Նախագահական «Հեւք»ը Սկսած Է


Նախագահական «Հեւք»ը Սկսած Է

  • 14-12-2011 15:14:32   |   |  Յօդուածներ

Ամիսներ առաջ, աւելի դիպուկ` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընդարձակեալ նիստին, երբ առաջադրուեցաւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը (երկրորդ շրջանի մը համար), արդէն նախօրօք գրած էինք` «Այլ ընտրանք» չկայ, բացի ինքնաւերանորոգումի տարբերակէն: Ինչու՞ այդ հաստատումը, օրի՛ն: Սերժ Սարգսեան, իր նախագահ ընտրուելէն ետք, առաջին իսկ օրէն արդէն ինքզինք նախագահ կը նկատէր… երկրորդ շրջանի մը համար, իսկ ատիկայ յաջողեցնելու համար, դիմեց հետեւեալ միջոցներուն. ա) Ամէն տեղ, ի մասնաւորի զգայուն ու պատասխանատու պաշտօններու վրայ զետեղեց վստահելի իւրայիններ (կ'ուսակիցնէր թէ բարեկամներ), չվարանելով, ի հարկին, զանոնք պաշտօնանկ ընելու կամ պաշտօնանկութեան մղելու, երբ տեսնէր կամ զգար անոնց շեղումը իր գիծէն կամ խնկարկումը այլոց: բ) Իրէն մրցակիցներէն շատեր, չէզոքացնելու կամ սիրաշահելու համար, պաշտօններ, հանգամանքներ ու դիրքեր «բաշխեցէ (որոնց մէջ առանձնակի օրինակ մըն է Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան նախագահ Արթիւր Բաղդասարեանը), ինքզինք աւելի ապահով ու կայուն զգալու համար: գ) Գրեթէ ամենօրեայ յաճախականութեամբ, այցելութիւններ տուաւ խայտաբղէտ կեդրոններ, իր ներկայութիւնն ու հոգատարութիւնը զգացնելու միտումով (սակայն, քիչ արդիւնաւէտութեամբ ու նպաստաւորութեամբ): դ) Տարբեր բնագաւառներու ու մարզերու անուանի (եւ ոչ-անուանի՞) անձնաւորութիւններու վրայ տեղացուց շքանշաններու ու պարգեւներու (գլխապտոյտ պատճառող) տարափ մը, առ որ անկ է հասկցնելու իր գնահատող եւ արժեւորող ըլլալու բացառութիւնը: է) Արտաքին յարաբերութիւններ հաստատելու կամ վերանորոգելու միտումով, բոլորին հետ լաւ ըլլալու, բոլօրէն կարեւորուելու յատուկ ճիգ մը ցուցաբերեց: Այս բոլօրէն աւելի, սակայն, Սարգսեանի վերադարձը, ի վաղուց անտի, նշմարելի էր (ու է), երբ գործեց ու կը գործէ նախագահական բացարձակատիրութեամբ, խորհրդարանական ու կառավարական կառոյցները շրջանցելով, աւելին` իրէն ենթարկելով կամ իրմէ կախեալ պահելով զանոնք: Ռոպերթ Քոչարեան (ձախին) եւ Սերժ Սարգսեան Իր առաջադրումէն ասդին, Սարգսեան նոր հեւքի մը մէջ է, ի լուր, օրինակի համար, Ռոպերթ Քոչարեանի մը հաւանական թեկնածութեան, որ արդէն «ուրուականէի դերակատարութեամբ կը դեգերի ներսն ու դուրսը: (Ի միջի այլոց, Քոչարեանի նախագահական պալատ հասնելու յաւակնութիւնը, պէտք է հիմնովին բացառուի, շա՜տ պարզ տրամաբանութեամբ, որ իր չարաբաստիկ նախագահութեան շրջանին, տեղի ունեցան զոյգ սպանդներ. 29 Հոկտեմբեր 1999ի եւ 1 Մարտ 2008ի, իսկ ասոնց «Պատասխանատուութիւնէը, այս կամ այն ձեւով, կ'իյնայ իր վզին… Հայրենի ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ այս աննախընթաց ու ցարդ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները եւ այդ հիմամբ ալ պէտք է վերաբերուի այս թղթածրարին հետ): Սերժ Սարգսեան. լաւ՛ կը ճանչնայ իր երբեմնի բարեկամ` Ռոպերթը, որուն հետ երկա՜ր ճամբայ կտրած է ու գիտ» անոր խորամանկութիւնները, ծանօթ է անոր մեքենայութիւններուն, հետեւաբար, երբ նախագահական ընտրութիւնները մօտալուտ էն, չի կրնար անտարբեր մնալ, չի կրնար ձեռնածալ նստիլ անոր «Շարժումներուն» նկատմամբ: Որոշապէ՛ս, այս է տեղի ունեցողը Հայաստանի պետական շրջանակներուն մէջ` պաշտօնափոխութեանց, պաշտօնակոչութեանց եւ, զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, պաշտօնանկութեանց (այս մէկը «Սովորական» ըլլալով անկախ Հայաստանի մէջ): Հերքումները, ուրացումներն ու ժխտումները ո՛չ մէկ արժէք կամ արդարացում ունին, պատահածները ըլլալով «Կենդանի իրականութիւններ»: Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի «Բեմադրական յեղաշրջումէը ուրիշ ի՞նչ ձեւով կը բացատրուի, երբ կը նշանակուի, Հանրապետական կուսակցութեան կողմ», նախընտրական գործընթացի ու քարոզչութեան ղեկավար: Ասիկայ չի՞ նշանակեր, թէ գործող նախագահը, մեղմ ըսած, օգտագործելով իր նախագահական իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները, տենդագին լծուած է իր աթոռը պահելու, «Կասկածելիեները հեռացնելով, իսկ «Վստահելիեները` բարձրացնելով: Յստակ է, որ Սարգսեան, իր այս միջոցառումներով, կը փորձէ «Բաց պատուհաններն ու դռներըէ ոչ միայն փակել, այլեւ ամրացնել, հեզասահ անցումի մը հեռանկարով, որուն համար պատրաստ է ամէն մարտահրաւէր դիմագրաւելու: * * * Այս առիթով, առանց մասնաւորումներու, սակայն որոշակի դիտարկումներու արձանագրութեամբ, կ'արժ», գէթ հպանցիկ, անդրադառնալ այն սփիւռքահայերուն ու սփիւռքահայ հատուածներուն, որոնք հայրենի իրականութեան մասին երբ կը խօսին, զայն կը շփոթեն նախագահասիրութեան կամ իշխանասիրութեան հետ, զայն նկատելով անհպելի եւ անմերձենալի: Այս զգացականութիւնը, որ երբեմն ոմանց մօտ կը հասնի հիւանդագին ստրկամտութեան, հետաքրքրական է, որու՞ն` ի՛նչ նպաստ կը բերէ կամ որու՞ն հայրենասիրութիւնը կ'աւելցնէ եւ որունը՞` կը պակսեցն»: Այս երեւոյթը աւելի ցուցադրական ու տեսողական է մանաւանդ անոնց մօտ, որոնք անիրապաշտական եւ մակերեսայնական «Թրթիռեներով »կը մօտենան հայրենի իրականութեան, մերժելով (կամ չտեսնելով) առարկայական եւ ախտուատական երեսները տիրող կացութեան, որոնք իր «սեւ ու ճերմակէ, «Մութ ու լոյս» գոյներով արդէն իսկ կան: Փոխադարձաբար, հայրենի որոշ այրեր, գիտնալով սփիւռքէն եկած ու հնչած այս (դիւրաբեկ) տրամադրութիւնները, ըստ այնմ կը վերաբերուին անոնց հետ, այնքան ատէն որ «Շքանշանեները »կը խօսին, կը յամենան, կը զրնգան, կը բոցկլտան, կը բոցավառեն ու… կը բոցավառուին: Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Լիբանան
  -   Յօդուածներ