Եգիպտահայերը Փոքրաթիւ, Սակայն՝ Վճռական Ի Հեճուկս Երկրին Մէջ Տիրող Խառնաշփոթ Իրավիճակին


Եգիպտահայերը Փոքրաթիւ, Սակայն՝ Վճռական Ի Հեճուկս Երկրին Մէջ Տիրող Խառնաշփոթ Իրավիճակին

  • 20-05-2012 22:08:27   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նոր վերադարձած եմ Եգիպտոս կատարած անմոռանալի ճանբորդութենէս: Առաջնորդ հայրը՝ ի դէմս Թեմական խորհուրդին, ինձ հրաւիրած էր ելոյթ ունենալու, որպէս գլխաւոր բանախօս Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցի յուշատօնին: Որոշ մտավախութեամբ ընդունեցի Եգիպտոս ուղեւորուելու այդ հրաւէրը՝ նկատի ունենալով խառնաշփոթ իրավիճակը՝ նախագահ Հոսնի Մոպարաքի 30 տարուան բռնապետական իշխանութիւնը տապալելէ ետք: Աշոտ եպս. Մնացականեան ինծի վստահեցուց, թէ երկրին մէջ խաղաղ մթնոլորտ կը տիրէ եւ թէ հայ համայնքը անհամբեր կը սպասէ իմ այցիս, քանի որ կը հետեւի տեղի հայկական թերթերուն մէջ հրատարակուող իմ յօդուածներուն: Երբ Գահիրէ ժամանեցի, այցելեցի Առաջնորդարան եւ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպեցայ ծանօթ դէմքի մը՝ դեսպան Արմէն Մելքոնեանին, վաղեմի ընկերս, որ տասնամեակ առաջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսն էր Լոս Անճելըսի մէջ: Նեղոս գետին վրայ գտնուող «Նաւ» ճաշարանին մէջ, առաջնորդին եւ դեսպանին հետ հաճելի ճաշէ մը ետք, երեկոն անցուցի Գահիրէի հսկայական առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ՝ նոր զգեստներ գնելով, քանի որ British Airways ընկերութիւնը կորսնցուցած էր ճամպրուկս: Մերժեցի գնել ինծի առաջարկուած այն զգեստները, որոնք կը կրէին «արտադրուած է Թուրքիայէն» պիտակը: Գահիրէն խիտ բնակեցուած քաղաք է, որ ունի 17 միլիոն բնակչութիւն: Փոքր տարածութիւն մը ճամբորդելու համար կը պահանջուի աւելի քան մէկ ժամ: Ճանապարհային ազդալոյսերուն մեծ մասը չ՛աշխատիր, իսկ փողոցները ոստիկաններ չկան: Գահիրէի ամենացնցիչ վայրը «Մեռեալներու քաղաք»ն է՝ գերեզմանատուն մը, ուր տասնեակ հազարաւոր ողջ մարդիկ կ՛ապրին գերեզմաններու միջեւ: Զարմանալիօրէն, գերեզմանաքարերու վրայ տեղադրուած են հազարաւոր արբանեակային ափսէներ (satellite dishes): Գերեզմանատան այդ թշուառ բնակիչները ինչպէ՞ս կրնան հոգալ արբանեակային հեռատեսիլի ծախսը: Ապրիլ 28ի երեկոյեան, ելոյթ ունեցայ Գահիրէի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշատօնին ընթացքին, «Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմ, թէ արդարութեան հետապնդում» թեմայով: Յաջորդ օրն իսկ ուղղուեցայ պատմական Աղեքսանտրիա քաղաքը, ուր հայկական համայնքին կողմէ կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին հանդէս եկայ նման ելոյթով մը: Վերադառնալով Գահիրէ, Մայիս 2ին մասնակցեցայ ժողովրդային հանդիպում-զրոյցի մը, որուն ընթացքին համայնքի անդամները ինծի ուղղեցին իրենց հարցերը՝ ներկայի հայկական խնդիրներուն վերաբերեալ: Զարմանալի չէ, որ այդ անխուսափելի հարցը, զոր յաճախ ինծի կը հարցնեն բոլոր ելոյթներուս ընթացքին, նաեւ բարձրացուեցաւ Գահիրէի եւ Աղեքսանտրիոյ մէջ. «Արդեօք հայերը կը զրկուի՞ն Ցեղասպանութեան փոխհատուցումը պահանջելու իրենց իրաւունքէն 100 տարի ետք»: Պատասխանս, ինչպէս միշտ, «ՈՉ» էր… Համաձայն միջազգային օրէնքի՝ ցեղասպանութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չի ճանչնար: Ճամբորդութեանս ամենայիշարժան պահերէն մէկը Գահիրէի մէջ շնորհահանդէսն էր գիրքիս արաբերէն տպագրութեան, որ նախօրօք հրատարակուած էր Պէյրութի մէջ, «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Աշխարհը Կը Բարձրաձայնէ. 1915-2005, Փաստաթուղթեր եւ Հռչակագիրներ» վերնագիրով: Գիրքի հրատարակման առթիւ կազմակերպուած հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, այլ դեսպանատուներու եւ եգիպտական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, համալսարաններու դասախօսներու, հայկական համայնքի ղեկավարներու եւ կղերականներու ներկայութեան: Իրենց հակիրճ խօսքը ուղղեցին դեսպան Մելքոնեանն ու փրոֆ. Մոհամմետ Ռիֆաաթ ալ Իմամը, որ գրած է նշեալ գիրքին նախաբանը. անոր յաջորդեց իմ եզրափակիչ ելոյթս: Գահիրէ գտնուած ընթացքիս տուի բազմաթիւ հարցազրոյցներ, որոնք արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով հրատարակուեցան տեղական թերթերու մէջ: Պատիւն ունեցայ նաեւ այցելելու «Յուսաբեր» եւ «Արեւ» թերթերու իմ գործընկերներուս: Նաեւ յուզիչ այցելութիւն մը տուի Գալուստեան Ազգային վարժարանին, որ ուսանողներու թիւի սակաւութեան պատճառով, քանի մը օրէն կը պատրաստուէր փակելու իր դռները՝ 150 տարի համայնքին կրթական պահանջներուն ծառայելէ ետք: «Գալուստեան»ը պիտի միացուի Գահիրէի Նուպարեան վարժարանին: Հայկական համայնքը ապահով է Եգիպտոսի մէջ, սակայն կը պայքարի յաղթահարելու համար երկիրին մէջ տիրող անիշխանութեան, որ աստիճանաբար զինուորականէն կը ձեւափոխուի դէպի քաղաքացիական վարչակարգ: Նորակազմ խորհրդարանը, ուր կը գերակշռեն Իսլամ եղբայրներն ու Սալաֆիները, հաւանական է որ ցրուի եւ փոխարինուի աւելի ներկայացուցչական մարմինով մը: Այս ամսուան վերջաւորութեան, եգիպտացիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ընտրելու իրենց երկրի նախագահը, որ կրնայ համարձակ նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել՝ բուժելու համար հին եւ փառաւոր երկրին բազմաթիւ ախտերը: Վերջին տասնամեակներուն հայերու հոծ զանգուած մը լքեց Եգիպտոսը եւ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ առաւել հանգիստ ափերուն վրայ բնակելու համար: Մինչդեռ անոնք, որոնք կը շարունակեն ապրիլ այդ երկրին մէջ, ամէն ինչ կ՛ընեն՝ պահպանելու համար իրենց լեզուն, կրօնը եւ ազգային աւանդոյթները: Բարեբախտաբար, տեղական հայկական կազմակերպութիւնները կ՛օգտուին ընդարձակ հողատարածքներու շահոյթներէն, որոնք տասնամեակներ առաջ իրենց ժառանգ ձգած են հայ հարուստ գործարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքահայութեան պարտականութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել Գահիրէ եւ Աղեքսանտրիա բնակող իրենց հայրենակիցներուն, եւ թոյլ չտալ, որ այս երբեմնի կենսունակ համայնքները վերածուին հարստութիւններով լեցուն, սակայն ամայացած քաղաքներու, որոնցմէ կ՛օգտուին միայն քիչեր: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ