ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայկական Յաջողութիւնները Պաշարումի Մէջ Պահած Են Թուրքիան Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն Շատ Աւելի Առաջ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայկական Յաջողութիւնները Պաշարումի Մէջ Պահած Են Թուրքիան Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն Շատ Աւելի Առաջ

  • 09-01-2012 10:35:25   |   |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 2011ին Թուրքիոյ ղեկավարները թոյլ տուին լուրջ մարտավարական սխալի մը: Զանոնք այնքա՛ն մտահոգած էր 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գալիք «ցունամին», որ անտեսած էին աւելի անմիջական քաղաքական փոթորիկները: Հայերը արագօրէն օգտուեցան Թուրքիոյ բացթողումէն՝ հասնելով շարք մը յաջողութիւններու. 1- Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծ. 2- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն վերադարձնել հայկական եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ իրենց օրինական տէրերուն. 3- Իսրայէլի Խորհրդարանական յանձնաժողովը հանրային քննարկումներ սկսաւ իրականացնել, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ. 4- ԱՄՆ Դաշնակցային դատարանը կրնայ շուտով հեռակայ վճիռ մը կայացնել՝ ընդդէմ Թուրքիոյ հանրապետութեան: Հակազդելով Ֆրանսայի անդրդուելի նախագահին, որ չնահանջեց վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու առջեւ՝ Թուրքիան սկսաւ կուրօրէն աջ ու ձախ հարուածել՝ աւելի խորացնելով իր խնդիրները եւ խոչընդոտելով իր թեկնածութիւնը Եւրոպական Միութեան: Փարիզէն յետ կանչելով իր դեսպանը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքզինք զրկեց հմուտ դիւանագէտի մը ծառայութենէն, այնպիսի կարեւոր ժամանակահատուածի մը, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը պատրաստուի ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը: Դատելով նախկին փորձէն՝ Թուրքիոյ դեսպանը շուտով պիտի վերադառնայ Փարիզ, եւ այդպիսով իր թատերական յետկանչը պիտի դարձնէ ապարդիւն գործելակերպ եւ պիտի արժանանայ դիւանագիտական համայնքի ծաղրանքին: Յետ կանչելով իր դեսպանը ամէն անգամ, երբ որեւէ երկիր ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ ընդունի Անգարայի ցանկութիւններուն հակառակ որոշում մը՝ Թուրքիան պարզապէս ինքզինք կը մեկուսացնէ արտաքին աշխարհէն: Թուրքիան իր շահերուն ա՛լ աւելի վնաս հասցուց՝ սպառնալով պոյքոթի ենթարկել «ոչ բարեկամ» համարուող երկիրներէն ներածուած ապրանքները: Թուրքիան պարզապէս կը վնասէ իր սեփական տնտեսութեան՝ այլ աղբիւրներէ ցածրորակ ապրանքներ գնելով՝ աւելի բարձր գիներով: Աւելին, եթէ Թուրքիա դադրի գնելէ բարձր արհեստագիտական (տեխնոլոգիական) ապրանքներ, ինչպիսին են մարդատար օդանաւերն ու արդիական հրթիռները՝ զանոնք արտադրող այն սակաւաթիւ երկիրներէն, ապա Թուրքիան կ՛ունենայ միայն օդային փոխադրութեան հինցած համակարգ, ինչպէս նաեւ՝ ռազմական թոյլ ուժ: Այնուամենայնիւ, վերջին օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը վախնալով՝ հրաժարեցաւ ֆրանսական ապրանքները պոյքոթի ենթարկելու իր ճոռոմ սպառնալիքներէն, երբ հասկցաւ, թէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը խիստ պատիժներ պիտի կիրառէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ վերջինս խախտէ իր անդամակցութեան պայմանները: Անդրադառնալով եկեղեցիները վերադարձնելու ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւին՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական մեծածախս ընկերութիւնները ամբողջութեամբ անպատրաստ էին դիմակայելու նման զգայուն հարց մը: Անոնք մեծ փորձառութիւն ձեռք բերած են Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու հարցով, սակայն ոչ մէկ գաղափար ունէին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պայքարին այսպիսի օրինագիծի դէմ, որով կը պահանջուէր վերադարձնել եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ իրենց համապատասխան քրիստոնէական համայնքներուն: Հետեւաբար, բանաձեւը ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակցութեամբ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին եւ բոլոր անդամներու աւելի քան երկու երրորդ ձայներով: Առաջին անգամ ԱՄՆ Քոնկրեսը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը պահանջէ, որ Թուրքիան վերականգնէ Ցեղասպանութեան զոհերուն իրաւունքները, այլ ոչ թէ պարզապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Գալիք տարիներուն եւ ամիսներուն, հայերը միջազգային կազմակերպութիւններուն, բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն, ինչպէս նաեւ ինքնի՛ն Թուրքիոյ կառավարութեան պիտի ներկայացնեն իրենց պահանջներուն ամբողջական ցանկը: Երրորդ դրական զարգացումը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, երբ Քնեսեթի Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովը, աննախադէպօրէն՝ երեք ժամ տեւողութեամբ հանրային լսումներ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, հակառակ Թուրքիոյ, իրեն քծնող Ատրպէյճանին եւ Նեթանիահուի կառավարութեան ճնշումին: Պատկերասփիւռներու խցիկներուն առջեւ եւ ոչ թէ փակ դռներու ետին կայացած այս քննարկումը, կ՛ակնկալուի, որ պիտի շարունակուի աւելի ուշ: Իսրայէլի կառավարութեան պատիւ չի բերեր, որ ան շարունակէ խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ յուսալով, որ կրկին պիտի շահի Թուրքիոյ վստահութիւնը եւ զինակցութիւնը: Զանգուածային սպանութիւններ իրականացնողի մը հետ քաղաքական խաղեր խաղալու փոխարէն, նախընտրելի է, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յանուն ի՛ր իսկ հեղինակութեան: Վերջին նպաստաւոր զարգացումը ԱՄՆ Դաշնակցային դատարանին կողմէ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ երկու հայցերով հաւանական հեռակայ վճիռ արձակելն է. այդ վճիռով կը պահանջուի հատուցում կատարել Ցեղասպանութեան ժամանակ առգրաւուած հայկական կալուածներուն դիմաց: Նման վճիռ մը խիստ զգուշացում պիտի ըլլայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, առ այն, որ անոնք այլեւս չեն կրնար վայելել Ցեղասպանութեան զոհերու արիւնոտ դրամներէն ստացուած ու անարդարօրէն վաստակած գումարները: 2015ին սպասուելիք հայկական «ցունամի»էն տակաւին շատ առաջ, Թուրքիան շարունակաբար կը բախի ճնշումներու, որոնք կ՛առնչուին մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աւելի մեծ յարգանքի, քիւրտերու ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական աւելի խիստ պահանջներու, միաժամանակ ունենալով լուրջ խնդիրներ գրեթէ իր բոլոր հարեւաններուն հետ: Ներքին եւ արտաքին լուրջ մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած թրքական վարչակարգը, նուազ վտանգ կը սպառնայ թէ՛ իր բնակչութեան եւ թէ իր հարեւաններուն, եւ շատ հաւանական է, որ լուծէ անցեալի անարդարութիւնները եւ ներկայի հակամարտութիւնները: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ