ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան «ուղերձ»-ը Կանանց Միջազգային օրուայ առթիւ


ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան «ուղերձ»-ը Կանանց Միջազգային օրուայ առթիւ

  • 07-03-2012 11:45:47   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
Կանանց Միջազգային օրուան առիթով, Հայ Օգնութէան միութէան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ հայ կինը` աշխարհի չորս ծագերուն. «Մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութէան եւ եատկապէս վերջին հարիւրամէակին ընթացքին հայ կնոջ դերը եղած է հիմնական` ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի սոսկ ֆիզիքական գոյատեւման համար, այլ մեր ազգային ինքնութէան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման ու անոնց եառաջիկայ սերունդներու փոխանցման գործին մէջ: Հայ կնոջ դերակատարութիւնը բազմապատիկ կարեւորութիւն կը ստանայ երբ ականատես ու ականջալուր կը դառնանք զանազան այլ հաւաքականութիւններու պարզած մերօրէայ ցաւալի իրավիճակին, երբ հակառակ միջազգային նեցուկին, այդ հաւաքականութիւնները իրենց դիմագրաւած տագնապներէն ո՛չ միայն չեն եաջողիր դուրս գալ, այլ օրէ օր կը կորսնցնեն իրենց ընկերային ու մշակութային արժէքները եւ կը քանդուի անոնց ազգային արժեչափերու համակարգը: Սփիւռքի թէ հայրենիքի տարածքին, մեր ժողովուրդի գոյապայքարին մէջ անառիկ միջնաբերդ դարձած հայ կինը շնորհաւորելով Կանանց Միջազգային օրուան առիթով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կոչ կ'ուղղէ անոր նոյն թափով ու վճռակամութէամբ մասնակից դառնալու ազգային մեր նոր իրականութէան կառուցման, իր արժանի տեղը գրաւելով հայ հասարակական կ'էանքի ղեկավարման գործին մէջ: Այս իմաստով կրկնակի կորով կը մաղթենք ամէն մէկ Հօմ-ականի, որպէս եանձնառու հայ կին եւ Հօմ-ի մէկ դարէայ համամարդկային ու ազգային ծառայութէան աւանդութէան ժառանգորդ, քաջ իմանալով որ ան ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ի կատար ածելու ՀՕՄ-ի ծրագիրները ի խնդիր մարդկութէան բարօրութէան ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի եւ ամբողջական մեր հայրենիքի բարգաւաճմանէ:
  -   Մամլո հաղորդագրություն