Շահան Գանտահարեան.«ՆԱԹՕ-ն ու Կովկասը»


Շահան Գանտահարեան.«ՆԱԹՕ-ն ու Կովկասը»

  • 19-03-2012 13:29:54   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
ՆԱԹՕ -ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՆԱԹՕ-ն մտադիր չէ Արցախի բանակցային գործընթացին միջնորդի դեր վերցնելու, կը վկայէ անոր համաձայնութիւնը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման: ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այլ բաժիններ եւս ունի սակայն: Ըստ անոր, բանակցային գործընթացը դժուարութիւններու կը հանդիպի: Այդ դժուարութիւնները բացատրուած են սպառազինութեամբ եւ ռազմական հռետորաբանութեան օգտագործումով: Պարզ է, որ բանակցութիւնները արգելակող երկու խնդիրներուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Պաքուի ուսերուն: Այստեղ հակափաստարկելու որեւէ փորձ դժուար թէ համոզիչ եզրեր գտնէ: Որքան ալ հասկնալի ըլլայ, Պաքուն մատնացոյց չընելը, ՆԱԹՕ-ի պաշտօնատարը առանց այդ վերագրումին բանակցային գործընթացի արգելակումին պատճառը կը նկատէ Ազրպէյճանը: ՆԱԹՕ- Հայաստան համագործակցութեան այսօրուան մակարդակը ի հարկէ կարելի չէ գնահատել բացառապէս հիմնուելով մամլոյ հրապարակումներուն վրայ: ՆԱԹՕ-ն ռազմական կազմակերպութիւն է եւ համապատասխան ոլորտի յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան տարողութիւնները թափանցիկ չեն: Հայաստանի զինուած ուժերու ՆԱԹՕ-ի վարժողական ծրագիրներուն ներգրաւուածութիւնը կամ խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն հայաստանեան մասնակցութիւնը (Քոսովօ, Իրաք, Աֆղանիստան) առերեւոյթ բնականոն համագործակցութեան պաշտօնական մասին կը վկայեն: Այսուհանդերձ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի կարեւոր անդամ պետութիւն է, որ չյայտարարուած աշխատանք կը տանի այդ համագործակցութիւնը խոչընդոտելու: Արձանագրել պէտք է նաեւ, որ ՆԱԹՕ-ի վարժողական պուտափեշթեան ծրագիրներուն ներգրաւուած Ազրպէյճանը ինչպիսի՛ պահուածք ունեցաւ հայ սպային նկատմամբ, ինչ որ անհրաժեշտ դատապարտման եւ համապատասխան միջոցառումներուն չարժանացաւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ: Քաղաքական մեկնաբանութեամբ ՆԱԹՕ-ի համար այնքան ալ դրական ընկալելի չէ Հայաստան-Ռուսիա ռազմավարական յատուկ եւ արտակարգ կարգավիճակով գոյութիւն ունեցող գործընկերութիւնը, ինչ որ կ՛ընկալուի իբրեւ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան սահմանափակում: Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ն միշտ կը յայտարարէ, որ համագործակցութեան խորացման չափը կախեալ է հայկական կողմի ցանկութենէն. Աւելի՛ն. ՆԱԹՕ-ն շատ իրատեսական կը գնահատէ այս հարցին մէջ Հայաստանի կեցուածքը ի տարբերութիւն Վրաստանի, որ ամէն օր կը յայտարարէ իր անդամութեան ցանկութեան մասին: Վրացական այս յայտարարութիւններուն ՆԱԹՕ-ն կը պատասխանէ, թէ Վրաստանը պատրաստ չէ այդ անդամակցութեան: ՆԱԹՕ-ի մէկ անդամին կողմէ շրջափակուած Հայաստանը կը փորձէ այս պայմաններուն մէջ փոխլրացուցիչ կամ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկել եւ այդ շրջանակներուն մէջ բնականոն յարաբերութիւն մշակել ՆԱԹՕ-ի հետ: ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՆԱԹՕ-ն մտադիր չէ Արցախի բանակցային գործընթացին միջնորդի դեր վերցնելու, կը վկայէ անոր համաձայնութիւնը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման: Այդ ձեւաչափի պահպանման ի նպաստ հանդէս գալով հանդերձ, ՆԱԹՕ-ի կեցուածքները գնահատելու ընթացքին անպայման պէտք է նկատի ունենալ արեւմտեան ուժերուն կողմէ Իրանի մեկուսացման ընդհանուր քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ ըստ այնմ դիտարկել կովկասեան տարածաշրջանի եւ հայութեան վերաբերող ՆԱԹՕ-ի հետ կապուած անվտանգութեան խնդիրները: Կովկասեան շրջանին մէջ ապա- ՆԱԹՕ միջավայրը հիմնականին մէջ Հայաստանն է: Ազրպէյճանը հակաիրանեան իր ուղղութեամբ, քարիւղի քաղաքականութեամբ եւ յատկապէս ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ պետութեան ճամբով յայտնուած է այդ ճամբարին մէջ, մինչ Թիֆլիսը ի՛նք բացայայտ նկրտումներու մէջ է լիիրաւ ընդգրկուելու համար ՆԱԹՕ-ի կազմակերպութեան մէջ: Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուին ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ ներառուելու համար Վրաստանի անպատրաստ ըլլալուն կամ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու հաւանականութիւնը հայկական կողմի հայեցողութեան ձգելու եւ կամ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման կեցուածքով հանդէս գալով առանց Պաքուն մատնացոյց ընելու` բանակցային գործընթացը արգելակելու պատասխանատուութիւնը Ազրպէյճանի ուսերուն բարդելու յայտարարութիւնները: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ