17:16:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Դպրեվանքը հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Հիմնարկներու երրորդ ժողովը։ Բացման աղօթքը կատարեցին Դպրեվանքի ներկայացուցիչներ՝ Բարշ. Գէորգ սրկ. Սապունճեան եւ Սարգիս Կարապետեան։ Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ անդամներու ծանօթութիւն։ Ապա, խօսք առաւ ժողովին հիւրաբար ներկայ գտնուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նորընտիր քարտուղար՝ Հայր Փոլ Ռուհանա, որ ծանօթացուց սոյն խորհուրդին պատմականն ու ներկան։ Ժողովականներ որոշեցին ընկերային հաւաքոյթ մը կազմակերպել, որպէսզի բոլոր դպրեվանքերու ուսանողները միատեղ հաւաքուելով աւելի մօտէն ճանչնան զիրար։ Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի կիրակի, 8 յունուար 2012-ին, Պալամանտի վանքին մէջ, Թրիփոլի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը