Օրակարգի բերուած է հայ համայնքէն եւս երեսփոխանական թեկնածուներ ընդունելու հարցը


Օրակարգի բերուած է հայ համայնքէն եւս երեսփոխանական թեկնածուներ ընդունելու հարցը

  • 18-03-2011 20:31:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երեսփոխանական մօտալուտ ընտրութիւններու առիթով այս անգամ ալ օրակարգի բերուած է հայ համայնքէն եւս երեսփոխանական թեկնածուներ ընդունելու հարցը։ Առաջին քայլը եկաւ Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութենէն, որ հաղորդեց թէ հայ թեկնածու մը կ’ուզէ իր ցանկին մէջ ընդունիլ Իսթանպուլի ընտրական երկրորդ շրջանէն։ Պէ-Տէ-Փէի այս յայտարարութենէն վերջ միւս կուսակցութիւններն ալ սկսան մտածել հայ թեկնածուներու մասին, բայց չենք գիտեր թէ որքան լուրջ դիտաւորութիւն է այս եւ թէ ընտրուելու ի՞նչպիսի հնարաւորութիւններ պիտի ունենան թեկնածուները՝ եթէ իբր թեկնածու ընդունուին։ »Րատիքալ« կը հաղորդէ թէ Մելքոն Գարաքէօսէ ու Հերման Պալեան դիմում կատարած են Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան շարքերէն ներս, Արեւ Ճէպէճի թեկնածու ներկայացած է Ճէ-Հէ-Փէի, փաստաբան Գեղամ Կարապետեան Մէ-Հէ-Փէէն թեկնածու պիտի ներկայանայ։ Իսկ Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութիւնը Արթուինցի հայ հայրենակից Իսմէթ Շահինի մասին կը մտածէ։ »Րատիքալ«ին հարցումներուն պատասխանելով Մելքոն Գարաքէօսէ ըսած է որ երկու տարիէ ի վեր Ա-Գէ-Փէի անդամ է։ Միւս կուսակցութիւններէ ալ հայ թեկնածուներ կան, բայց ինք կը հաւատայ որ համայնքին քուէները պիտի չկոտորակուին, որովհետեւ հայ համայնքը սրտի կապեր ունի Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան հետ։ Այս կուսակցութիւնը մեծ ճիգ վատնեց Վագըֆներու նոր օրէնքին ընդունման համար, ըսաւ Գարաքէօսէ։ Իսկ Ճէպէճի, որ կապեր ունի Ճէ-Հէ-Փէի հետ, կ’ըսէ որ 22 տարիէ ի վեր մօտէն հետեւած է հայ համայնքի խնդիրներուն ու պատրաստ է այս խնդիրները Խորհրդարան տանելու։ Արթուինցի Իսմէթ Շահին, որ հայ է, եւ ծնած է Արթուինի հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ, մինչեւ որ դպրոց երթալ սկսաւ, թրքերէն իսկ չէր գիտեր։ Ան ըսաւ որ թեկնածութեան հարցի մէջ հայ համայնքէն քանի մը անձերու հետ խօսած է, բայց կապ չունի հայոց եկեղեցիին հետ։ Որպէս թեկնածու, կը յիշուի նաեւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անունը։ Շիրինօղլու ըսաւ որ եթէ Վարչապետ Էրտողանէն հրաւէր մը ստանայ, սիրով կ’ընդունի պաշտօնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը