Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Երեք Մարմիններն Ալ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Երեք Մարմիններն Ալ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

  • 12-06-2012 17:12:15   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թէեւ ընթերցողները ընդհանրապէս իրազեկ են, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց եւ այնպէս շատերը տեղեակ չեն, որ Միացեալ Նահանգներու դատական իշխանութիւնը եւս քանի մը առիթներով վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը: Իսկապէ՛ս, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երեք մարմիններն ալ պաշտօնապէս հաստատած են, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրական Ցեղասպանութիւն է: Գործադիր մարմինը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձաւ 1951 թուականին՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուած առանցքային փաստաթուղթով։ Հոն կը նշուի. «Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը արդիւնք է անմարդկային եւ բարբարոսական գործողութիւններու կիրառման, որ կատարուած է որոշ երկիրներու մէջ մինչ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, եւ անոր ընթացքին կրօնական, ցեղային եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հետեւորդ խումբեր ենթարկուած են կանխամտածուած ոչնչացման սպառնալիքի եւ ոչնչացման: Ցեղասպանութեան երեւոյթը գոյութիւն ունեցած է մարդկային ողջ պատմութեան ընթացքին: Հռոմէացիներուն կողմէ քրիստոնեաներու հալածանքը, թուրքերուն կողմէ հայերու ջարդը, նացիներու կողմէ միլիոնաւոր հրեաներու եւ լեհերու կոտորածը ցեղասպանութեան յանցագործութեան վառ օրինակներ են»: Գործադիր մարմինին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեանը երկրորդ անդրադարձը կատարած է նախագահ Ռանըլտ Ռիկընը՝ 1981 թուականի 22 Ապրիլին, թիւ 4838 նախագահական հռչակագիրով, ուր կը նշուի. «Անկէ առաջ պատահած Հայերու Ցեղասպանութեան նման, ու անոր հետեւած քամպոտիացիներու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ ազգերու դէմ հալածանքներուն նման, Ողջակիզումի դասերը պէտք չէ երբեւիցէ մոռցուին»: Իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օրէնսդիր մարմինը ընդունած է երկու որոշումներ, որոնք կը հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը: Առաջին որոշումով, որ հաստատուած էր 8 Ապրիլ 1975ին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, 24 Ապրիլ 1975 թուականը նշուեցաւ իբրեւ «Յիշատակման օր՝ ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու, յատկապէս՝ հայկական ծագումով անհատներու, որոնք 1915 թուականի ցեղասպանութեան զոհ դարձան»: Երկրորդ որոշումով, որ հաստատուած է 10 Սեպտեմբեր 1984ին՝ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան կողմէ, 24 Ապրիլ 1985 թուականը ճշդուեցաւ «Յիշատակման օր՝ ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն, յատկապէս՝ 1915-1923 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ կատարուած մէկուկէս միլիոն հայ բնակչութեան ցեղասպանութեան զոհերուն»: Տունը նաեւ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու յաւելուած՝ 1996 եւ 2004 թուականներուն, արտաքին գործառնութիւններու յատկացման վճիռներով: Այնուամենայնիւ, շատեր անտեղեակ են, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երրորդ մարմինը՝ դատական իշխանութիւնը, առնուազն երեք դաշնակցային դատարաններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վճիռ կայացուցած է: Դատական իշխանութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող առաջին անդրադարձը՝ 11 Օգոստոս 2010ին առաջին շրջանի վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորի կազմով միաձայնութեամբ ընդունուած վճիռն էր: Միացեալ Նահանգներու գերագոյն դատարանի նախկին դատաւոր Տէյվիտ Սաութըրի կողմէ գրուած որոշումին մէջ, դատարանը մերժեց ամերիկեան-թրքական խումբի պահանջը այն մասին, որ Մեսեչուսեցի կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած ուսումնական ուղեցոյցին մէջ, որ բացայայտօրէն կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, պէտք է ներառուէր «ցեղասպանութեան հակադրուող» յղումներ: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկրորդ դատական գործը 26 Յունուար 2011ին դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլըր-Քոթելիի՝ Ուաշինկթընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշարձանի գործով վճիռն էր: Իր որոշման ներածական պարբերութեան մէջ դատաւոր Քոլըր-Քոթելի մէջբերեց Ատոլֆ Հիթլըրի սոսկալի բառերը. «Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին»: Ան բացատրեց, որ Հիթլըր նկատի ունէր «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ իրենց պատմական հողերուն վրայ ապրող հայկական բնակչութիւնը ոչնչացնելու նպատակով Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան ի գործ դրած բաւական յաջող ջանքերը, որոնք այսօր յայտնի են որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն»: Դատաւորը տողատակի կը նշէ, որ «Դատարանին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը նպատակ չունի որեւէ կարծիք արտայայտել այդ պիտակի պատշաճութեան մասին»: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական երրորդ յղումը կատարուած է 3 Մայիս 2012ին, երեք դատաւորի կազմով հանդէս եկող ութերորդ շրջանի վերաքննիչ դատարանին կողմէ, երբ անիկա մերժեց Ամերիկայի թրքական հաշախմբման հայցը՝ ընդդէմ Մինըսոթա նահանգին: Դատաւորները, միաձայնութեամբ, ուղղակի եւ առանց որակումներու անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան՝ զայն նկարագրելով որպէս «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ թուրքերուն կողմէ կատարուած հայերու ցեղասպանութիւն»: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երեք անկախ մարմիններն ալ, վերահաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ Միացեալ Նահանգները կը դնեն իր արդարացի տեղը՝ շարքին մէջ այդ առաքինի ազգերուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Փաստօրէն, բազմաթիւ առումներով, Միացեալ Նահանգները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ ունի շատ աւելի համապարփակ դիրքորոշում, քան բազմաթիւ այլ երկիրներ, որոնք այս հարցին վերաբերեալ օրէնսդրական որոշում ընդունած են պարզապէս: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ