Սպանվել է հայ ճաշարանատեր


Սպանվել է հայ ճաշարանատեր

  • 29-05-2012 16:43:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
27 Մայիս Կիրակի, Սէնթ Փէթէրսպուրկի մէջ սպաննուեցաւ հայ ճաշարանատէր մը՝ Սարգիս Պետիկէան։ «Քոմսոմոլսքայայ Փրաւտայ» թերթը մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ սպանութէան առընչութէամբ, եայտնելով որ դէպքի օրը, 45ամէայ Սարգիս Պետիկէան կանգնած էր «Քամէլոթէ» ճաշարանի ներքին բակին մէջ եւ բանուորներու հետ միասին նոր սրահի բացման հարցը կը քննարկէր։ Այդ պահուն իրեն կը մօտենայ երիտասարդ մը ու ատրճանակը բարձրացնելով՝ կրակ կը բանայ անոր վրայ։ Պետիկէան կը եաջողի եարձակիլ մարդասպանի վրայ, կառնէ զէնքը ու փոխադարձ կրակոցով կը վիրաւորէ զայն։ Մարդասպանն ալ իր կարգին յետոյ դարձէալ կը խլէ ատրճանակը քանի մը կրակոցնէր կարձակէ ու խոյս կ?ուտայ դէպքի վայրէն։ Սպանէալի եղբայրը՝ 42ամէայ Խաչատուր Պետիկէան կը հետապնդէ ու կը բռնէ զայն, սակայն մարդասպանն ալ կը մեռնի հիւանդանոցի ճամբուն վրայ։ Սարգիս Պետիկէան Սէնթ Փէթէրսպուրկի մէջ հաստատուած էր 1990 ականներուն ու Ռուսաստանահպատակ էր։ Ան ուրիշ ճաշարան մը եւս ունէր, իսկ իր եղբայրը Խաչատուր ճաշարանի խոհարարն էր։ Պետիկէան ամուսնացած էր եւ ունէր երկու անչափահաս զաւակներ։ Գործընկերներ մեծ գովասանքվ կարտայայտուէին իր մասին: «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը