Ժնեւում տեղի ունեցավ Վեր. Ահարոն Սափսըզյանի հյուղարկավորությունը


Ժնեւում տեղի ունեցավ Վեր. Ահարոն Սափսըզյանի հյուղարկավորությունը

  • 04-06-2012 13:40:09   |   |  Հասարակութիւն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 4 Յունիս 2012-ի առաւօտուն, Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Վեր. Ահարոն Սափսըզեանին: Հանգուցեալի ընտանիքին կողքին յուղարկաւորութեան ներկայ էին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը ու պաշտօնէութիւնը, Զուիցերիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ ազգայիններ Զուիցերիոյ զանազան շրջաններէն: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցական գիրին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յանձնախումբի Փոխ-Ատենապետուհի Տիկ. Թենի Սիմոնեան, Վեր. Ահարոն Սափսըզեանը ներկայացուց որպէս մեծ աստուածաբան, միջ-եկեղեցական շարժումի մասնագէտ եւ Հայ Դատի քաջ պաշտպան: Վեր. Սափսըզեանը ծնած է Հալէպի մէջ 1927 թուին Ցեղասպանութենէ վերապրած մարաշցի ծնողքէ ու իր փոքր տարիքին ծնողքին հետ հաստատուած է Պրազիլի մէջ: Ան Պրազիլի մէջ հիմնած է աստուածաբանական քոլէճներու միութիւնը. եղած է Լոնտոնի աստուածաբանական ուսմանց հիմնադրամի Միջին Արեւելքի եւ հարաւային ամերիկայի պատասախանատուն. ապա՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի աստուածաբանական ուսմանց բաժանմունքի տնօրէնը: Իր աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական աւեկի քան 50 տարիներու վրայ տարածուած գործունէութեան առընթեր, Վեր. Սափսըզեան հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման բերած է իր գործօն մասնակցութիւնը՝ հրատարակութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով թէ՛ Պրազիլի ու թէ Զուիցերիոյ մէջ: Ան մօտէն ճանչցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալները՝ Խորէն Ա., Գարեգին Բ. ու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները: Որպէս գնահատանք իր ծառայութեան, շուրջ երկու տարիներ առաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով:
  -   Հասարակութիւն