Թրքական սփյուռքը` ընդդեմ հայկական սփյուռքի


Թրքական սփյուռքը` ընդդեմ հայկական սփյուռքի

  • 09-06-2012 18:30:05   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիա որոշած է հայկականին դէմ զօրացնել թրքական սփիւռքը: Այս հեռանկարով կազմակերպած է հանդիպում մը, որ տեղի ունեցած է Յունիս 7ին եւ 8ին, Անգարայի մէջ, ուր արտասահման բնակող 6,5 միլիոն թուրք քաղաքացիներու ներկայացուցիչները առաջին անգամ ըլլալով քով քովի եկած են: Վարչապետ Էրտողանի հրահանգով՝ փոխ-վարչապետ Թէքիր Պօզտաղ առաջնորդը պիտի հանդիսանայ հայկականին նման թրքական սփիւռք մը ստեղծելու այս գործին: Անգարա հրաւիրուած են զանազան երկիրներու մէջ բնակող Թուրքերու կողմէ հիմնուած 500 կազմակերպութիւններու նախագահներ: Հաւաքոյթը տեղի ունեցած է Անգարայի մէջ: Օրակարգին մաս կազմած են արտասահմանի մէջ ապրող թուրք քաղաքացիներու հարցերը, քննարկուած են նաեւ այն միջոցները որոնց շնորհիւ կարելի կը դառնայ հասարակաց քաղաքականութիւն մշակել Թուրքիան շահագրգռող հարցերուն մէջ: Բնականաբար առաջնակարգ թեման հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները, բայց նաեւ Եւրոպայի մէջ հետզհետէ զօրացող ցեղապաշտ հոսանքը, կամ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը, եւլն.: Գաղափար մը տալու համար, թէ ի՛նչ աստիճանի կարեւորութիւն կ?ընծայուէր այս նախաձեռնութեան, նշենք թէ բացի վերոնշեալ փոխ-վարչապետէն, անոր կը մասնակցէին նաեւ վարչապետի առաջին տեղակալը եւ առնուազն հինգ նախարարներ: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը