Անգարայի Մայր Քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէ ալճերիացիներու յիշատակին յուշարձան մը կանգնել


Անգարայի Մայր Քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէ ալճերիացիներու յիշատակին յուշարձան մը կանգնել

  • 11-01-2012 20:02:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ֆրանսայի Խորհրդարանի կողմէ ցեղասպանութեան պատժելիութեան օրինագիծը իր դրոշմը թողուց նաեւ Անգարայի Մայր Քաղաքապետութեան 2012ի առաջին արտակարգ ժողովի վրայ ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները գաղափարի փոխանակում ունեցան Ֆրանսայի դէմ առնուելիք »պատժամիջոցներ«ու շուրջ: Որպէս փոխադարձութիւն, քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց ալճերիացիներու յիշատակը անմահացնել մայրաքաղաք Անգարայի մէջ. այսպէս որոշուեցաւ մայրաքաղաքի Փարիզ պողոտայի անունը փոխել Ալճերիա փողոցի, Տէ Կոլ պողոտայի անունը` ալճերիացի ազգային հերոսի մը անունով անուանափոխել, բացի ատկէ Ֆրանսայի դեսպանատան մերձակայքն ալ յուշարձան մը կանգնել` ցեղասպանութեան զոհ ալճերիացիներու յիշատակին: Քաղաքապետական խորհուրդը այժմ կը սպասէ Ծերակոյտի որոշման, որպէսզի ճշդէ յետագայ քայլերը: Միւս կողմէ, նշուեցաւ որ Կազի համալսարանի գեղարուեստի ֆաքիւլթէի փոխ-տեսուչը առաջարկած է որպէսզի իրենց ֆաքիւլթէն պատրաստէ այդ յուշարձանը: «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը