Պրայզա Կը խոստովանի Իր Սէրը Թուրքիոյ՝ Հաստատելով Իր Հակահայ Կեցուածքը


Պրայզա Կը խոստովանի Իր Սէրը Թուրքիոյ՝ Հաստատելով Իր Հակահայ Կեցուածքը

  • 17-02-2012 22:08:06   |   |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Իմ կանխատեսումը, թէ Մեթիու Պրայզա պիտի հեռանայ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պիտի զբաղի լոպիիստական գործունէութեամբ, ճիշդ դուրս եկաւ: Ատրպէյճանի մօտ իր դիւանագիտական կարճատեւ առաքելութիւնը կիսաւարտ ձգելով՝ Պրայզա անցեալ շաբաթ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք պիտի զբաղի «մարդկանց, կառավարութեան եւ սեփական ընկերութիւններուն ներդրումային մեծ ծրագիրներու մասին խորհրդատուութիւն տրամադրելով»: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք Պրայզայի ծրագրած «լոպիիստական» եւ «քարոզչական» գործողութիւնները՝ ի նպաստ թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն, իրաւական շրջանակի մէջ կը գտնուի՞ն, հաշուի առնելով այն փաստը, որ ԱՄՆ օրէնսդրութիւնը սահմանափակումներ կը նախատեսէ պետական նախկին պաշտօնատարներու նկատմամբ: Կախուած ըլլալով գործունէութեան որոշիչ տեսակէն՝ արգելքը կրնայ ըլլալ մէկ կամ երկու տարիով: Այնուամենայնիւ, «բարձրաստիճան պաշտօնեաներու» պարագային, ինչպէս է օրինակ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Պրայզան, կը գործէ ցմահ արգելքը: Անոր վստահաբար պիտի արգիլուի երրորդ անձանց անունով շփուիլ արտաքին գործոց նախարարութեան իր նախկին գործընկերներուն հետ այնպիսի պաշտօնական հարցերու կապակցութեամբ, որոնց ինք առնչուած է իբրեւ պետական պաշտօնեայ: «Հիւրրիյէ»չ թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Պրայզա անձամբ կը հաստատէ իր հասցէին հնչած այդ մեղադրանքը, թէ ինք դրսեւորած է կանխակալ եւ ոչ-մասնագիտական մօտեցում, երբ ներգրաւուած էր Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցերով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ՝ իբրեւ ամերիկացի համանախագահ: Այդ ժամանակ զայն շարունակաբար կը քննադատէին հակահայ, ատրպեճանամէտ եւ թրքամէտ ըլլալուն համար: Ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր եւ Ռապըրթ Մենենտեզ, որոնք «վեթօ» դրին անոր՝ Ատրպէյճանի մօտ որպէս դեսպան նշանակման, եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ դէմ եկաւ նախագահ Օպամայի տհաս որոշումին՝ Պրայզան առանց Ծերակոյտի հաստատման Պաքու ուղղարկելու մասին, ներկայիս ամբողջութեամբ արդարացած դուրս եկան: Անցեալին, Պրայզայի ջատագովները զայն կ՛արդարացնէին ըսելով, որ իբրեւ պետական պաշտօնատար անձ՝ ան պարտաւոր էր պաշտպանել նախագահին դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող հարցերուն վերաբերեալ: Սակայն այժմ ան ազատ մարդ է. ինչո՞ւ կը շարունակէ թութակի պէս կրկնել այդ միեւնոյն՝ թրքամէտ եւ հակահայ լօզունգները: Արդեօք Պրայզան, կառավարութեան մէջ թէ անկէ դուրս, կը փորձէ դո՞ւր գալ իր հետագայ պատուիրատուներուն: Ապա թէ ոչ, ան ինչո՞ւ «Հիւրրիյէ»չին փոխանցեց չափանիշ դարձած թրքական քարոզչութիւնը, որ՝ իբր թէ քաղաքական գործիչները եւ խորհրդարանները պէտք չէ ներգրաւուին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարները սիրաշահելու նպատակով, Պրայզա զայրոյթով կը քննադատէ Հայ Դատի յանձնախումբը՝ ըսելով. «Այդ կազմակերպութիւնը, որ տապալեց իմ աշխատանքը, ընդմիշտ քննարկման մէջ պիտի պահէ այս խնդիրը: Սակայն ոչ թէ կառավարութիւնները, այլ անհատ մարդիկ պէտք է որոշեն, թէ ինչպիսի՛ բնութագրում պէտք է տրուի անոր… Թուրքիան կրնայ զգալի ազդեցութիւն ունենալ այդ խնդիրին վրայ… Ծայրայեղականները, որոնք տապալեցին իմ աշխատանքը, կ՛ատեն զայն: Անոնք չեն ուզեր բաց բանավէճ մը ունենալ… ազատ երկխօսութիւնը անոնց թշնամին է»: Ողջունելով որոշ թուրքերու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի բաց քննարկման պատրաստակամութիւնը՝ Պրայզա «օրինական» կը համարէ թրքական պաշտօնական տեսակէտը, թէ՝ «անիկա (Ցեղասպանութիւնը) պէտք չէ քաղաքական մակարդակով ճանչցուի որպէս ցեղասպանութիւն: Այս իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն կամ ոչ-ցեղասպանութիւն որակելը, որեւէ երկրի մը ոեւէ քաղաքական գործչի գործը չէ: Հասարակութիւնը պէտք է այդ մէկը ընէ, այլ ոչ թէ անձինք, որոնք որոշումներ կը կայացնեն քաղաքական օրացոյցի հիման վրայ: Ես անպարկեշտութիւն կը համարեմ ատիկա»: Ապա Պրայզա շատ աւելի հեռու գնաց՝ լրիւ բացայայտելով իր թրքամէտ հայեացքները. «Ճշմարտութիւնը բոլորին կողմն է, յատկապէս՝ Թուրքիոյ: Ներկայիս այս խնդիրին (Հայոց Ցեղասպանութեան) շուրջ քննարկումը իրօք միակողմանի է: Այն անձը, որ այլ տեսակէտ կը բարձրաձայնէ, կը համարուի Ցեղասպանութիւնը ժխտող, ինչ որ անմիջապէս կը նշանակէ, թէ դուն դէմ ես մարդու իրաւունքներուն: Եթէ կը կարծէք, որ ցեղասպանութիւն կատարուած է, ապա կրնաք հաւասարապէս քննարկել այն հարցը, որ, բառին նեղ իմաստով՝ ցեղասպանութիւն իրականացուած է նաեւ շատ այլ ազգերու նկատմամբ, ինչպէս օրինակ արեւելեան Անատոլիայի մէջ թուրքերու եւ մահմետականներու նկատմամբ: Եկէ՛ք խօսինք այլ խումբերու նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններուն մասին: Եկէ՛ք խօսինք բոլորին մասին: Եկէ՛ք ըլլանք արդար եւ աչք չփակենք միւսներու տանջանքներուն վրայ»: Այնպէս կը թուի, թէ վերջապէս Պրայզա իրականացուցած է Պոլիս ապրելու իր կեանքի երազը: 2005ին Անգարա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ծառայողը զինք տեղական լրագրողներուն մօտ իբրեւ «Թուրքիոյ վաղեմի բարեկամ» ներկայացնելէ ետք, Պրայզա առանց ամչնալու յայտարարեց. «Այնքա՛ն ոգեւորուած եմ դարձեալ Թուրքիա գտնուելով: Շատ առումներով Թուրքիան կարծէք իմ երկրորդ տունս ըլլայ… որքա՛ն երկար մնամ ձեր հիասքանչ երկիրը, չեմ բաւարարուիր: Յոյսով եմ, որ շատ շուտով ու յաճախակի կը վերադառնամ»: Այդ ժամանակ ես գրեցի յօդուած մը, որով յոյս յայտնեցի, որ «Պրայզա շուտով կ՛իրականացնէ իր երազը եւ մնայուն կը հաստատուի Թուրքիա»: Այժմ անոր փափաքը իրականացած է: Անցած շաբաթ «Հիւրրիյէ»չը յայտնեց, թէ անցեալ ամիս Պաքուէն հեռանալէ ետք, ան հաստատուած է Պոլիս: «Չէք կրնար պատկերացնել, թէ որքա՛ն երջանիկ եմ Պոլիս գտնուելուս համար… Նայեցէ՛ք ինծի: Ես ամուսնացած եմ թուրք կնոջ հետ», բացագանչեց Պրայզա: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ