Լիոնի քաղաքապետարանում բացվել է Արցախի մշակույթին նվիրված ցուցահանդես
19-06-2012 10:34:12 | | Մշակոյթ
Օրերս, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ Արցախի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած է:
«Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին հետ գործակցաբար՝ հայկական տպագրութեան 500ամեակին առթիւ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան:
Նշեալ ցուցահանդէսով հետապնդած նպատակն է՝ ծանօթացնել այն կարեւոր դերը, զոր խաղացած է Արցախ՝ Կովկասի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Այս առթիւ կատարուած է նաեւ «Արցախ՝ հայկական արուեստներու եւ աւանդութիւններու այգին» գիրքին ներկայացումը, եւ տրուած է բանախօսութիւն մը՝ բացատրելու համար Արցախի, յատկապէս իր պատմական մայրաքաղաքին՝ Շուշիի դերը որպէս մշակութային եւ մտաւորական օճախ՝ Կովկասի մէջ:
ՆՅ