Դպրեվանեցիները մասնակցել են մեծ պահքի հսկումի ժամերգությանը


Դպրեվանեցիները մասնակցել են մեծ պահքի հսկումի ժամերգությանը

  • 14-03-2012 14:09:09   |   |  Հասարակութիւն
Ուրբաթ, 9 Մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաւէրին, դպրեվանեցիներ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին մեծ պահքի հսկումի ժամերգութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմէզեան դպրեվանեցիներուն ուրախութեան թարգմանը եղաւ, եւ ըսաւ. «Դպրեվանքը ժողովրդանուէր ծառայութեան դարբնոց է, եւ դպրեվանեցիներ իրենց պատանի ու երիտասարդ տարիքէն կը պատրաստուին այդ ծառայական կեանքին՝ եկեղեցիներու եւ դպրոցներու այցելութիւններով»։ Ապա, օրուան պատգամը փոխանցեց Դ. Ընծայարանէն Բարշ. Յարութիւն Աւ. Սրկ. Շէրնէզեան, բնաբան ունենալով «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքէն «Պահապան ամենայնի Քրիստոս» տունը։ Հսկումի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյս հովիւները, թաղականութիւնը, տիկնանց միութիւնն ու դպրաց դասը դպրեվանեցիներուն հետ համախմբուեցան ընթրիքի սեղանին շուրջ։
  -   Հասարակութիւն