Փարիզի արվարձաններից մեկում բացվել է Հայ Մշակույթի նոր տուն


Փարիզի արվարձաններից մեկում բացվել է Հայ Մշակույթի նոր տուն

  • 16-02-2012 09:49:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Օրերս Իսի-լէ-Մուլինոյի հայ գաղութը հոծ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Avenue Bourgain-ի վրայ գտնուող նորակառոյց Մշակոյթի տան բացման արարողութեան: Ներկայ էին քաղաքապետ-երեսփոխան Պ. Անտրէ Սանթինի, Հայաստանի դեսպան Պ. Վիգէն Չիտեչեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Պ. Յովհաննէս Գէորգեան , հոգեւոր հովիւ Տէր Աւետիս Քհնյ. Պալըգեան, Հայ Աւետանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պ. Միքայէլեան, փոխ քաղաքապետներ եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ՝ ՊՊ. Շառլ Փափազեան եւ Հանրի Փափազեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Աշխարհագրական դիրքով, մօտիկ՝ Իսիի Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, Avenue Bourgain-ի վրայ գտնուող նորակառոյց երկյարկանի կեդրոնը կը բաղկանայ կոկիկ կահաւորումով երկու սրահներէ՝ գրադարան առաջինին մէջ եւ խոհանոց՝ երկրորդին: Մօտ է նաեւ քաղաքի կեդրոնին: Ժամը 15ին, երբ Պ. Սանթինի ժամանեց իր կցորդներուն հետ, խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ խտացած բազմութեան կողմէ: Ան այցելեց երկու սրահները, ջերմ զրոյցներու առիթ տալով ներկաներուն: Պաշտօնական հանդիսութեան բացումը կատարեց Պ. Արա Պարպարեան՝ տնօրէնը Իսիի Մշակոյթի տան: Ան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց Յունուար 23ին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման օրէնքին թեր քուէարկող երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն եւ ֆրանսացի քաղաքական այն բոլոր անձնաւորութիւններուն, որոնք հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին Հայ Դատին: “16 տարիներու աշխատանքի արդիւնքն է այս նոր մշակոյթի տան կերտումը: Ան այսօր առաքելութիւնն ունի երիտասադութիւնը խթանելու եւ համախմբելու զանազան աշխատանքներու շուրջ եւ գործակցութիւն հաստատելու քաղաքապետութեան մշակութային, ընկերային ձեռնարկներուն հետ: Արդէն իսկ լեզուի դասընթացքներ տեղի կ?ունենան. պիտի ծաւալենք գրական, երաժշտական, լեզուական, նկարչական, ընկերային ոլորտներէ ներս գործունէութիւն, նաեւ աշխատանք՝ Նոր Սերունդին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Կապոյտ Խաչին հետ: Պիտի իրականացնենք նաեւ, փոխ յարաբերութեան ծիրէն ներս, քաղաքապետարանի մշակութային ակնկալութիւնները: Մեծ են այդ ակնկալութիւնները եւ պարտականութիւնները՝ հսկայ: Պատրաստ ենք դիմագրաւելու: Այս տունը ձերն է: Բարի եկաք” ըսաւ Պ. Պարպարեան: Հ. Յ. Դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Պ. Շառլ Փափազեան, որ սրամիտ բառախաղերով պարզեց տեղափոխութիւնը rue de la Défenseէն Avenue Bourgain, կատարեց պատմական ակնարկ մը առաջին հայ գաղթավայրերուն՝ հաստատուած գործատուներու շրջաններուն մէջ, ուր օտարութեան շուքէն դուրս գալու համար միասին գտնուելու, խմբուելու միջոցները փնտռուեցան եւ ծնունդ առին Մշակոյթի տուները որոնք ապացոյցն են intégrationի եւ մշակութային զարգացման կեդրոններ: Անդրադառնալով քաղաքական վերջին զարգացումներուն, ըսաւ թէ Ծերակոյտի վերջին աշխատանքներուն հոլովոյթը ցոյց տուաւ թրքական միջամտութիւնը ֆրանսական քաղաքական ներքին կեանքին: Աւելցուց, թէ գաղութային մեր կեանքը կը պարտադրէ նաեւ քաղաքական կողմնորոշումներ եւ աշխատանքներ: Շնորհակալութիւն յայտնեց Պ. Անտրէ Սանթինիին՝ Հայ Դատին նեցուկ ըլլալուն: Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի Իսիի մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Անն-Մարի Տէմիրճեան, որ յիշեց Կապոյտ Խաչի վարչական ժողովներու ընթացքը, Չորեքշաբթի օրուան դասընթացքները եւ հպարտութեամբ յայտնեց, որ նորակառոյց կեդրոնին խոհանոցի կահաւորուման եւ տեղաւորման աշխատանքները կատարած են կապոյտ խաչուհիները, աւելցնելով որ ա՛յդ ալ գաղութային մշակոյթին մաս կը կազմէ: Արդարեւ, Փետրուար 25ին կը սկսին խոհանոցի դասընթացքները ինչ որ կը մարմնաւորէ համակեցութիւնն ու ընկերային մթնոլորտը: Պիտի կազմակերպուին նաեւ գիրքի տօնավաճառ եւ երիտասարդական զանազան ծրագրեր: Նոր Սերունդի անունով խօսք առաւ Վազգէն Աւետիսեան, յայտնելով որ Մշակոյթի տուները կեանք կերտող կեդրոններ են եւ Նոր Սերունդը իր տեղը պիտի գտնէ հոն, միշտ մնալով Հայ Դատի պայքարի առաջին դիրքերուն, եւ այդ՝ բոլոր ճակատներու վրայ: Հայաստանի դեսպան Պ. Չիտեչեան ներկայացնելով Պ. Անտրէ Սանթինին որպէս իր անձնական, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ գաղութին մեծ բարեկամը, հաստատեց որ Մշակոյթի տուները բացի մշակութային գործունէութենէն, յարատեւութեան, ստեղծագործութեան առաքելութիւններէն, ունին նաեւ ծնողներու հանդէպ յարգանք ջամբելու եւ սերունդներու յիշողութիւնը պահպանելու առաքելութիւնը: “Ունինք ուրիշ մշակոյթի տուն մըն ալ՝ մեր հայրենիք Հայաստանը, որ անընդհատ կը գործէ ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու պահպանման համար: Մեր պետութիւնը պիտի չխնայէ իր ճիգը գալիք պայքարներուն յաջողութիւն ապահովելու համար” ըսաւ ան: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Պ. Անտրէ Սանթինի, որ յիշեց 1971ին Մանուշեան խումբի անդամ Արսէն Չաքըրեանի համար կատարուած դրամահաւաքը, երբ rue de la Défense-ի Մշակոյթի տան վարչութիւնը յայտնուեցաւ առաջին գիծի վրայ: Ան շնորհաւորեց նորակառոյց արդիական այս կեդրոնը, որ զարկ պիտի տայ արդի մշակոյթի զարգացման: “Մշակոյթի տունը մասնիկն է պատկանելիութեան եւ ինքնաճանաչման” ըսաւ ան եւ յոյս յատնեց որ այս կեդրոնը բաց պիտի ըլլայ բոլոր մշակոյթներուն: Ան ընդգծեց նաեւ ընտանիքի կորիզին տրուած կարեւորութիւնը հայ գաղութին մօտ, ինչ որ կը սատարէ առողջ մտայնութեամբ երիտասարդ քաղաքացիներ պատրաստելուն: Խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով: Ապա, համադամ պիւֆէի մը շուրջ ներկաները շարունակեցին իրենց ուրախ զրոյցները, գոհունակութեան փայլքը՝ իրենց երեսներուն: Երկար կեանք նոր Մշակոյթի տան : ԼԷՈՆԴԻՆ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը