Հայերը պատրաստվում են «դիմավորել» Թուրքիայի վարչապետին
13-03-2012 14:15:24 | | Քաղաքական
Ըստ քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան՝ Գերմանիոյ Հայերը բողոքի ցոյցեր կը պատրաստեն Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի դէմ, որ Պոխում քաղաքը պիտի այցելէ՝ ստանալու համար «Շթէյկըր Աուարտ»ի լայնախոհութեան մրցանակը: Գերմանահայոց խորհուրդը այս առթիւ կատարած յայտարարութեան մէջ իր զարմանքը յայտնելով հարց տուած է, թէ «Թուրքիոյ վարչապետը, որ բացի Թուրքերէն եւ մահմետականներէն, ոչ մէկուն նկատմամբ լայնախոհ է, ի՞նչպէս արժանի նկատուած է լայնախոհութեան այս մրցանակին»:
Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի կ?ունենայ Մարտ 17ին:
«ՆՅ»