Էրտողանի Արժանթին Այցէն Հրաժարումը Այն Գինն Է,<br /> Զոր Թուրքիան Կը Վճարէ Ցեղասպանութեան Համար<br />


Էրտողանի Արժանթին Այցէն Հրաժարումը Այն Գինն Է,
Զոր Թուրքիան Կը Վճարէ Ցեղասպանութեան Համար

  • 01-06-2010 15:35:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Չբաւարարուելով տարածաշրջանին տիրապետելու իր նոր օսմանեան քաղաքականութեամբ, Թուրքիան որոշած է ընդլայնել իր ազդեցութեան ծիրը դէպի շատ աւելի հեռուները՝ երկրագունդի չորս կողմերը: Սակայն, երբ Թուրքիան իսլամական աշխարհը սիրաշահելու համար պաղեստինցիներու տառապանքներուն նկատմամբ ձեւական կարեկցանք ցուցաբերեց, ան իր կռնակը դարձուց իր քաղաքական եւ ռազմավարական վաղեմի գործընկեր Իսրայէլին եւ ՆԱԹՕի դաշնակիցներուն: Վերջերս Պրազիլի նախագահին հետ Իրան կատարած եւ լայնօրէն լուսաբանուած իր այցելութենէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յարաճուն ճանաչումին հակազդելու մղումով տոգորուած՝ վարչապետ Էրտողան անցեալ շաբաթ ձեռնամուխ եղաւ իր առաջին ուղեւորութեան դէպի Արժանթին, Պրազիլ եւ Չիլի: Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը այս այցելութիւնը նախապատրաստելու ժամանակ, եռանդուն աշխատանքներ տարած էր տեղական իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի թոյլատրեն Էրտողանին, եօթը նախարարներու եւ 300 գործարարներու ուղեկցութեամբ՝ հանդիսաւոր բացումը կատարել Քեմալ Աթաթիւրքի կիսանդրիին, Պուենոս Այրեսի մեծ զբօսայգիներէն մէկուն մէջ: Ի պատասխան թուրք դեսպանի յարաբերական աշխատանքներուն, տեղւոյն հայկական համայնքը դիմեց հակահարուածներու՝ վճարովի յայտարարութիւններ տեղադրելով երկու խոշոր թերթերու մէջ, եւ Պուենոս Այրեսի քաղաքապետարանէն պահանջելով չմեծարել Աթաթիւրքը, վերջինս մեղադրելով Երիտթուրքերու վարչակարգի նախաձեռնած Ցեղասպանութիւնը շարունակելուն համար: Հայերը իրենց բողոքը արտայայտեցին նաեւ Էրտողանի այցելութեան դէմ՝ մեղադրելով զայն Ցեղասպանութեան ժխտողական կառավարութիւն մը գլխաւորելուն համար: Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնները դրականօրէն արձագանգեցին հայերու մտահոգութիւններուն՝ շնորհիւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ ունեցած անոնց վաղեմի ջերմ յարաբերութիւններուն: Աւելին, վերջին տարիներուն, քաղաքային իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած են երկու դասագիրքեր, որոնք կ՛օգտագործուին քաղաքի դպրոցներուն մէջ իբրեւ դասագիրք: Կարեւոր է, որ այդ դասագիրքերը կը լուսաբանեն Աթաթիւրքի ունեցած դերը իր նախորդներու ցեղասպան գործունէութիւնը շարունակելու գործին մէջ: Թրքական ծրագիրները ի վերջոյ ձախողեցան, երբ բացայայտուեցաւ, որ Թուրքիոյ դեսպանը փորձած էր խաբել Պուենոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւնները: Ան սուտ խօսելով պնդած էր, թէ պարզապէս արտօնութիւն կը խնդրէ քանի մը տարի առաջ իբր թէ կորսուած Աթաթիւրքի կիսանդրին փոխարինելու համար: Դեսպանը քաղաքային իշխանութիւններէն խնդրած էր շտապ որոշում կայացնել, որպէսզի Աթաթիւրքի կիսանդրիին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետին՝ Մայիս 31ին Արժանթին կատարելիք այցելութեան օրերուն: Թուրքիոյ դեսպանի պահանջները քննարկելու ընթացքին, Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնները յայտնաբերեցին, որ Աթաթիւրքի կիսանդրին երբեք այդ զբօսայգիին մէջ չէ կանգնեցուած: Այդտեղ, իրականութեան մէջ, ժամանակին զետեղուած էր մարդու իրաւունքներու եգիպտացի նշանաւոր պաշտպանի մը կիսանդրին: Արժանթինի արաբական մեծ համայնքը չափազանց զայրացած էր, իմանալով, որ թուրք դեսպանը կեղծ փաստարկներ բերելով՝ փորձած էր իրենց սիրելի հերոսին կորսուած կիսանդրին փոխարինել Աթաթիւրքի կիսանդրիով: Թուրքիոյ դեսպանը միտումնաւոր կերպով կեղծած էր փաստերը՝ քաջ գիտակցելով, որ քաղաքային իշխանութիւնները չեն համաձայնիր ընդունիլ օրէնք մը, որ թոյլ կրնայ տալ Աթաթիւրքի կիսանդրիին տեղադրումը: Դեսպանը փորձած էր խաբել զանոնք՝ խնդելով, որ թոյլ տան պարզապէս փոխարինել »կորսուած« կիսանդրին: Երբ Էրտողանը իմացաւ, որ Աթաթիւրքի կիսանդրիին տեղադրումը պիտի չկայանայ, ան Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Քիրշներէն պահանջեց վերատեսութեան ենթարկել քաղաքային իշխանութիւններուն որոշումը: Սակայն, Քիրշներ բացատրեց, որ ինք նման քայլ առնելու իրաւասութիւն չունի, որովհետեւ Պուենոս Այրեսը ինքնուրոյն ղեկավարութիւն ունի, եւ տեղական հարցերուն միջամտելու որեւէ փորձ Արժանթինի ժողովրդավարական սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Էրտողան Աթաթիւրքի երկրպագուն չէ, այլ՝ իսլամիստ մը, ան ստիպուած էր պաշտպանել Թուրքիոյ յարգելի հիմնադիր եւ ազգային հերոս Աթաթիւրքի »պատիւը«: Այլապէս, տուն վերադարձին, վարչապետը լուրջ յարձակումներու թիրախ կրնար դառնալ թուրք ազգայնականներու եւ հզօր բանակին կողմէ: Վերջին հարցախոյզներուն համաձայն, անոր կուսակցութիւնը (AKP) իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, իր ժողովրադկանութեամբ կը զիջի ընդդիմադիր քեմալիստական կուսակցութեան (CHP), որ կրնայ լուրջ անհանգստութեան պատճառ դառնալ վարչապետին համար յաջորդ տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս իրավիճակին մէջ, Էրտողան ստիպուած էր չեղեալ յայտարարել չափէն աւելի գովաբանած իր ուղեւորութիւնը Արժանթին՝ Պրազիլ այցելելէն ետք: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զայրոյթով մեղադրեց Արժանթինի հայ համայնքը՝ վարչապետին վճռորոշ այցը ձախողեցնելուն համար: Առաջին անգամն է, որ Թուրքիոյ վարչապետ մը ստիպուած է ընդհատել իր արտասահմանեան այցելութիւնը՝ հայ համայնքի աչալրջութեան շնորհիւ: Պէտք է արժանին մատուցել արժանթինահայերուն՝ իրենց արդիւնաւէտ գործունէութեան համար: Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները պէտք է հետեւին անոնց օրինակին՝ իրականացնելով օրէնքով թոյլատրելի բոլոր միջոցները՝ թուրք պաշտօնեաներու այցելութիւնները, ռազմական եւ առեւտրային պայմանագիրները չեղեալ յայտարարելու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու ուղղութեամբ, ընդհուպ մինչեւ դեսպաններու յետկանչը: Թուրքիոյ ղեկավարներուն պէտք է մշտապէս յիշեցնել իրենց նախնիներուն գործած զանգուածային ոճրագործութիւններուն մասին: Այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ փոխհատուցում չէ կատարած, ապա ստիպուած է քաղաքական ու տնտեսական շատ թանկ գին վճարել տարիներ շարունակ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
  -   Յօդուածներ