Ֆրանսիայի նախագահը խստորեն դատապարտել է թուրք վարչապետի կեցվածքը


Ֆրանսիայի նախագահը խստորեն դատապարտել է թուրք վարչապետի կեցվածքը

  • 28-12-2011 00:01:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ֆրանսայի նախագահը, Փրակայի ֆրանսական դեսպանատան մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, շատ յանդուգն արտայայտութիւններ ունեցած է։ Չեխիոյ նախկին նախագահ՝ Վաքլաւ Հաւելի յուղարկաւորութեան առիթով Փրակա իր այցելութեան ընթացքին, Դեկտեմբեր 23ին, Սարքոզի Ֆրանսայի հասցէին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի վարկաբեկիչ յարձակումներուն պատասխանած է ինքնավստահ ու համոզուած։ Լրագրողի հարցում.− Պարոն նախագահ, Եւրոպայի սահմաններուն կայ երկիր մը՝ Թուրքիան, որ շատ զայրացած է Ֆրանսային, անոր Ազգային Ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցած օրէնքի քուէարկութենէն ետք, որ պատժելի դարձուց բոլոր ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս առտու Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց թէ Ֆրանսա ալ ցեղասպանութիւն գործած է եւ ձեզ ամբաստանեց ընտրական հաշիւներու համար՝ մահմետականին եւ Թուրքին դէմ ոխ հրահրելով: Ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը: Նկատի առնելով բոլոր հակազդեցութիւնները, այս օրէնքը, ի վերջոյ, անտեղի չէ՞ր: Նիքոլա Սարքոզի.- Ինչ ալ ըլլան պարագաները, պէտք է մնալ պաղարիւն եւ հանդարտ: Ֆրանսա կը ճշդէ, գերիշխանաբար, իր քաղաքականութիւնը. Ֆրանսա արտօնութիւն չի խնդրեր, Ֆրանսա համոզումներ ունի՝ Մարդկային իրաւունքները, Յիշատակի յարգանքը: Ֆրանսա, տասը տարի առաջ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնք մը: 1.500.000 Հայեր ջարդուած են: Խորհրդարանին առջեւ այսօր դրուած հարցը հետեւեալն էր. այդ ցեղասպանութեան ճանաչումը կ?ենթադրէ՞, թէ զայն ժխտողները հաշիւ պէտք է տան: Ա՛յդ որոշեց Ազգային Ժողովը: Ֆրանսա սկզբունքներ ունի, կը տեսնէք՝ պարոնը պատգամ մը կը փոխանցէ. իւրաքանչիւր երկիր պէտք է ջանք թափէ՝ իր անցեալին հետ առերեսելու: Ֆրանսա ո՛չ մէկուն դաս կու տայ, բայց ոեւէ մէկէն դաս ալ չունի ստանալիք: Հարցում.− Չէ՞ք վախնար, օրինակ, տնտեսական հակադարձ պատժական քայլերէ: Նիքոլա Սարքոզի.- Պարոն, կա՛ն սկզբունքներ, կա՛ն համոզումներ: Կը յարգեմ մեր թուրք բարեկամներուն համոզումները. մեծ երկիր մըն է, մեծ քաղաքակրթութիւն մը: Սակայն, անոնք ալ պէտք է յարգեն մե՛ր համոզումները: Հարցում.− Տնտեսական տագնապի շրջան մը կը բոլորենք: Թուրքիոյ հետ ծայր առած այս տագնապը պերճանք մը չէ՞, զոր Ֆրանսա չի կրնար ինքն իրեն արտօնել: Նիքոլա Սարքոզի.- Տիկին, ձեր համոզումները պաշտպանելը երբեք պերճանք մը չէ: Ձեր համոզումներէն տեղի տալ կը նշանակէ թուլութիւն: Եւ ուշ թէ կանուխ, օր մը կը վճարէք թուլութեան գինը: Այսօր հոս՝ Փրակա եկած ենք: Համայն Եւրոպա համախմբուած է Վաքլաւ Հաւելի յիշատակին շուրջ: Ի՞նչ է անոր պատգամը: Ունենալ համոզումներ, պայքարիլ անոնց համար, քարոզել երկխօսութիւն եւ յարգանք: Վերանայիլ ձեր անցեալին եւ անկէ դասեր քաղել ձեր ապագային համար: ԻԱ. դարուն սկիզբն ենք: Ի. դարը եղաւ մեծ աղէտներու, մեծ ցեղասպանութիւններու, ոճրային մեծ գաղափարներու դարը: Մարդիկ բարձրացան ատոնց դէմ: Լեհաստանի մէջ՝ Վալեզա, Հարաւային Ափրիկէի մէջ՝ Մանտելա, հոս՝ Վաքլաւ Հաւել, ըսելու համար թէ կրնա՛նք փոփոխութիւն բերել խաղաղութեամբ, թաւշեայ յեղափոխութեամբ, միակամութեամբ եւ համախմբումով: Այս մարդիկը իրենց համոզումները դասեցին ամեն բանէ վեր: Մանտելա 28 տարի բանտը մնաց: Հաւել, նոյնպէս, տարիներով մնաց արգելափակեալ, Վալեզան՝ բոլորը գիտեն. կրնամ դեռ աւելցնել Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը: Ահաւասիկ, խօսքը համոզումի մասին է եւ կարելի չէ սակարկել համոզումներու շուրջ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը