<br /> Արաբական մամուլ Թուրքիա-սուրիայ եարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին <br />



Արաբական մամուլ Թուրքիա-սուրիայ եարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին

  • 19-05-2011 17:37:06   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիա-սուրիայ ԵԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՏԹԱՐԱՑՈՒ՞Մ (արաբական մամուլի տեսութիւն) Հ.յ.դ. Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենէակը պատրաստած է արաբական մամուլի հետեւէալ տեսութիւնը՝ Թուրքիա-սուրիայ եարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին. Սուրիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն, բարեկար-գումներ պահանջող ցոյցերուն եւ ապահովական խախտումներուն լոյսին տակ, Սուրիա-թուրքիայ եարաբերութիւնները ցնցումներ կ’ապրին։ Ըստ արաբական մամուլին, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի եարաբերութիւններուն այս խախտումը անցողակի պարզ հանգրուան մը կարելի չէ համարել, այլ՝ նոր հանգրուանի մը սկիզբը։ Սակայն, ներկայիս այդ հանգրուանին եատկանիշները կը մնան աղօտ եւ տակաւին կանուխ է զանոնք նկարագրել։ Սուրիոյ հանդէպ Թուրքիոյ բացուելու քաղաքականութիւնը, կ’իյնար Պալքաններէն մինչեւ Կովկաս եւ Ռուսիայէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ երկիրներուն հանդէպ «բաց քաղաքականութիւն» վարելու Թուրքիոյ նախաձեռնութէան շրջագիծին մէջ։ Սակայն Թուրքիայ մասնայատուկ ուշադրութէամբ վարուեցաւ արաբական աշխարհին հետ, արաբական երկիրներուն հետ իր եարաբերութիւններուն հիմքը նկատելով ռազմավարական, աշխարհագրական, պատմական եւ քաղաքակրթական խորքը։ Իսկ Արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, Սուրիան Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն էր, նկատի ունենալով, որ դէպի արաբական աշխարհ մուտք գործելու Թուրքիոյ դարպասն էր անիկա։ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ եարաբերութիւնները աստիճանաբար բարելաւուեցան եւ հետզհետէ սկսան անձնական բնոյթ ստանալ։ Փոխեարաբերութիւններու ամրապնդման ծիրին մէջ Թուրքիայ նպաստեց Սուրիոյ դէմ ճնշումները նուազեցնէու առաքելութէան, վերջ տալով թրքական այն սպառնալիքներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային սահմանները կը խանգարէին։ Ան նեցուկ կանգնեցաւ Դամասկոսի, որ մնայուն կերպով ամերիկէան սպառնալիքներու կ’ենթարկուէր եւ որուն դէմ լուսանցքայնացումի քաղաքականութիւն կը գործադրուէր՝ Իրաքի դէմ ներխուժումին ընթացքին, ինչպէս նաեւ անկէ ետք՝ Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութէան ամբաստանութիւնը Սուրիոյ վերագրելու ընթացքին։ Թրքական այս զօրակցութէան զուգահեռ, Սուրիայ իր կարգին շարք մը բարիքներ ընծայեց Թուրքիոյ։ Սուրիայ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ՝ Թուրքիոյ նոր պատկերը տարածելու իմաստով։ Աւելի՛ն. տասը տարուան դադարէ ետք, Դամասկոս Թուրքիոյ շնորհեց իր եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութէանց առումով միջնորդի դերակատարութիւն ունենալու «պատիւ»ը։ Իսկ որոշ ժամանակ ետք, Իսրայէլի կ'ողմէ Կ'ազայի դէմ գործուած բռնարարքներուն իբրեւ հետեւանք, երբ Իսրայէլ մերժեց թրքական միջնորդութիւնը, Սուրիայ կառչած մնաց անոր եւ իր կարգին մերժեց թրքականէն բացի որեւէ այլ միջնորդութիւն։ Միւս կ'ողմէ, հակառակ այն իրողութէան, որ երկու երկիրներուն միջեւ ջուրի հարցերրը կը մնան անլոյծ եւ Սուրիայ մնայուն կերպով կը տուժէ Եփրատի վրայ գործադրուող թրքական ծրագիրներէն, սուրիական վարչակարգը «աչք խփելու» քաղաքականութիւն ցուցաբերեց եւ մերժեց այդ իրականութիւնը հարցի վերածել եւ զայն արծարծել Արաբական Լիկային մէջ, ինչպէս կը պատահէր նախապէս։ Ընդհակառակն՝ նախագահ Ասատ ընդառաջեց Էրտողանի պահանջներուն եւ հակառակ Սուրիոյ կարիքներուն, Ասիի գետին ջուրերէն բաժին տրամադրեց Թուրքիոյ, ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական կապերը։ Այս բոլորին կողքին, Սուրիայ վերջ տուաւ նաեւ իրեն համար այնքան հարազատ հող նկատուող՝ Ալեքսանտրէթի պահանջին։ Ապահովակական գետնի վրայ, Սուրիայ առաւելագոյնս գործակցեցաւ Թուրքիոյ հետ, հալածանքի ենթարկելով Քրտական աշխատաւորական կ'ուսակցութէան մարտիկները՝ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ։ Քաղաքականութէան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եղաւ եաջողագոյնը, եատկապէս Սուրիոյ հանդէպ ցուցաբերուած թրքական «Ռազմավարական խորք» տարազին գործադրութէան ծիրին մէջ։ Այս առումով, Տաւութողլու իրականացուց իր երազը՝ առանց սահմաններու շրջան մը կերտելու առումով, որովհետեւ ըստ իրեն եւ Էրտողանի համոզումներուն՝ այդ սահմանները արդէն շինծու էին։ Այն ինչ որ Թուրքիայ ձախողեցաւ իրագործել Եւրոպական Միութէան հետ, եաջողեցաւ Սուրիոյ հետ, սկսելով երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ այցելութէան պարագային վիզաները ջնջելու դրութենէն, հասնելով մինչեւ սահմանները բանալու եւ մաքսատան եատուկ անցարգելներու գոյութիւնը վերացնելու իրականութէան, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործակցութէան խորհուրդի կազմութէան։ Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիայ կրցաւ քանդել Թուրքիոյ հանդէպ ստեղծուած ատելութէան եւ թշնամանքի հոգեբանութիւնը եւ առիթ տուաւ, որ Թուրիքայ սպիտակ թեւաւոր ձիու վրայ մուտք գործէ արաբական շրջանէն, խիղճէն եւ մշակոյթէն ներս։ * * * Բայց եւ այնպէս արաբական յեղափոխութիւններուն ծայր տալէն ու բողոքի այդ շարժումներուն Սուրիայ հասնելէն ետք, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ եարաբերութիւնները վերիվայրումներ ապրեցան։ Արաբական աշխարհի մէջ ծայր առած բողոքի այս ալիքին դիմաց Թուրքիայ իրարանցում դիմագրաւեց եւ բազմիցս հակասական կեցուածքներ որդեգրելով մատնացոյց եղաւ։ Սակայն Սուրիոյ պարագան տարբեր էր։ Թուրքիոյ համար Սուրիան իւրայատուկ էր ոչ միայն «ռազմավարական խորք»ի իր քաղաքականութէան եաջողութէան իմաստով, այլ՝ որովհետեւ Սուրիոյ ընկերային, եարանուանական եւ ազգային կառուցուածքը նման է Թուրքիոյ։ Սուրիոյ մէջ ծայր տուած բողոքի շարժումներուն մասին Թուրքիայ որդեգրեց հետեւէալ կեցուածքները. ա - Թուրքիայ կը զօրակցի փոփոխութէան եւ բարեկարգումին, զանոնք նկատելով անխուսափելի անհրաժեշտութիւն. բ - Յարկ է ցուցարարներուն հետ խաղաղութէամբ վարուիլ, ազատ արձակելով քաղաքական բանտարկէալներն ու մտաւորականները, վերջ տալով արտակարգ դրութէան, ինչպէս նաեւ վաւերացնելով քաղաքական այլազանութիւնը՝ իբրեւ նախապայման ժողովրդավարութէան կիրարկման. գ - Նախընտրաբար այդ փոփոխութիւնները կատարուին նախագահ Ասատի ղեկավարութէամբ, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի կ’ըլլայ մեծ պայթում մը շրջանցել եւ կայունութիւն հաստատել։ Այս առումով թրքական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ այցելեցին Սուրիայ, ուր անոնք նախագահ Ասատի հետ քննարկեցին այդ տեսակէտները գործադրելու հեռանկարները։ Սակայն, Սուրիոյ հանդէպ ցուցաբերուած թրքական այս «ազնիւ» կեցուածքները երբեք չեն կրնար արդարացնել Սուրիոյ դէմ եայտարարուած թրքական կեցուածքները եւ անպարկեշտ վերաբերումները, որոնք հսկայ եւ տարբեր հարցման նշաններ պատճառած եւ սուրիական-թրքական եարաբերութիւնները լաւապէս ցնցած են, այն աստիճան, որ եթէ այդ կեցուածքները շարունակուին երկու երկիրներուն միջեւ եարաբերութիւնները կը վերադառնան զէրօ կէտին (Սաֆիր, 17 Մայիս 2011)։ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բողոքի շարժումները հազիւ թէ սկսած էին, երբ թրքական մամուլն ու լսատեսողական զանազան լրատուամիջոցները փութացին նախագահ Ասատի անձին դէմ եարձակումներու արշաւի մը, զայն նկատելով արիւնարբու եւ բռնատէր, ինչպէս նաեւ հաստատումներ կատարելով, թէ Ասատի եւ Քազզաֆիի միջեւ հսկայ նմանութիւններ կան («Սթար», «Թիւրքիէ», «Ենի Շաֆաք» եւ «Զաման»)։ Անոնք սուր քննադատութիւններ կատարեցին նախագահ Ասատի հասցէին եւ մէկ օրէն միւսը ի եայտ եկաւ, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միասնականութէան ջատագով իսլամ ծայրայեղական յօդուածագիրներ մէկ օրէն միւսը փոխուեցան։ Սուրիոյ հանդէպ Թուրքիոյ այս կեցուածքները Էրտողան պատաճառաբանեց ըսելով. «Մեզի համար սուրիական հարցերը թրքական ներքին հարցեր կը նկատուին»։ Ըստ Սաֆիր օրաթերթին անբացատրելի է թրքական այս վարուելակերպը, նկատի ունենալով, որ թուրքերը իրենք են, որ ուսանելի դասերու եւ խորհուրդներու կարիքը ունին՝ սրբագրելու համար Օսմանէան կայսրութէան օրերէն ի վեր առկայ ազգային եւ եարանուանական իրենց հարցերը, ինչպէս նաեւ քրտական հարցը, որ 12 իւնիսի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կրնայ Թուրքիան վերածել եմէնական եւ սուրիական կացութէան մէկ այլ տարբերակին։ Սուրիոյ հանդէպ գործուած այս սխալները թերեւս կարելի է փոքր ու աննշան նկատել, սակայն կան այլ սխալներ, որոնք անընդունելի են եւ խորապէս գրգռիչ։ Այդ սխալներն են. ա) Թուրքիոյ կ'ողմէ սուրիական ընդդիմութիւնը ընդունելու եւ մամլոյ ասուլիսի իրաւունք եւ բեմ շնորհելու Սուրիոյ ընդդիմադիր Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մոհամետ Ռիատ Շաքֆէին. բ) Պոլսոյ մէջ հիւրընկալելու նոյն սուրիական ընդդիմութէան խորհրդաժողովը։ Սուրիական ընդդիմութիւնը հիւրընկալելու թրքական սխալը եառաջացուցած է սուրիական ներքին գերզգայնութիւն եւ թրքական այդ արարքը նկատուած է Սուրիոյ ներքին հարցերու միջամտութիւն։ Աւելի՛ն. վերջին քանի մը օրերուն, Էրտողան սկսած է հնչեցնել Սուրիոյ մէջ եարանուանական բաժանումի հաւանականութէան, ինչպէս նաեւ սիւննի-ալեւի սադրանքներու նախապատրաստութիւններուն ակնարկող եայտարարութիւններ, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն սուրիական գերզգայնութիւնները եւ կը նկատուին ուղղակի գրգռութիւններ, որոնք կը միտին Սուրիոյ կացութիւնը բարդացնել եւ երկիրը քայքայել։ Այս բոլորին կողքին, Թուրքիայ աշխուժ կերպով կ’անդրադառնայ նաեւ իբր թէ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններէն սուրիացի գաղթականներուն Անտիոք եւ Մերտին ժամանումին մասին։ Սուրիայ այս մէկը խստիւ կը քննադատէ, նկատել տալով, որ Թուրքիայ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սուրիական վարչակարգը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու իբրեւ արիւնարբու վարչակարգ մը, որ միայն իր քաղաքացիները սպաննելով չի բաւարարուիր, այլեւ՝ զանոնք բռնագաղթի կ’ենթարկէ։ Մինչդեռ, սուրիական իրադարձութիւնները լրացուցած են իրենց մէկուկէս ամիսը եւ ոչ իսկ մէկ քաղաքացի ուղղուած է դէպի թրքական սահմանամերձ շրջաններ, ուր թրքական Կարմիր մահիկին կ'ողմէ լարուած վրանները կը մնան դատարկ։ Իսկ Էրտողանի կ'ողմէ Սուրիոյ հարցերը թրքական ներքին հարցեր համարելու քայլը երբեք կարելի չէ արդարացնել, բացի անկէ, որ Թուրքիայ կը փափաքի միջամտել սուրիական ներքին հարցերուն։ Իսկ եթէ Էրտողանի արտայայտութիւնը արդարացնելու հաւանականութիւն կ'այ, ապա այդ մէկը պէտք է վերագրուի նաեւ Թուրքիոյ հարցերուն, որոնք համազօր պէտք է նկատուին Սուրիոյ, Իրաքի, քրտական իշխանութէան, Իւնաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ իւնական Կիպրոսի ներքին հարցերուն։ Յարկ է նշել, որ Սուրիոյ հանդէպ իր ցուցաբերած այս կեցուածքներով Թուրքիայ իր «ռազմավարութէան խորք» տարազին շնորհիւ ստեղծած բոլոր եարաբերութիւն-ները վատթարացուց, սկսելով Սուրիայէն, հասնելով մինչեւ Թեհրան, Պէյրութ եւ Պաղտատ։ Սուրիական կացութէան պարագային, Թուրքիայ կը դիմագրաւէ արտաքին քաղաքականութէան դժուար քննութիւն մը, որ արաբական այլ երկիրներու հետ նախապէս իր անցուցած քննութիւններուն հետ նմանութէան եզրեր չունի։ Իսկ Սուրիոյ հանդէպ թրքական կեցուածքները արդէն իսկ բաւական հարցականներ առթած են եւ Սուրիոյ խիստ քննադատութէան արժանացած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իր արտաքին քաղաքականութէան մէջ՝ «բոլօրէն նոյն հեռաւորութէան վրայ մնալու» սկզբունքը կիրառելու առումով, Թուրքիայ արդէն իսկ առաջին քննութէան մէջ ձախողած է եւ անոր «ռազմավարական խորք»ի տեսութիւնը հազիւ քանի մը տարի կրցած է դիմանալ, որպէսզի պատմութիւնը դարձէալ խզէ արաբական-թրքական եարաբերութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ քանդուած են դար մը առաջ՝ 1911-ին Իթթիհատ վէ Թերաքքը կ'ուսակցութէան գործած հսկայ սխալներուն պատճառով։ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ Սուրիոյ մջ արձանագրուած բողոքի ցոյցերուն մասին աննխատասելի եւ անսպասելի էին թրքական իշխանութէան ներկայացուցիչներուն կեցուածքները, որոնք ընդվզեցուցին Դամասկոսը եւ մղեցին անոր մամուլը սուր քննադատութիւններով պատասխանելու թրքական տեսակէտներուն։ Այս ծիրին մէջ կարելի է նշել՝ - 26 ապրիլին Էրտողանի կ'ողմէ Պաշշար Ասատի ուղղուած ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչը։ - 29 ապրիլին, Տաւութողլուի կատարած այն եայտարարութիւնը, թէ Թուրքիայ կը փափաքի, որ սուրիական վարչակազմը բարեկարգումներ կ'ատարէ եւ այդ իմաստով շօշափելի քայլերու դիմէ։ - Իսկ օր մը ետք՝ 30 ապրիլին, Թուրքիոյ դիւանագիտութէան պետին կ'ողմէ կատարուած այն հաստատումը, թէ Թուրքիայ կը մերժէ Սուրիոյ հարցերուն օտար միջամտութիւնները։ - Այս կեցուածքներուն կը միանան նաեւ, 2 մայիսին նախագահ Ապտիւլլայ Կ'իւլի եայտարարութիւնը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ Թուրքիայ եատուկ քայլերու պիտի դիմէ՝ եթէ Սուրիոյ մէջ եաւելէալ զարգացումներ արձանագրուին։ 2 մայիսը եատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ վարչապետ Էրտողան իր կարգին պայթեցուցած էր այլ կեցուածք մը, որուն մէջ ան մտահոգութիւն եայտնած էր, թէ սուրիական իշխանութիւններուն կ'ողմէ երկրին մէջ բռնի ուժի բանեցումը համազօր են նոր Համայի եւ Հալապժայի, պահանջելով վերջ տալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ բռնարարքներուն։ -12 մայիսին, Էրտողան այլ կեցուածքով մը կը շեշտէ, թէ ինք առաջարկած է Սուրիոյ կառավարութէան վարժեցնել ժողովրդավարական գործելաձեւի, աւելցնելով, որ իր առաջարկը մերժուած է, միաժամանակ հաստատելով, որ Թուրքիոյ համար Սուրիոյ հարցերը թրքական ներքին հարցեր կը նկատուին։ - 13 մայիսին, թրքական պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան կ’ըսէ. «Թէեւ Ասատ բարեկամս է, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ ան ուշացած է իր ժողովուրդին բարեկարգումներ շնորհելու առաքելութէան մէջ», ինչպէս նաեւ կ’ընդգծէ, թէ Ասատ պէտք չէ մերժէ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ունենալու սուրիացի ժողովուրդին պահանջները։ * * * Հոս յարկ է նշել, որ սուրիական օրաթերթերը իրենց կարգին քննադատեցին սուրիական վարչակազմին եւ նախագահ Ասատի դէմ կատարուած թրքական կեցուածքները։ Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը, թրքական կեցուածքները նկատեց եաւակնոտ, որոնք շատ արագ եւ գրեթէ կազմակերպուած կերպով հնչեցին Էրտողանի ձայնով՝ եւրոպական զանազան ամպիոններէ։ Սուրիական օրաթերթերը խստիւ դատապարտեցին Թուրքիոյ ցուցաբերած հակադրութիւնները, շեշտելով, որ սուրիական իրադարձութիւններուն հանդէպ անոր վարուելակերպը կրնայ շրջանային առումով նոր վերադասաւորումներ եառա-ջացնել։ «Ուաթան» հաստատեց, որ արաբական-իսլամական աշխարհին մէջ ինքզինք իբրեւ «հրաշք բուժում» ծանուցող «թրքական նմուշ»ը դէմ եանդիման կը գտնուի լուրջ քննութէան մը, որուն արդիւնքներով կրնայ որոշուիլ իր իսկ ճակատագիրը։ Հ.յ.դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ 19 Մայիս 2011
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը