Աբօ Պողիկյան.Պահանջում ենք բացատրություն


Աբօ Պողիկյան.Պահանջում ենք բացատրություն

  • 20-06-2012 11:00:48   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՕՐԸ ՕՐԻՆ Հայաստանը մեզի համար զբօսաշրջութեան հրապուրիչ երկիրներու դասակարգին մէջ չի տեղաւորուիր: Մեր հայրենիքին երբեք նման հայեացքով չենք նայած ու պիտի չնայինք: Ընդհակառակը, հայաստանեան անձնագիր ունինք թէ չունինք մեր գրպաններուն մէջ, մեզ կը շահագրգռէ, կը հետաքրքրէ, կը մտահոգէ ու կ՛ուրախացնէ մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր յաջողութիւն կամ ձախողութիւն, իւրաքանչիւր հաճելի թէ տհաճ երեւոյթ: Ահա ցնցող նոր միջադէպ մը՝ Հարսնաքարի տխուր պատմութիւնը: Խումբ մը բժիշկներ, ինչ որ կը նշանակէ՝ մտաւորական կրթուած մարդիկ, որոնք նաեւ լաւատեղեակ են տեղական մշակոյթին ու սովորութիւններուն, օլիկարգի մը ճաշարանը կ՛երթան ու փոխանակ հաճելի ընթրիք մը կամ ճաշ մը վայելելու, կենցաղային վէճի մը պատճառով ահաւոր ծեծի կ՛ենթարկուին ճաշարանի մատուցողներուն ու «անվտանգութեան» պաշտօնեաներուն կողմէ: Հայատանի տարածքին ճաշարաններու կարեւոր մէկ մասը օլիկարգներու կը պատկանի: Գոնէ այդպիսի տպաւորութիւն ունինք: Եթէ սխալ ենք, երջանիկ կ՛ըլլանք սրբագրելով մեր տպաւորութիւնը: Օլիկարգները, գիտենք, որ սանձարձակ գործելու ու իրենց շրջապատը արհամարհելու վարքագիծ ունին: Գիտենք, որ իրենց թիկնապահներն ալ նոյնքա՛ն ապաշնորհ են ու լկտի: Հիմա այս բոլորի լոյսին տակ, ինչպէս կ՛ուզէք տեղական սովորութիւններուն անծանօթ մարդիկ հանգիստ ու ապահով զգան իրենք զիրենք, Հայաստանի մէջ ճաշարան մը մտնելու եւ կտոր մը հաց ուտելու ատեն: Ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ, օրինակ՝ երիտասարդ սփիւռքահայեր, կարճ տափատ հագած, կամ քիչ մը թափթփած հագուստով, հանգիստ զգան ու գրգռութեան մը զոհը չդառնան, եւ ի վերջոյ՝ ջարդուած ոսկորներով հիւանդանոց մը փոխադրուելու վտանգը չդիմագրաւեն, երբ ընդամէնը ճաշ մը ուտել է իրենց ուզածը: Այս մտահոգութիւնները թօթափելու համար յստակ քայլերու կը սպասենք Հայաստանի ոստիկանութեան ու դատախազութեան կողմէ. քայլեր՝ որոնք կր բացատրեն պատահածը եւ ցոյց կու տակ, թէ նման պատահարներու պատասխանատուները ինչպէ՛ս կը պատժուին, ինչպէ՛ս կ՛ենթարկուին օրէնքի: ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
  -   Յօդուածներ