ՖրանսիայիՀայԴատիԳրասենեակըբացատրութւինեւհանդիպումկըպահանջէԱլէնԺւիփէէն


ՖրանսիայիՀայԴատիԳրասենեակըբացատրութւինեւհանդիպումկըպահանջէԱլէնԺւիփէէն

  • 14-12-2011 15:29:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
(Փարիզ) – Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը պաշտօնական լրատուութեամբ կը հաղորդէ, որ ֆրանսական Ծերակոյտի պատկանող սրահներուն մէջ 8 Դեկտեմբերին Ազրպէյճանի դեսպանատան եւ ծերակուտական Նաթալի Կ'ուլէի միացեալ նախաձէոնութեամբ կազմակերպուած կլոր սեղանին ընթացքին, Եահկ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի (որ յառաջիկայ 1 3ունուարին կը փոխարինուի Ժաք Ֆոր-ով) անընդունելի յայտարարութիւնը դժգոհութեան, մտահոգութեան եւ ընդվզումի խոր ալիք յառաջացուցած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ: Ֆասիէ յայտարարած էր. «Կը հասկնամ Ազրպէյճանի ցաւը: Այս երկրին հողերը բռնագրաւուած էն: Իբրեւ ֆրանսացի լաւ կը հասկնամ ի՛նչ կը նշանակէ բռնագրաւում»: Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան կը յայտնէ, որ Ֆասիէի այս անհասկնալի յայտարարութիւնը կը հակասէ առաջին հերթին իր միջնորդի դերին, որովհետեւ յստակ կողմնորոշում կը դրսեւորէ, ապա նաեւ կը հակասէ լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով Ֆրանսայի հաւասարակշռուած քաղաքականութեան: Վարժապետեան կեզրափակէ՛. «Այս եւ ընդհանրապէս վերջին երկու ամիսներուն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմ» կատարուած երկու այլ յայտարարութիւններու առիթով (Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Փարիզի մէջ պատմաբաններու խորհրդաժողով հրաւիրելու եւ Սուրիոյ թղթածրարին գծով Թուրքիոյ օժանդակութիւնը խնդրելու Ալէն Ժիւփէի յայտարարութիւնները) արտաքին գործոց նախարար Ժիւփէէն գրաւոր նամակով բացատրութիւն պահանջեցինք եւ` շտապ հանդիպում, յստակացնելու այս անընդունելի կեցուածքները, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր առիթով արդէն իսկ ֆրանսական մամուլին ու հասարակական կարծիքին մօտ հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած ենք, ինչպէս նաեւ խիստ նամակներ յղած` խնդրոյ առարկայ նախարարին ու վարչապետին:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը