Մինչ Ֆրանսան Կը Սեղմէ Օղակը, Թուրքիան Արտառոց Խօսքերով Եւ Գործերով Կը Հակազդէ


Մինչ Ֆրանսան Կը Սեղմէ Օղակը, Թուրքիան Արտառոց Խօսքերով Եւ Գործերով Կը Հակազդէ

  • 20-01-2012 10:40:02   |   |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ ղեկավարները պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ իրենք չեն վախնար իրենց երկրի անցեալին հետ առճակատուելէն: Սակայն, հազիւ թէ ոեւէ մէկը անոնց յիշեցնէ իրենց պատմութեան ամենամութ դրուագները, անոնք կը մատնուին խուճապի եւ հանդէս կու գան բուռն արձագանգներով: Թուրք պաշտօնատարներուն արտասովոր վարքագիծի վերջին օրինակը անոնց արձագանգն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ուղղուած Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններուն: Հակառակ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն եւ հակադարձ քայլերուն, 2011ի Դեկտեմբեր 22ին, Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց օրինագիծը, եւ կ՛ակնկալուի, որ Ծերակոյտը զայն հաստատէ 2012ի Յունուար 23ին: Ստորեւ՝ Ֆրանսային եւ ֆրանսական ամէն ինչին ուղղուած՝ Թուրքիոյ արտառոց հակազդեցութիւններէն քանի մը օրինակ. - Վարչապետ Էրտողանը մեղադրեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հայրը՝ Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասնակցելու համար, երբ վերջինս կը ծառայէր ֆրանսական բանակին մէջ: Սարքոզիի հայրը իր կարգին հակադարձեց՝ խորհուրդ տալով Էրտողանին կարդալ իր կենսագրութիւնը եւ ըսելով, թէ ինք երբե՛ք ոտք չէ դրած Ալճերիա: - Իր երկրին կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու համար, Էրտողան մեղադրեց Ֆրանսան Ալճերիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» իրականացնելու մէջ: Սակայն Էրտողան շշմեցաւ, երբ Ալճերիոյ վարչապետ Ահմետ Օյահիա յանդիմանեց զայն Ալճերիոյ ժողովուրդին արիւնը քաղաքական շահարկում նիւթ դարձնելուն համար: Օյահիա նաեւ մեղադրեց Թուրքիան անթիւ ալճերիացիներու մահուան կապակցութեամբ, երբ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին ան Ֆրանսային զինամթերք կը մատակարարէր, ինչին համար ալ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Օզալ ներողութիւն խնդրեց Ալճերիայէն: - Անցեալ շաբաթ Անգարայի քաղաքապետը յայտարարեց, թէ Քաղաքային խորհուրդը որոշած է «Փարիզ» փողոցը վերանուանել «Ալճերիա» փողոց, իսկ «Շարլ Տըկոլ» փողոցը՝ ի պատիւ ալճերիացի ոեւէ հերոսի, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ կանգնեցնել ալճերական «ջարդեր»ուն նուիրուած յուշարձան: - Թրքական գործարանները ջերմեռանդութեամբ կ՛արտադրեն Սարքոզիի անունով զուգարանի թուղթ, աղբի տոպրակներ եւ մանուկներու շորիկներ, իսկ Ֆրանսայի պատգամաւոր Վալերի Պոյերի պատկերով՝ պահպանակներ. նաեւ թուրք «hաքըր»ներու (կայքահէններ) խումբ մը ներխուժեց Ֆրանսայի օրէնսդիրներու կայքերը եւ սպառնաց բռնաբարել տիկին Պոյերը ու սպաննել անոր երեխաները: - Թուրք դասախօս Օյա Աքկոնենչ գրած է ծիծաղելի յօդուած մը՝ «Հայկական Իրադարձութիւնները՝ Հայաստան, Ֆրանսա Եւ Ամերիկա Եռանկիւնին Մէջ» խորագիրով: Ան մատնանշած է Թուրքիոյ դէմ երեք «վտանգաւոր յարձակողները», որոնց մականունները կը սկսին «Ս» տառով. «Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին, Հայաստանի Սարգսեանը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիի ղեկավար Սասունեանը»: - Թէեւ Թուրքիան կոչ ըրած էր պոյքոթի մատնելու ֆրանսական ապրանքներն ու ծառայութիւնները, Թուրքիայէն դէպի Փարիզ թռիչքներու տոմսերը ամբողջութեամբ վաճառուած էին, քանի որ արձակուրդներուն ընթացքին Ֆրանսա այցելող թուրքերուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ աճած է 10 տոկոսով: Նոյնպէս, 2001ին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, այս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի մարզին մէջ արձանագրուեցաւ 30 տոկոսի աճ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի դէմ հռչակուած պոյքոթին: - Ֆրանսա-ալճերացի գործարար Ռաշիտ Նեքազ, որ Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ժամանակ հպարտութեամբ յայտարարած էր՝ «Ես զիս որպէս թուրք կը զգամ», յայտնեց, թէ կը ստեղծէ մէկ միլիոն եուրոյի չափով (1.3 միլիոն տոլար) հիմնադրամ մը՝ վճարելու համար Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումի մեղադրանքով ձերբակալուած իւրաքանչիւր թուրքի 45,000 եուրոյի տուգանքը: Պարոն Նեքազի մոռցաւ տեղեկացնել թուրք մերժողականները, թէ Ֆրանսայի այդ նոյն օրէնքը կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն, զոր իր հիմնադրամը չի կրնար կանխել: - Թրքական լրատուական գործակալութեան ղեկավարը կոչ ըրաւ փակելու Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական դպրոցները եւ արգիլելու ֆրանսերէնի դասաւանդութիւնը՝ թրքական դպրոցներէն ներս: Նման անհեթեթ յայտարարութիւններուն թիւը պիտի բազմապատկուի շուտով, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող բանաձեւը եւ նախագահ Սարքոզին իր ստորագրութեամբ օրէնքի ուժ տայ անոր, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ֆրանսայի երկու մեծագոյն կուսակցութիւնները յայտնած են իրենց սատարումը հայկական բանաձեւին: Պատկերացուցէք թուրք ղեկավարներուն պոռթկումները, երբ Ֆրանսայի մէջ թուրքեր ձերբակալուին՝ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքը խախտելու պատճառով: Թրքական ըմբոստութիւնները իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին, երբ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան միւս 25 պետութիւններուն առաջարկէ ընդունիլ հերքումը արգիլող նման օրէնք մը, ըստ որուն՝ թուրք մերժողականները պիտի ձերբակալուին եւ պատժուին ամբողջ Եւրոպայի տարածքին: Թուրք ղեկավարները իրենց անձերէն բացի ոչ ոք պէտք է մեղադրեն այսպիսի ամօթալի եւ ստորացուցիչ դրութեան մը մէջ յայտնուելու համար: Աւելին, Թուրքիան այն երկիրը չէ, որ կրնայ դասեր տալ ուրիշին՝ խօսքի ազատութեան մասին, նկատի ունենալով իր այն կեղեքիչ օրէնքները, որոնք կ՛ոտնահարեն Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մարդկային հիմնական իրաւունքները: Ֆրանսայի մէջ անօրինական է Ցեղասպանութեան մասին ստելը, մինչ Թուրքիոյ մէջ անօրինական է ճշմարտութիւնն ըսելը: Ֆրանսայի Ծերակոյտը կամ այն երեք մարդիկը, «որոնց մականունները կը սկսին «Ս» տառով», մեղադրելու փոխարէն՝ թուրք ղեկավարները կրնան դուրս գալ իրենց դարաւոր ճահիճէն՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցելով զոհերու ժառանգորդներուն արդարացի իրաւունքները: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ