Ֆրանսիայում նշվել է Միսակ Մանուշյանի և նրա խմբի անդամների գնդակահարման 68 ամյակը


Ֆրանսիայում նշվել է Միսակ Մանուշյանի և նրա խմբի անդամների գնդակահարման 68 ամյակը

  • 13-03-2012 14:36:45   |   |  Քաղաքական

Կրընոպլի ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութիւնը գլխաւորութեամբ իր նախագահին՝ Ժան Արապեանի, գլխաւոր անդամ՝ Ժան Ֆօրէսթիէի, Էշիրօլի քաղաքապետարանին եւ քաղաքապետ Ռէնզօ Սիւլիի, զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեց Ֆրանսայի մէջ դիմադրական շարժման ծանօթ դէմք՝ Միսաք Մանուշեանի եւ իր 23 ընկերներուն գնդակահարման 68ամեակը: Փետրուար 13էն 19ը «Կարմիր որմազդի շաբաթ» անուան տակ կազմակերպուած միջոցառումներէն առաջինը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Փետրուար 13ի երեկոյան, ժամը 18էն սկսեալ, էշիրօլի նոր քաղաքապետարանին մէջ, նկարներու զոյգ ցուցահանդէսով: Անոնցմէ առաջինը կը կրէր «L'Affiche Rouge ou les étrangers dans la Résistance» («Կարմիր որմազդը կամ՝ օտարները Դիմադրական շարժման մէջ») վերնագիրը: Պատմական խորապէս ազդեցիկ նկարները համադրուած էին Լուառի Հայ Մշակոյթի Տան կողմէ, գլխաւորութեամբ անոր պատուոյ նախագահին՝ Ժան Գրիգորեանի: Ցուցահանդէսին կը ներկայացուէին նաեւ վաւերաթուղթեր, որոնք տրամադրուած էին Արսէն Չաքարեանի կողմէ՝ Մանուշեանի խումբին վերջին վերապրողը: Վերոյիշեալ միութիւնը միեւնոյն նիւթին շուրջ պատրաստած էր ժապաւէն մը եւ փոքրիկ գրքոյկ մըն ալ՝ «L'Affiche Rouge»՝ նուիրուած հերոսներու կեանքին, լուսաբանելու համար գալիք սերունդները: Երկրորդ ցուցահանդէսը կը կրէր «Mon Affiche Rouge» («Իմ կարմիր որմազդս») վերնագիրը: Ան պատրաստուած էր «Intuit-Lab» բարձրագոյն դպրոցի ուսանողներուն կողմէ 2006ին, Մ. Մանուշեանի 100ամեակին առթիւ, ներշնչուելով Լուի Արակոնի «Կարմիր որմազդ» բանաստեղծութենէն: Ցուցահանդէսին բազմաթիւ ներկաներու շարքին էին Էշիրօլի քաղաքապետը՝ Ռէնզօ Սիւլի, անոր առաջին խորհուրդականը՝ Սիլվէթ Ռոշաս, Կրընոպլի ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահը՝ Ժիրայր Արապեան, Լուառ նահանգի, Սէն թ?Էթիէնի հայկական միութեան հիմնադիր, պատուոյ նախագահ՝ Ժան Գրիգորեան, միութեան ներկայ նախագահուհին՝ Նէլլի Գարակէօզեան եւ Էմիլի Օտաճեան: Բացման արարողութիւնը կատարեց Իզէռ նահանգի փոխ նախագահուհին՝ Քրիսթին Գրիֆօն, որմէ ետք յաջորդաբար խօսք առին քաղաքապետը՝ Ռէնզօ Սիւլի, միութեան փոխ նախագահ Տանիէլ Մարանճեան, Ժան Ֆօրէսթիէ եւ Ժան Գրիգորեան: Աւարտին, ժողովուրդը հիւրասիրուեցաւ քոքթէյլով մը: Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ (ուր կը գտնուէր նաեւ Էշիրօլի նախկին քաղաքապետարանը) գտնուող միութենական տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը եւ ներկայացուեցաւ օրուայ նիւթին շուրջ՝ փաստագրական նկարներով, Արսէն Չաքարեանի, Հանրի Գարայեանի, Ռեմոն Օպրաքի եւ ուրիշներու վկայութիւններով պատրաստուած բացառիկ ժապաւէն մը, լրագրող Միշէլ Իոնասքուի կողմէ: Բացի Իոնասքուէն, դասախօսութեան մասնակցեցան նաեւ երկրորդական վարժարանի երկու ուսուցիչներ՝ Սեպասթիէն Վիօ եւ Քրիսթոֆ Պէթընֆէլտ: Ժողովուրդը հետեւեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Ապա եղաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը: Մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին ոգեկոչման առաջին ձեռնարկները : ՇԱՔԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «ՆՅ»
  -   Քաղաքական