Պրայզան Սխալմամբ Ծերակուտականներուն Ըսաւ, Թէ Հայոց Պատրիարքը Մահացած Է


Պրայզան Սխալմամբ Ծերակուտականներուն Ըսաւ, Թէ Հայոց Պատրիարքը Մահացած Է

  • 31-07-2010 13:40:41   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Պարաք Օպաման նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց «փոփոխութեան» ծրագիրով, եւ նոր մօտեցումներ խոստացաւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն ուղղութեամբ: Սակայն, ընտրութիւններէն ետք ան հիասթափեցուց իր կողմնակիցները՝ շարունակելով իր նախորդին վարած քաղաքականութիւնը: Օպամայի՝ անցեալի հետ կապերը չխզելու օրինակ կրնայ ծառայել անոր կողմէ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին վրայ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութեան առաջադրումը: Պրայզան Պուշի վարչակազմի մնացուկն է՝ իր խայտառակ ու վիճահարոյց անցեալով: Օպամայի վարչակազմին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, ան աւելի շատ խանգարիչ հանգամանք է, քան՝ արժանիք: Ամիսներ շարունակ Պրայզան կը պտտէր Ուաշինկթընի մէջ՝ ակնարկելով, թէ պիտի դառնայ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի յաջորդ դեսպանը: Այդ փաստը թէ գրեթէ մէկ տարի տեւեց մինչեւ անոր դեսպան առաջադրուիլը, ցոյց կու տայ, որ այստեղ առկայ էին լուրջ բարդութիւններ, ինչպէս՝ ռուս-վրացական պատերազմին մէջ Պրայզայի դերին մասին Ռուսիոյ մտահոգութիւնները, Ատրպէյճանի առարկութիւնը Պրայզայի՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պաշտպանութեան գծով, անոր կնոջ պաշտօնական դիրքի չարաշահման մեղադրանքները, ինչպէս նաեւ հարսանեկան ծախսերու հետ կապուած հարցեր: Նկատի ունենալով այս բոլոր վիճայարոյց հարցերը, Պրայզան երբեք պիտի չառաջադրուէր Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար, եթէ չըլլային բարձրաստիճան ու ազդեցիկ անոր ընկերները: Ըստ մամլոյ հաղորդումներու, արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Տեն Ֆրիտ, Հիլըրի Քլինթընի մօտ անձամբ երաշխաւորած է Պրայզան՝ դեսպանի պաշտօնին համար: Ամէնէն վիճայարոյցը՝ Պրայզայի ամուսնութիւնն էր ազգութեամբ թուրք Զէյնօ Պարանի հետ: Հարցը անոր ազգային ծագումը չէր, այլ այն, որ Զէյնօ «Հատսըն» հիմնարկի Եւրասիոյ քաղաքականութեան հարցերու կեդրոնի տնօրէնն է, որ Ուաշինկթըն գտնուող վերլուծական կեդրոնի մը համաձայն, կը ֆինանսաւորուի «ExxonMobile»ի եւ ուժանիւթի այլ ընկերութիւններու կողմէ: Ըստ «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի, «Թրքական եւ ատրպեճանական գործարար շրջանակները «Հատսըն» հիմնարկին մէջ հովանաւորած են գլխաւոր խորհրդաժողով մը, որ մասամբ կազմակերուած էր տիկին Պրայզայի կողմէ»: Թերթը կը մէջբերէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ «Այն քաղաքական դիրքորոշումները, զորս պաշտպանած է տիկին Պրայզան, յաճախ կը համընկնին... Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ ուժանիւթի ընկերութիւններու՝ Կասպեան տարածաշրջանին մէջ ունեցած շահերուն», աւելցնելով, որ «Մեթիու Պրայզան հաւանաբար խախտած է բարի վարքի (Ամերիկայի) դաշնակցային չափանիշները, թրքական եւ ատրպեճանական գործարար շրջանակներու հետ անոր կնոջ ունեցած կապերուն պատճառով»: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս, Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին համար Պրայզայի թեկնածութեան առաջադրման վերաբերեալ Յուլիս 22ի լսումներուն ընթացքին, անոր լայնապարփակ հարցումներ ուղղուեցան պաշտօնական դիրքի հնարաւոր չարաշահումներու մասին: Ի պատասխան, Պրայզա ծերակուտականներուն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մանրամասնօրէն ստուգած է իր ընտանիքին եկամուտները, եւ՝ «պաշտօնական դիրքի որեւէ չարաշահում չէ բացայայտած»: Ան նաեւ ծերակուտականներուն յայտնեց, թէ իր կինը՝ «Զէյնօն, խոստացած է խուսափիլ «Հատսըն» հիմնարկին հետ կապուած որեւէ հարց արծարծելէ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Պաքուի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան դիմաց...»: Աւելորդ է նշել, որ անոր կնոջ «խոստումը» օրէնքի ուժ չունի: Լսումներու ընթացքին Պրայզայի ուղղուած մէկ այլ վիճայարոյց հարց մը լուրջ մեղադրանք էր, թէ՝ Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախկին նախարար Հայտար Պապայեւ վճարած է 2007ին Պոլսոյ մէջ կայացած Պրայզայի հարսանեկան շռայլ ծախսերը: Պապայեւ, իրեն ուղղուած մեղադրանքէն կատաղած՝ դատի տուած էր ատրպեճանական թերթը՝ այդ պատմութեան հրապարակման համար: Ատրպէյճանցի յօդուածագիրը ձերբակալուած եւ ծեծի ենթարկուած էր, մինչեւ երկրէն դուրս փախչիլը, ապա Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին հայց ներկայացուցած էր՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի: Պրայզա ծերակուտականներուն հաւաստեց, որ «բացարձակ կեղծիք է» այն բանը, թէ նախարար Պապայեւ հովանաւորած է իր հարսանիքը: Այնուամենայնիւ, եթէ Եւոպական դատարանը բացայայտէ, որ նախարար Պապայեւ իրօք հոգացած է այդ հարսանիքին ծախսերը, ապա Պրայզա պիտի հանդիսանայ շարք մը լուրջ մեղադրանքներու առջեւ, անոնց շարքին՝ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ նուէր ընդունիլ եւ բացայայտման քաղաքականութիւնը խախտել, ԱՄՆ հարկային ծառայութիւններու մօտ նման յատկացումները իբրեւ եկամուտ չյայտարարել, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին կեղծ վկայութիւն տալ: Պրայզա ծերակուտականներուն հպարտութեամբ յայտարարեց, որ ինք եւ կինը իրենց հարսանեաց խրախճանքին հրաւիրած էին այն մարդիկը, որոնց ծանօթացած էին վերջին տասնամեակին՝ իրենց աշխատանքային գործունէութեան բերումով, անոնց շարքին՝ պետական պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ, ընդդիմութեան առաջնորդներ, հասարակական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ՝ Թուրքիայէն, Ատրպէյճանէն, Հայաստանէն, Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն: Բրայզան նշեց նաեւ, որ հարսանիքի հրաւիրեալներու շարքին եղած է նոյնպէս «Հայոց Մեսրոպ պատրիարքը, որ այժմ մահացած է»: Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքը ողջ է, թէեւ կը տառապի մտագարութեամբ: Պարզապէս զարմանալի է, որ Պրայզա տեղեակ չէ, թէ պատրիարք Մութաֆեանը, զոր այդքա՛ն մօտ համարելով՝ հրաւիրած էր իր հարսանիքին, տակաւին ողջ է: Կը մնայ յուսալ, որ այս սխալը չի բնորոշէր Պրայզայի անտեղեակութիւնը իւրայատուկ մարդկանց ու իրադարձութիւններուն մասին՝ աշխարհի այդ բարդ տարածաշրջանին մէջ, ուր ան կը ձգտի ներկայացնել Միացեալ Նահանգները: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր 29.07.2010
  -   Յօդուածներ