Արցախի Հայութիւնը Տակաւին Կը Սպասէ Արդարութեան. Լիբանանին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնը


Արցախի Հայութիւնը Տակաւին Կը Սպասէ Արդարութեան. Լիբանանին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնը

  • 27-02-2012 12:15:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, 26 փետրուարի , ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնը, պատրաստուած` պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի կողմէ: Ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, պետական պաշտօնատարներու, ազգային իշխանութիւններու մարմիններու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարմնակրթական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին եւ տարբեր դեսպանութիւններ ներկայացնող անձնաւորութիւններու տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Անիթա Լիպիար: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Անիթա Լիպիար հակիրճ ձեւով թուեց 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը կանխած անկիւնադարձային դէպքերը: Ապա ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց պուլկարացի լրագրող, շարժապատկերի արտադրող Ցվեթանա Փասքալեւայի կենսագրականը: Անիթա Լիպիար մէջբերեց Սումկայիթի զոհերու յիշատակին երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոսի Փասքալեւայի ուղղած գնահատական խօսքը, թէ` «կա՞յ արդեօք հայ մը, որ չի գնահատեր ձեր աշխատանքը»: Փասքալեւա բազմաթիւ առիթներով պարգեւատրուած է հայկական թէ միջազգային ղեկավար մարմիններու կողմէ: Իր կարգին, Ցվեթանա Փասքալեւա խօսք առնելով յայտնեց, որ այսօր (երէկ) յատուկ օր մըն էր իրեն համար: «Շատ լսած եմ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` լիբանանահայութեան եւ Պէյրութի մասին եւ այսօր ուրախ եմ, որ ձեզի հետ եմ: Ես ականատես եղայ Ղարաբաղի հերոսական կռիւներուն, մօտէն ծանօթացայ այդ խաղաղ ու հայրենասէր արի ժողովուրդին: Դուք միշտ յիշեցէք Ղարաբաղի հայութիւնը եւ հպարտ եղէք անոնցմով», յայտնեց ան: «Այսօր Ղարաբաղի ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ արդարութեան իրագործման», շարունակեց ան` թելադրելով, որ հայութիւնը ամէնուրեք յիշէ Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը, որ կամաւորներէ կազմուած փոքր խումբերէն կազմեց Ղարաբաղի, հայրենիքի պաշտպանութեան հզօր բանակ մը: «Ասիկա քարոզչութեան յատուկ առեւտրական ժապաւէն չէ, այլ` իրական կեանքէ առնուած իսկական հերոսապատում», ընդգծեց Փասքալեւա: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող Ղարաբաղի հերոսամարտին յատուկ այս վաւերագրական ժապաւէնը, արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ է վեց լեզուներով: Անիկա կ՛անդրադառնայ 1992-ին Շահումեանի եւ Մարտակերտի դէպքերուն` հասնելով մինչեւ 1993 ու ապա` 1994-ի զինադուլը: Կ՛ընդգրկէ առաւելաբար յուզիչ, բայց ոգեւորիչ պատկերներ, յատկապէս երբ Ղարաբաղի 14-ամեայ պատանին իր տարեդարձին օրը փոխան տօնելու` կ՛ուխտէ հայրենիքի պաշտպան զինուոր դառնալ երբ մեծնայ: Դիտելով ժապաւէնը` ներկաները գէթ հոգւով ապրեցան Արցախի հերոսամարտին օրհասական պահերը` տեսնելով Գէորգ Չաւուշներու, Աղբիւր Սերոբներու ժառանգորդ` մերօրեայ նահատակ ֆետայիներ` Աշոտ Ղուլեանի, Մերուժան Մոսիեանի, Նորիկ Դանիէլեանի, Սամուէլ Բաբայեանի եւ ուրիշ բազմաթիւ հերոսներու սխրագործութիւնները: Փասքալեւայի այս ժապաւէնը կրկնակի պատգամ մըն է , թէ` հայրենի Արցախը տակաւին պէտք ունի ու կը սպասէ հայութեան, համայն հայութեան զօրակցութեան: Անիկա նաեւ պատգամ մըն է միջազգային հանրային կարծիքին, թէ` Արցախի հայութիւնը տակաւին կը սպասէ իր անկախութեան ճանաչման ու արդարութեան իրագործման:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը