Ֆրանսացի գրողը »Ցեղասպանութեան« բանաձեւը վաւերացնելու կոչ կ'ուղղէ


Ֆրանսացի գրողը »Ցեղասպանութեան« բանաձեւը վաւերացնելու կոչ կ'ուղղէ

  • 11-01-2012 20:29:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Ֆրանսացի յայտնի գրագէտ Պէռնար Անրի Լեւի ամերիկեան »Հաֆֆինկթըն Փոսթ« օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը կոչ ուղղեց որպէսզի ֆրանսացի ծերակուտականներ վաւերացնեն »հայոց ցեղասպանութեան« պատժելիութեան օրինագիծը: »Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրինագիծը, որուն նպատակն է պատժել ժխտողները, չ’առաջարկեր պատմութիւն գրել պատմաբաններու փոխարէն այն պարզ պատճառով, որ պատմաբաններ արդէն շատոնց կատարած են իրենց պարտականութիւնը«, կը գրէ Լեւի, անտեղի նկատելով թուրք քաղաքական գործիչներու այն պնդումները, թէ Խորհրդարանները նման հարցերով պէտք չէ զբաղին: Նշելով որ ո՛չ մէկ լուրջ պատմաբան կասկածի տակ կը թողու »Հայկական ցեղասպանութեան« իրողութիւնը, Լեւի կ’ընդգծէ թէ ժամանակն է որպէսզի ծերակուտականներ աւարտեն այս գործընթացը, »առանց ահաբեկուելու պատմաբաններու փոքր խումբի մը կողմէ«: «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը