16-06-2012 14:28:39 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ամենայն հաւանականութեամբ՝ վերջին շրջանին աշխուժացած Քիւրտերու դժգոհութեան շարժումը մասամբ մեղմացնելու միտումով, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Յունիս 12ին յայտարարած է, թէ այսուհետեւ քրտերէնը պիտի ուսուցանուի պետական դպրոցներուն մէջ: “Մեր աշակերտները պիտի կարենան սորվիլ տեղական լեզուներն ու բարբառները: Օրինակ, եթէ բաւական թիւով աշակերտներ կան, կարելի պիտի ըլլայ ընտրել քրտերէնը որպէս ընտրովի լեզու”, ըսած է ան: Էրտողան այս քայլը որակած է «պատմական»…
«ՆՅ»