ՀՅԴ Դաշնակցության 75-րդ շրջանային ժողովը՝ Ալֆորվիլիում


ՀՅԴ Դաշնակցության 75-րդ շրջանային ժողովը՝ Ալֆորվիլիում

  • 28-06-2012 12:37:19   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Յունիս 22էն 24, Ալֆորվիլի մէջ հաւաքուեցան ՀՅԴ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի զանազան շրջաններու պատուիրակները: Ընդհանուր առմամբ, քննարկուեցան կուսակցութեան Եւրոպայի մէջ վարելիք քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ներքին կազմակերպոթեան առընչուող հարցեր: Վիճարկումներ տեղի ունեցան եւրոպական զանազան կուսակցութիւններու հետ յարաբերութիւններու, Հայաստանի ընկերա-քաղաքական իրավիճակին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, թրքական պետական ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ պատժելիութեան օրէնքին, Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի կողմէ միասնաբար վարուող հակահայ քաղաքականութեան, ջաւախահայութեան, Արցախի հակամարտութեան հարցերուն շուրջ: Այս՝ 75րդ շրջանային ժողովին գլխաւոր նիւթերէն եղաւ նաեւ վերջին շրջանին Թուրքիոյ որդեգրած յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ կը միտի չէզոքացնելու Սփիւռքի հայութեան տարած պայքարը, կը փորձէ անոր դէմ ստեղծել թրքական հակակշիռ սփիւռք: Իրաց այս կացութեան դէմ, Համագումարը արտայայտուեցաւ ի նպաստ հայկական բոլոր ուժերու միացման անհրաժեշտութեան, ինչ որ միակ լուծումն է Անգարայի յայտարարած պատերազմին դէմ դնելու: Համագումարը յառաջիկայ երկու տարուան համար ընտրած է Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական նոր կոմիտէ՝ հետեւեալ կազմով. Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, Մարիէթ Կարապետեան, Մուրատ Ասլանեան, Անդօ Էքօ, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Ռուբէն Փափազեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը