Իսթանպուլի ոսկերչական փառատօնէն գողցուած է 1,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ մանեակ մը


Իսթանպուլի ոսկերչական փառատօնէն գողցուած է 1,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ մանեակ մը

  • 21-03-2011 16:08:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երեք օրէ ի վեր մամուլը լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ Իսթանպուլի Ոսկերչական Փառատօնէն գողցուած 1,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ մանեակի մը։ Գողութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց որովհետեւ գողցուածը շատ թանկարժէք մանեակ մըն է եւ շատեր զարմացան թէ այսքան արժէքաւոր մանեակ մը ի՞նչպէս կը գողցուի այսպիսի փառատօնի մը ընթացքին։ Բայց կը թուի թէ ապահովութեան միջոցառումները անբաւարար էին ու գողերն ալ շատ վարպետ էին։ Մամուլը չէր հրապարակած մանեակը գողցնող ոսկերչատան անունը։ Բայց այսօր յայտնի դարձաւ որ հաստատութիւնը կրնայ հայկական ըլլալ, քանի որ այս հաստատութեան անունովը յայտարարութիւններ ըրած է հաստատութեան վաճառքի պատասխանատու Սայաթ Գասապեան։ Սայաթ Գասապեան ըսաւ որ կասկածելիները ներկայիս խոյս տուած են դէպի Փիլիպեան կղզիներ։ Գողերը, մանեակը գողնալէ վերջ Տուպայի գացին, բայց Տուպայի մուտք չըրին ու հոնկէ անցան Մանիլա։ Երբ այս բացատրութիւնը կը տրուէր, օդանաւը տակաւին վայրէջք չէր կատարած Մանիլա ու Գասապեան դիտել կուտար որ հաւանական է որ ոստիկանները ձերբակալեն երբ օդանաւը վայրէջք կատարէ։ Ըստ Գասապեանի, կասկածելիները եօթը հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը կազմած էին։ Գասապեան պատմեց որ գողցուած մանեակը 9 կտոր զմրուխտէ ու 100 գարաթ ծանրութեամբ ադամանդէ շինուած մասնայատուկ մանեակ մըն է, ամբողջութիւնը՝ 125 գարաթ ծանրութեամբ։ Երեք վարպետներ ութը ամիս աշխատած են այս մանեակը շինելու համար։ Մանեակը կ’արժէր 1,5 միլիոն տոլար։ Գասապեան ըսաւ որ իրենց հաստատութիւնը ամէն տարի կը մասնակցէր այս տօնավաճառին ու այսպիսի գողութիւններ կրնան պատահիլ, բայց այս մեծ գողութիւնը այս տարի իրենց գլխուն վրայ պայթեցաւ։ Ան պատմեց որ կասկածելիներէն մէկը յամառօրէն ուզեց որ հաստատութեան մէջ պրօշիւրը տրուի իրեն, մինչ իրենք կը յայտնէին որ հաստատութիւնը պրօշիւր չունի։ Այդ միջոցին երկու ուրիշ կիներ ալ զբաղեցուցին հաստատութեան միւս պաշտօնեաները։ Այդ միջոցն է որ կասկածելիներէն մէկն ալ բացաւ ցուցափեղկը ու հոնկէ վերցուց արժէքաւոր մանեակը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը