Դասախոսական երեկո՝ «Հայ դատի ընդհանուր ուղղությունները» թեմայով


Դասախոսական երեկո՝ «Հայ դատի ընդհանուր ուղղությունները» թեմայով

  • 06-03-2012 18:15:44   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան շաբաթ, 3 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի ընդհանուր ուղղութիւննեհո» նիւթով դասախօսական երեկոյ մը: Ձեռնարկին բացման խօսքը միութեան անունով արտասանեց Ռազմիկ Միքայէլեան, որ նշեց, թէ հայ ուսանողութիւնը պէտք է շարունակէ պահանջատէր մնալ իր արդար դատին: Միքայէլեան հաստատեց, որ Հայ դատը պէտք է իւրաքանչիւր հայու համար դառնայ ամէնօրեայ մարտահրաւէր: Ապա Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան դաշնակով նուագեց «Տլէ եաման»-ը եւ «Կռունկ»-ը, ապա դասախօսութիւնը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Գանտահարեան յայտնեց, որ հայ-ազրպէյճանական միջնորդուած բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցուած հիմնական բաժինը զինադադարն է, որ անվերջ կը խախտուի ազրպէյճանական կողմէն: Ան նշեց, որ Հայ դատի աշխատանքներուն առաջադրանքը ներկայիս Արցախի ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելն է: Հետաքրքրական է նշել, որ առաջին պետութիւնը, որ յայտարարեց, թէ կը նախապատրաստուի քննարկել Արցախի անկախութեան ճանաչումը, Ուրուկուէյն է, որ անցեալին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն էր: Խօսելով Ջաւախքի հարցին մասին` Գանտահարեան յայտնեց, որ Վրաստանը դաշնակցային պետութեան վերածելը լուծում կրնայ բերել ներվրացական խնդիրներուն եւ ինքնավարութիւն կրնայ շնորհել տարբեր ազգաբնակչութիւններուն կողքին նաեւ հայերուն: Իսկ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց թաքուն նպատակները ներկայացնելէ ետք դասախօսը շեշտեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները ստորագրելով ճանչցած կ’ըլլայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ փաստօրէն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութենէն հրաժարումի համազօր քայլ մըն է: Ան ըսաւ, որ պոլսահայութեան մօտ հետզհետէ կը նկատուի որոշ համարձակութիւն ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ պահանջելու առումով: Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշխատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է նկատել: Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղելու հարցին վերաբերեալ Գանտահարեան ըսաւ, որ նախագահ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները աննախադէպ էին իրենց ուժգնութեամբ եւ տարողութեամբ, այսուհանդերձ այս բոլոր հոլովոյթներէն ետք օրինագիծին հակասահմանադրական յայտարարուիլը աւելիով կը խորացնէ հարցումներուն ետին գտնուող շարժիչ գործօնները բացայայտելու տրամաբանութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար միջազգային օրէնքներով զինուած քաղաքական աշխատանքներուն կողքին, հայութիւնը միջազգային ատեաններուն մէջ թուրքերուն դէմ յանդիման գալու պատրաստ պէտք է ըլլայ: Դասախօսութենէն ետք Կասիա Պարսումեան դաշնակի վրայ նուագեց «Գարուն» ստեղծագործութիւնը, ապա խօսք առաւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ այսօր հայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիր գոյութիւն ունի, եւ հայութիւնը պէտք չէ մոռնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայր սուրբը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւնները պէտք է արագօրէն ընթացք առնեն, եւ այսուհետեւ հատուցումը պէտք է դառնայ մեր հիմնական օրակարգը, որուն համար պէտք է պատրաստել համապատասխան թղթածրարները:
  -   Մամլո հաղորդագրություն