Դպրեվանքում տեղի ունեցավ ուսուցիչներին նվիրված դասախոսական երեկո


Դպրեվանքում տեղի ունեցավ ուսուցիչներին նվիրված դասախոսական երեկո

  • 14-03-2012 14:15:07   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Շաբաթ, 10 մարտ 2012-ի իրիկուան ժամը 7.00-ին, ուսուցիչներու տօնին առթիւ, Ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուսուցիչը» նիւթը ընդգրկող դասախօսական երեկոյ մը։ Բացման խօսքը կատարեց Բարշ. Հրայր Կիս. Սրկ. Տաղլեան։ Ապա, օրուան բանախօս եւ Դպրեվանքի վաստակաւոր ուսուցիչ՝ Տիար Կարօ Յովհաննէսեան ներկայացուց շահեկան նիւթը։ Ան նախ խօսեցաւ ուսուցիչի տիպաին ու ուսուցչութեան պատմական հոլովոյթին մասին, եւ իր ուսուցչական երեսուն տարուան փորձառութեան լոյսին տակ՝ պատմեց դրուագներ եւ իր խօսքը համեմեց իր ուսուցիչներուն օրինակով, որպէսզի դպրեվանեցիներ իրենց ապագայի ուսուցչական ասպարէզին մէջ ներշնչուին անոնցմէ։ Ան ուսուցչութիւնը բնորոշեց որպէս արուեստ, գիտութիւն եւ կեանքի փիլիսոփայութիւն։ Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ դպրեվանեցիներուն դասախօսին ուղղած հարցումներով։ Դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան անունով փակման խօսք ուղղեց Տեսուչ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, որ շնորհաւորեց Դպրեվանքի հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներուն տօնը եւ «վարդապետ» բառին վրայ ծանրանալով հրաւիրեց սաները ուսուցչութիւնը որպէս կոչում ըմբռնելու՝ որպէս վաղուան հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու փոխանցման դեսպաններ։
  -   Մամլո հաղորդագրություն