Էրտողանի շքախումբին վրայ ահաբեկչական եարձակում պիտի գործուէր Շըրնաքի ճամբուն վրայ


Էրտողանի շքախումբին վրայ ահաբեկչական եարձակում պիտի գործուէր Շըրնաքի ճամբուն վրայ

  • 24-05-2011 16:42:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ընտրական արշաւը հասած է իր ամէնէն կրակոտ ու բախտորոշ օրերուն ու կուսակցութիւնները ամէն միջոցի կը դիմեն զիրար վարկաբեկելու ու քուէարկուներու քուէները իրենց կողմ սիրաշահելու համար։ Սա վերջին օրերուն Մէ-հէ-փէ բաւական լուրջ հարուած կրեց »գասէթներու տագնապ« կոչուած պատահարի հետեւանքով՝ երբ բարձրաստիճան ղեկավարներ ստիպուեցան հրաժարիլ իրենց մտերմիկ կէանքէն գաղտնաբար առնուած անպատշաճ ժապաւէններու սպառնալիքի դիմաց։ Մէ-հէ-փէի Պաշքալէի նահանգային կազմակերպութիւնն ալ խմբովին հրաժարեցաւ այս կուսակցութենէն ու անցաւ Պէ-տէ-փէին։ Երէկ սակայն ապահովութէան պաշտօնէաները երեւան հանեցին նոր դաւադրութիւն մը որ պիտի սարքուէր Վարչապետ Էրտողանին դէմ։ Վարչապետը ընտրական հանրահաւաքի պիտի երթար դէպի Շըրնաք ու Պաթման։ Շըրնաքի ճամբուն վրայ, Սէյիւթչայ կոչուած կամուրջի տակ ապահովութէան ուժերը երեւան հանեցին 45 քիլօ ծանրութէամբ պայթուցիկ, որ հաւանաբար պիտի գործածուէր Վարչապետ Էրտողանի շքախումբին դէմ։ Ինչպէս պիտի յիշուի, 4 Մայիսին ալ Գասթամոնուի մէջ ահաբեկչական եարձակում մը գործուած էր Էրտողանի ընտրական շքախումբին վրայ։ Կը թուի թէ այս մէկը երկրորդ փորձ մը պիտի ըլլար շքախումբի անդամներուն դէմ, Վարչապետը հոն ըլլար կամ չըլլար։ Այս անգամուան պայթուցիկները շատ ազդու էին, ռումբի մասնագէտ մը ըսաւ որ եթէ այս ռումբերը պայթէին, մէկ հոգի իսկ չէր փրկուեր։ Պաթմանի ու Շըրնաքի հանրահաւաքները պիտի կայանան այսօր ու ապահովութէան ուժերը արտակարգ միջոցառումներու դիմած են։ Հաքքարիի Մէջ Վարչապետ Էրտողան երկու օրէ ի վեր ծանր բառերով կը դատապարտէ Հաքքարիի հանրահաւաքի ընթացքին խանութներու ցուցափեղկերը գոցելու միջոցաւ իրեն դէմ կատարուած բողոքը։ Արդարեւ Էրտողանի հանրահաւաքի կապակցութէամբ բոլոր խանութպանները ցուցափեղկ իջեցուցած ու խանութները գոցած էին։ Վարչապետը երկու օրէ ի վեր տեղւոյն քաղաքապետութիւններուն ու իշխանութիւններուն կը վերագրէ այս ցոյցը ու կը պնդէ որ քաղաքացիները իրենք չէ՛ որ գոցեցին խանութները, այլ վերիններուն հրահանգով գոցել ստիպուեցան։ Կը պնդուի որ Փքք-ն է որ կազմակերպած է Էրտողանի դէմ այս բողոքի ցոյցը։ Իսկ երէկ նոյն քաղաքին մէջ խանութները իրենց ցուցափեղկերը չիջեցուցին երբ հանրահաւաքի եկած էր Ճէ-հէ-փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու։ Քըլըճտարօղլուի ի պատիւ բոլոր պողոտաները մաքրուեցան ու աւլուեցան, աղբերը հաւաքուեցան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը