Սփիւռքը Ինչպէ՞ս Պէտք Է Արձագանգէ Թուրքիոյ Մերձեցման Նախաձեռնութիւններուն


Սփիւռքը Ինչպէ՞ս Պէտք Է Արձագանգէ Թուրքիոյ Մերձեցման Նախաձեռնութիւններուն

  • 27-05-2012 11:16:31   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած եմ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու կը շարունակէ իր ջանքերը՝ Սփիւռքին հետ հայ-թրքական խնդիրներու շուրջ անձամբ «երկխօսութիւն» սկսելու ուղղութեամբ: Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Տաւութօղլու դարձեալ հանդիպեցաւ ամերիկահայերու հետ՝ ի շարունակութիւն Մարտին Ուաշինկթընի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն: Մայիսին տեղի ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, հայ զրուցակիցները անկեղծօրէն խորհուրդ տուին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, թէ Անգարա պէտք է հետամուտ ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման վերաբերեալ հայկական պահանջներուն. միայն ատկէ ետք կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ որեւէ «հաշտեցման» մասին: Թրքական կողմը, ինչպէս կը յայտնեն, արտայայտած է այս փշոտ հարցերը Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու իր ցանկութիւնը: Հակառակ Տաւութօղլուի կարծեցեալ անկեղծութեան, հայերը ունին իրենց հիմնաւոր պատճառները՝ նման նախաձեռնութիւններու չվստահելու, նկատի ունենալով տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ Սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ անոր թշնամական քաղաքականութիւնը: Հայերը նաեւ կը կասկածին, որ Թուրքիոյ պաշտօնատարները կրնան շահագործել Սփիւռքի հետ հանդիպումները՝ հանրային կարծիքին մօտ քարոզչական առաւելութիւն արձանագրելու համար: Այնուամենայնիւ, կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ գերզբաղած արտաքին գործոց նախարարը իր թանկագին ժամանակը կը յատկացնէ եւ այդքա՛ն ջանքեր կը գործադրէ՝ վերջին շաբաթներուն հայերու հետ շարք մը առանձին հանդիպումներ ունենալու համար: Հնարաւոր բացատրութիւններէն մեկը այն է, որ թուրք ղեկավարները շատ մտահոգ է Հայոց Ցեղասպանութեան գալիք 100րդ տարելիցը: Անգարան հաւանաբար կը գիտակցի, որ եթէ չձեռնարկէ գործնական քայլերու, ապա պիտի չկրնայ հակազդել 2015ին աշխարհով մէկ հայկական միջոցառումներուն ստեղծելիք հակաթրքական քարոզարշաւին: Երկրորդ հնարաւոր պատճառը, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ցանկայ խօսիլ Սփիւռքի հայերուն հետ, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր երկար տարիներու շահագրգռուածութիւնն է: Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ զգուշացուցած էր, որ քանի դեռ Թուրքիա չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսա պիտի մերժէ ԵՄ անոր անդամակցութեան դիմումը: Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններու երրորդ հնարաւոր բացատրութիւնը այն է, որ վարչապետ Ռեչեփ Էրտողան ներկայիս աւելի ազատօրէն կրնայ զբաղիլ հայ-թրքական հարցերով, քանի որ իշխող իր կուսակցութիւնը կը վայելէ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, իսկ իրեն հակառակորդ բարձրաստիճան զինուորականներէն շատերը կը մնան բանտերու մէջ: Անկախ այն հանգամանգէն, թէ ինչո՛ւ Թուրքիա կը փորձէ կապեր հաստատել Սփիւռքի հետ այս պահուն, հայերը պէտք է ընդունին ամբողջութեամբ իրենց ազգային շահերէն բխող որոշումներ այն մասին, որ արդեօք ասիկա այդ պատեհ առի՞թն է փորձարկելու, թէ Թուրքիան պատրաստ է դիմակայելու Հայոց Ցեղասպանութեան աղէտալի հետեւանքները: Այնուամենայնիւ, Սփիւռքի ղեկավարները, նախքան Տաւութօղլուի հետ «երկխօսութիւն» սկսելու յամառ ջանքերը, պէտք է խնդրեն թուրք պաշտօնատարներէն յստակացնել իրենց իսկական նպատակները՝ առնելով որոշ դրական քայլեր. օրինակ՝ Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Ս. Խաչ եկեղեցին վերադարձնել Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանին: Այս պատմական եկեղեցին ներկայիս կը պատկանի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, եւ կը գործէ իբրեւ թանգարան: Անշո՛ւշտ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է շատ աւելին ընէ, քան՝ զբօսաշրջութեան նպատակներով քանի մը եկեղեցի վերանորոգելն ու Պոլսոյ հայկական համայնքին շարք մը կալուածներ վերադարձնելը: Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին կան հազարաւոր առգրաւուած եկեղեցիներ եւ հայկական համայնքին պատկանող կալուածներ, որոնք պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական հայ տէրերուն: Հայերուն հետ «հաշտեցման» ցանկութեան անկեղծութիւնը փաստելու համար, Թուրքիան պէտք է անմիջապէս դադարեցնէ Ցեղասպանութեան ժխտումը, վերացնէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը եւ վերջ դնէ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ թշնամական վերաբերումին: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքնակամ եւ առանց վերապահութեան պիտի չբաւարարէ հայերուն պահանջները, եւ որ բոլոր առկախուած հարցերը պէտք է լուծուին օր մը, անմիջական բանակցութիւններու միջոցով, Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները պէտք է պատրաստուին նման հաւանականութեան: Այս առումով, որպէս նախընթաց՝ կարեւոր է վերանայիլ 1977 թուականին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Սապրի Չակլայանկիլի եւ հայկական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձանագրութիւնները: Ստորեւ կը ներկայացնեմ որոշ գաղափարներ, որոնք պէտք է նկատի առնուին՝ նախքան Թուրքիոյ ղեկավարներու եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներու միջեւ որեւէ հետագայ հանդիպումներ կամ քննարկումներ կայանալը. 1. Սփիւռքի ընտրուած ներկայացուցչական մարմինի բացակայութեան պարագային, հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւնները, դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններ վարելու ոլորտին մէջ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներու աջակցութեամբ, պէտք է ձեռնամուխ ըլլան միասնականռազմավարութեան եւ Թուրքիոյ նկատմամբ պահանջներու ցուցակի մը մշակման: Ոչ մէկ հայկական կազմակերպութիւն կամ անհատ պէտք է ներգրաւուի Թուրքիոյ հետ առանձին բանակցութիւններու մէջ, որպէսզի Անգարան չկարենայ պառակտումներ ստեղծել Սփիւռքի մէջ: 2. Պարտադիր է, որ Սփիւռքի ներկայացուցիչները համաձայնեցնեն բանակցութիւններ վարելու հարցով ունեցած իրենց դիրքորոշումները՝ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներուն հետ, որպէսզի Թուրքիոյ հարցով միասնական դիրքորոշում մը ապահովուի: Բնական պայմաններու մէջ, Թուրքիոյ դիւանագէտները հայկական հարցերը պիտի բարձրացնէին Հայաստանի հետ անմիջական բանակցութիւններու ընթացքին: Սակայն, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի կողմէ Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն խափանումը՝ մինչեւ Արցախի հակամարտութեան աւարտը, Թուրքիոյ ղեկավարները ուրիշ այլընտրանք չունին, բացի կապ հաստատելէ Սփիւռքի հետ եւ զբաղուելէ անոր իրաւացի պահանջներով: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ