Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը Ուրմիա


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը Ուրմիա

  • 23-05-2012 18:07:26   |   |  Հասարակութիւն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2012-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ս. Ստեփանոս դարաւոր վանքի վերանորոգեալ զանգակատունը օծելէն ետք, իր շքախումբի անդամներով ուղղուեցաւ դէպի Ուրմիա, ուր շրջանի հայութիւնը, Ռահվայէն, Կեարտապատէն եւ այլ շրջաններէն ժամանած էր, ողջունելու համար Վեհափառ Հայրապետը: Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ դարպասին առջեւ կանգ առնելով, Վեհափառ Հայրապետը Ամպհովանիով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, մանուկներու երգչախումբի «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ: Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեանի կողմէ աղ ու հացի մատուցումէն եւ օրհնութենէն ետք, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը Արեւմտեան Ատրպատականի շրջանին մէջ, եւ ներկայացուց տեղւոյն հայութիւնը իբրեւ սրտամօտ, անկեղծ, բարեպաշտ հաւատացեալ, ազգային ապրումներով ու աւանդութիւններով լեցուն ժողովուրդ: Անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետին Իրանահայ թեմերուն տուած հովուապետական այցելութեան այս նախաձեռնութիւնը, շեշտեց հովուապետ եւ հօտ փոխադարձ սիրոյ հրամայականը, որ նման այցելութիւններով աւելի եւս կÿամրապնդուի: Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով ներկայ հոծ բազմութեան, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու նկատմամբ հոգածու վերաբերումին. «Հաւատքը, յոյսը եւ սէրը ամէնէն էական տարրերն են մեր քրիստոնէական կեանքին ու վարքին: Աստուծոյ նկատմամբ մեր վստահութիւնը հաւատքով կÿարտայայտենք, մեր ազգային վառ երազներու եւ տեսիլքներուն կը նայինք յոյսով, իսկ մեր նմանին հանդէպ մեր մարդկային ամէնէն անկեղծ զգացումները եւ հոգածութիւնը կÿարտայայտենք սիրով»: Վեհափառ Հայրապետը այնուհետեւ դրուատիքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ բարերար Տիար Էդիկ Մէջլումեանի յարատեւ ջանքերուն, Ուրմիոյ շրջանի հայութեան կեանքէն ներս, եւ գնահատելով անոր ներդրումը Ազգային Առաջնորդարանին եւ Ուրմիոյ հայութեան, անոր շնորհեց Հայրապետական Օրհնութեան Կոնդակ, զոր ընթերցուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին կողմէ: Ապա, Տիար Մէջլումեան աջահամբոյրով ստացաւ զայն Վեհափառ Հայրապետին ձեռքէն: Յայտնենք, որ Եկեղեցւոյ մանուկներու երգչախումբը գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ հոգեւոր հովիւին: Նոյն օր, երեկոյեան ժամը 9-ին, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկայացուեցան երգեր, ասմունքներ, արտասանուեցան բաժակաճառեր, ինչպէս նաեւ եղան սրտաբուխ արտայայտութիւններ, հանդիսավար պրն. Գարամանեանի կողմէ: Ճաշկերոյթին ներկայ բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները խօսք առնելով, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին համապատասխան միութեան աշխատանքը: Խօսք առնելով, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը անգամ մը եւս իր ողջոյնը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մինչեւ Ուրմիա եկած էր մօտէն հանդիպելու համար շրջանի հաւատաւոր հայութեան: Հայր Սուրբը իր գնահատանքը յայտնեց Գործակալական Խորհուրդին, դիմաւորման յանձնախումբին եւ յարակից բոլոր մարմիններուն, որոնք պատշաճ դիմաւորութիւն կազմակերպած էին Նորին Սրբութեան համար: Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Տիար Էդիկ Մէջլումեանի բարերար ոգիին ու նուիրումին, յիշելով որ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան առիթով, անխտրական ոգիով ու միեւնոյն կապուածութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմին, Ազգային Առաջնորդարանի երկրորդ յարկի առաջնորդական յարկաբաժինը ամբողջութեամբ վերանորոգել տուած եւ կահաւորած էր, որու համար իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հրապարակաւ: Ան յիշեց նաեւ եկեղեցւոյ նուիրեալ ատենապետ Տիար Մանասէր Մուրատեանը, իր գործակիցներով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ժրաջան քարտուղար Տիար Րաֆիկ Ալեքսանեան: Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամին մէջ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրմիոյ եւ շրջակայքի հայութեան եկեղեցասիրութեան, ազգային շունչին ու Թեմին կապուածութեան: Իր անձին մասին եղած ինքնաբուխ արտայայտութիւններուն, երգերուն եւ ասմունքներուն համար իր գնահատանքը յայտնեց, շեշտելով ազգային եկեղեցական կեանքին մասնակցութեան ոգին վառ պահելու հրամայականը. «Մեր հոգեւոր արժէքները՝ մեր եկեղեցին, մեր ազգը, մեր մշակոյթը, մեզ մեր ազգային կեանքին մէջ հարազատ պահող ազդակներ են, որոնց նկատմամբ գուրգուրալից վերաբերում պէտք է ցուցաբերենք: Եկեղեցի մեր յաճախելով, ազգային ձեռնարկները լաւ կազմակերպելով, մեր մշակոյթը սիրելով, հայ երգն ու երգարուեստը, եւ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները սիրելով, մենք աւելի՛ կը հայանանք, մեր արմատներուն աւելի կը մօտենանք, եւ մեր նոր սերունդները ազգային առողջ դաստիարակութեամբ կը մեծցնենք» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Վեհափառ Հայրապետին սոյն այցելութեան առիթով, ազգային բարերար Տիար Էդիկ Մէջլումեանի ձեռամբ Նորին Սրբութեան յանձնուեցաւ արծաթեայ յուշանուէր, իբրեւ մնայուն յուշարար շրջանի հայութեան սիրոյն ու յարգանքին, հանդէպ Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: «Կիլիկիա» երգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական օրհներգով փակուեցաւ ճաշկերոյթը: Յայտնենք, որ Ուրմիոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետին հիւրընկալներն էին Տէր եւ Տիկին Էդիկ եւ Սանտրա Մէջլումեաններ, որոնք բարձրագոյն աստիճանի հիւրասիրութեամբ պատուեցին Ուրմիա այցելող Մեծ Հիւրը:
  -   Հասարակութիւն