Այբբենարանի հանդէս Կ'էտիկփաշայի Ս. Եօւհաննէս Աւետարանական եկեղեցւոյ երդիքին տակ


Այբբենարանի հանդէս Կ'էտիկփաշայի Ս. Եօւհաննէս Աւետարանական եկեղեցւոյ երդիքին տակ

  • 16-05-2011 18:26:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Չեմ յիշեր թէ վերջին անգամ Հայաստանի մէջ ե՞րբ եւ ի՞նչ առիթով է որ ներկայ գտնուած էի Այբբենարանին հրաժեշտ տալու կամ տառաճանաչութէան հանդէսի մը, որ առաջին դասարանի դպրոցական աշակերտի մը համար առաջին լուրջ քննութիւն կը հանդիսանայ եւ անջնջելի տպաւորութիւններով կը դրոշմուի մանկութէան իւշերուն մէջ։ Հաւանաբար այդպիսի վերջին իւշս կապուած էր մօրեղբօրս աղջկայ հետ եւ արդէն 18-20 տարիէ ի վեր ես ալ, առանց անդրադառնալու, իսկապէս կարօտ մնացած էի իմ սիրելի արեւելահայերէն լեզուով մանկական ոտանաւորներու, որոնցմով կը հիւսուի մայրենի լեզուի գովքը եւ որ այնքա՜ն քաղցրօրէն կը հնչէ հայ մանուկներու շրթներէն։ Իսթանպուլի մէջ հաստատուելէ 17 տարի վերջ »այբբենարանէան« նոր անակնկալ մը եկաւ օրուայ թիւ մէկ իրադարձութիւնը դառնալ իմ առօրէայ կէանքիս մէջ, այս վերջին շաբթուայ ընթացքին։ Կ'էտիկփաշայի Ս. Եօւհաննէս Աւետարանական եկեղեցւոյ երդիքին տակ գործող »հայաստանէան« դպրոցի տնօրէնուհին եւ ուսուցչուհիներէն մէկը, խումբ մը աշակերտներու հետ միասին մեր Խմբագրատունը այցելեցին եւ մեզ հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու առաջին դասարանցիներու տառաճանաչութէան հանդէսին։ Սիրով ընդառաջեցինք ու Շաբաթ օր առաւօտուն, մանկութէան ինչ ինչ իւշեր ալ վերարթնցնելով իմ մտքիս մէջ, գացի Կէտիկփաշա, հայաստանցի մանուկներու այդ փոքրիկ դպրոցական »ովասիսը«, ուր անոնց կ'էանքի էջերը կը գրուէին բոլորովին տարբեր միջավայրի ու հայաստանէան դպրոցներէն տարբեր կրթութէան օճախի մը մէջ։ Առաջին դասարանի վեց աշակերտները, նախակրթութէան բաժնի իրենց միւս դասընկերներու հետ միասին, մեծ իւզումով ու անհամբերութէամբ շարուած էին եկեղեցւոյ ժողովարանի սրահին մէջ, ուր հրաւիրէալներու հետ միասին, ծնողներն ալ, նոյն իւզումը կը բաժնէին, անպայման իրենք ալ իրենց միտքերուն մէջ տեղ տալով դպրոցական ամենատարբեր յիշատակներու։ Բեմը՝ իր եառաջամասով զարդարուած էր գոյնզգոյն փչուկներով, որոնց վրայ աշակերտները՝ իրենց մանկական սիրտերէն բխած անկեղծ »խոստովանութիւններ«ը գրի առած էին ուսուցիչներու թելադրութէամբ. »Մենք խօսում ենք հայերէն«, »Սիրում եմ քեզ հայոց լեզու«, »Ինչքան որ հուր կ'այ մեր սրտում՝ բոլորը ձեզ«, »Իմ առաջին բառը՝ մայրիկ«, »Ինչու՞ չես խօսում հայերէն«, »Ես ուզում եմ ապրել խաղաղ«, եւլն.։ Հանդէսէն առաջ իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին տնօրէնուհի Տիկին Հերիքնազ Աւագէան եւ Պատուելի՝ Գրիգոր Աղապալօղլու։ Տիկին Աւագէան, յիշեցուց որ ութ տարի առաջ էօթը աշակերտներով »բացած« էին այս դպրոցը եւ այն ինչ որ այժմ ունին, կը պարտէին Հայր Գրիգորին, որ համարձակ քայլով մը եկեղեցւոյ երդիքին տակ դպրոցական բոյն տուած էր իրենց, ընդունած այդ աշակերտները, որոնց թիւը այսօր կ’անցնի 75ը։ Շեշտեց որ դժուար է օտար հողերու վրայ, հայ ինքնութէամբ կրթել աշակերտները եւ եաջողիլ զանոնք փրկել ուծացումէն ու ձուլումէն, բայց ինք ու իր միւս գործակից ուսուցիչները կը փորձեն այդ ոգին վառ պահել մանուկներու սիրտերուն մէջ եւ երբեք չկորսնցնել լաւատեսութիւնը՝ ապագայի նկատմամբ։ Խօսեցաւ նաեւ Հայր Գրիգորը, որ իր կարգին շեշտեց թէ այս դպրոցը հիմնուած էր որպէսզի հայաստանցի մանուկները չկորսուէին փողոցներու մէջ եւ թէկուզ փոքրիկ, բայց հայաստանաբոյր մթնոլորտի մէջ։ Յիշեցուց որ այդ մանուկներն ու իրենց ծնողները արդէն մեծ փորձութիւններու կուրծք տալով է որ առժամաբար կը բնակին հոս, ուստի մաղթելի էր որ գոնէ տեղացի հայերու եւ անոնց միջեւ առկայ սահմանները »բացուէին« ու միշտ ալ յիշուէր որ հայը՛ հայ է ուր որ ալ ապրի, ո՛ր երկրէն ալ որ եկած ըլլայ։ Այս երկու ելոյթներէն ետք բեմը եանձնուեցաւ հայաստանցի աշակերտներուն ու առաջին իսկ պահէն, հակառակ որ անոնք միայն կանգնած էին եւ նոյնիսկ չէին ալ սկսած իրենց եայտագրին, մեր աչքերը տամկացան, արցունքները սկսան մէկ առ մէկ հոսիլ մեր բոլորի աչքերէն, ակօսներ բանալ մեր դէմքերուն վրայ։ Արա Գէորգէանի եայտնի ստեղծագործութիւններէն »Կարօտ«ը, իր հայաշունչ ու կարօտաբոյր ելեւէջներով արդէն ըրած էր իր »գործը«. մեր սիրտը ալեկոծել մեր ծննդավայր երկրի հանդէպ անմարելի կարօտով, հաւանաբար գոնէ քանի մը ժամուայ կամ քանի մը օրուայ համար Հայաստան գտնուելու, այս հանդէսը հայրենի հողին վրայ վրայ սարքելու զօրաւոր փափաքով, թերեւս հայու ճակատագրի հանդէպ տեսակ մը բարկութէամբ, բայց ինչ որ ալ ըլլայ, նաեւ... լաւատեսութէամբ։ Նախ 5րդ դարն է որ ներկայացման ձեւով պատկերացաւ մեր աչքերուն առջեւ։ Մէկ կ'ողմէ Սահակ Կաթողիկոս ու միւս կ'ողմէ Տրդատ թագաւորը հայ ազգը փրկելու համար ճակատագրական քայլ մը կ’առնէին ու Մեսրոպ Մաշտոցը պաշտօնի կը կոչէին հայոց այբուբենի տառերը գտնելու համար։ Յետոյ կ’երեւէր Մեսրոպ Մաշտոց, որ երկար դեգերումներու ու ճգնաջան աշխատանքի արդիւնքով, կ’արարէր հայոց տառերը ու որպէս գոյատեւման գրաւական զայն կը եանձնէր մեր ժողովուրդին։ Ու... այդ պահէն սկսէալ աշակերտներուն է որ տրուեցաւ իրենց մանկական շրթներով մեր մայրենիի գովքը հիւսելու, հայոց լեզուն փառաբանելու գեղեցիկ առիթը։ Մայրենիին ձօնուած բազմաթիւ իւզիչ բանաստեղծութիւններ, Արա Գէորգէանի կամ Շուշան Պետրոսէանի »Երկիր հայրենի«ի ելեւէջներու ներքեւ, մանկացուցին մեզ, հայաստանցի աշակերտներու բերնով մենք ալ սկսանք մեր ոսկեղնիկը պանծացնել եւ ինքնութէամբ հայ մնալու մեր »ուխտ«ը թարմացնել։ Բանաստեղծութիւններու հետ միասին, մեր հոգիները փոթորկեցին, սկսան դէպի հայրենի տուն տանիլ մեր իւշերը, միտքով մեզ առաջնորդել դէպի մեր լաւ ու հին օրերը, յետոյ... մանկական իւշերը մի առ մի փոխադրել այս սրահէն ներս ու զանոնք մէկտեղել տղոց արտասանութիւններու հետ։ Կարծես թէ ամէն ինչ մէկ շունչով մատուցուեցաւ հանդիսականներուն ու վերջաւորութէան, իւզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ հայրենի երգչուհի Այտա Սարգսէանի »Մայրիկ« երգի հնչիւններուն առընթեր,, աշակերտները բեմի մօտ դրուած վարդերը առնելով, զանոնք նուիրեցին իրենց մայրերուն եւ սրահին մէջ գտնուող իգական սեռի բոլոր ներկայացուցիչներուն։ Բոլորն ալ կուլային, աշակերտները թերեւս չէին հասկնար, անոնց մանկական ուղեղները չէին ըմբռնէր թէ ի՞նչ էր այդ լացի պատճառը, բայց անօրինակ իւզիչ պատկեր մը ստեղծուած էր սրահին մէջ։ Հանդէսը վերջացաւ ու Տիկին Հերիքնազ Աւագէան հրաւիրէալները առաջնորդեց դէպի »հայաստանէան դպրոց«, որու պատերը զարդարուած էին աշակերտական գրութիւններով ու դպրոցական կէանքը ցոլացնող տարբեր լուսանկարներով։ Այո՛, այդ փոքրիկ դասարաններու մէջ հայաստանցի մանուկները՝ իրենց նուիրէալ ուսուցիչներու առաջնորդութէամբ, իրենց կենսագրութէան էջերը կը գրէին, բայց ինչ որ ալ ըլլայ, կը գրէին լաւատեսութէամբ ու միակ մաղթանք մը ունենալով իրենց փոքրիկ սիրտերուն մէջ. վերադառնալ ծննդավայր երկիր, ապահով օթեւան մը գտնել հայրենի հողին վրայ եւ ապագան կերտել հայաստանէան երկինքի ներքեւ։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք հայաստանցի աշակերտները՝ տառաճանաչութէան իրենց առաջին քննութիւնը այսքա՜ն եաջողապէս եանձնելու համար։ Կը շնորհաւորենք ու մեծապէս կը գնահատենք նաեւ իրենց ուսուցիչներն ու Հայր Գրիգոր Աղապալօղլուն, հայրենանուէր իրենց անձնազոհ աշխատանքի համար։ Ն. ՍԻՒԶՄԷ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը