«Համաշխարհային աղօթքի օր»-ը՝ Նոր Մարաշի Հայ Ավետարանական եկեղեցում


«Համաշխարհային աղօթքի օր»-ը՝ Նոր Մարաշի Հայ Ավետարանական եկեղեցում

  • 05-03-2012 16:04:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Ուրբաթ, 2 Մարտ 2012-ի առաւօտուն, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, նշուեցաւ «Համաշխարհային աղօթքի օր»ը։ Այս տարուան աղօթքը պատրաստուած էր Մալէզիայի համաշխարհային աղօթքի օրուան յանձնախումբին կողմէ եւ կը կրէր «Թող արդարութիւնը տիրէ» ընդհանուր թեման։ Աստուածաշնչական հատուածներու ընթերցումին, շարականի ու հոգեւոր երգերու երգեցողութեան եւ յատուկ աղօթքներու արտասանութեան յաջորդեց պատգամի պահը։ Այս տարուան պատգամբերն էր Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), որ խօսեցաւ աստուածային արդարութեան երկրի վրայ հաստատման հրամայականին մասին։ Սրբազանը ըսաւ. «Քրիստոնեան կրաւորական էակ մը չէ. եկեղեցին իր ներգործօնութեամբ կը յատկանշուի. որովհետեւ, երբ կþաղօթենք «թող արդարութիւն տիրէ», միաժամանակ յանձն կþառնենք արդարութեան համար պայքարիլ, պայքարիլ՝ նոյնիսկ ի պահանջել հարկին մեր արեան հեղումով, եւ անարդար կարգերը տապալել»։ Աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
  -   Մամլո հաղորդագրություն