Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ 2009-ին կեանքի կոչուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական ամենամեայ մրցանակը դարձեալ ի մի խմբեց լիբանանահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները: Շաբաթ, 10 Մարտ 2012, կէսօրէ ետք, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան գոլէճի բակը կ’եռար մրցակից աշակերտներու եւ զիրենք առաջնորդած ուսուցիչներու ներկայութեամբ:
Երրորդ տարին ըլլալով, հայ լեզուի եւ հայ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած սէրը, գիտելիքներն ու նուիրումը գործնապէս ապացուցելու համար եկած էին բոլորը: 16 միջնակարգ եւ 12 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններու 54 երկսեռ ներկայացուցիչներու դէմքերուն վրայ այդ օր տարբեր ժպիտ կար: Մեծասքանչն ու Հայ Գրականութիւնը կը ճառագայթէին իւրայատուկ գրաւչութեամբ եւ կը յուշէին լռելեայն, որ հակառակ զանազան տեսակի խոչընդոտներու, Մեսրոպակերտ Հայ Դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` լիբանանահայ նորահաս սերունդներուն հայակերտումի մեր հաւաքական ճիգերուն տալով վերանորոգ ուժականութիւն եւ նպատակասլաց երթ:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ Շաբաթ օր, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Պատմութեան, Հայ Մշակոյթի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կրօնագիտական նիւթերուն նուիրուած մրցումը: