ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ո՛չ Օպաման, Ո՛չ Ալ Ռոմնին Արժանի Են Ամերիկահայերու Քուէներուն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ո՛չ Օպաման, Ո՛չ Ալ Ռոմնին Արժանի Են Ամերիկահայերու Քուէներուն

  • 27-10-2012 10:00:49   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Հայաստան կատարած վերջին այցելութեանս ընթացքին լրագրողները յաճախ ինծի կը հարցնէին, թէ 6 Նոյեմբերին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ո՞ր թեկնածուին կը զօրակցէի: Պատասխանս յստակ էր եւ՝ բացայայտ. «Ես քուէս կու տամ ո՛չ նախագահ Օպամային եւ ո՛չ ալ նահանգապետ Ռոմնիին»: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ՝ ուրախութեամբ տեղեկացայ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միեւնոյն որոշումը կայացուցած էր` հաւանութիւն չտալով թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն: Դժուար չէր նման որոշում կայացնել, որովհետեւ երկու թեկնածուներն ալ հայերը յուսախափ ըրած էին. նախագահը հաւատարիմ չէր մնացած իր խոստումներուն՝ հայկական եւ ոչ հայկական շատ մը հարցերու վերաբերեալ, իսկ անոր մրցակիցը որեւէ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերած ամերիկահայ համայնքին եւ անոր հարցերուն նկատմամբ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական հարցերուն վերաբերեալ նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն երկար ցանկը. 1. 2008 թուականի նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին ան բազմիցս խոստացած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ընտրութիւներէն ետք խախտեց իր խոստումը: 2. Օպամայի վարչակազմը ընդդիմացաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման: 3. Նախագահ Օպամա զգալիօրէն կրճատեց Հայաստանի եւ Արցախի համար նախատեսուած արտաքին օգնութեան գումարը: Աւելի՛ն. անոր վարչակազմը չծախսեց Քոնկրեսին կողմէ Արցախին յատկացուած օգնութեան ամբողջական գումարը: 4. Ան ճնշում բանեցուց Հայաստանի վրայ` 2009 թուականին Թուրքիոյ հետ տխրահռչակ արձանագրութիւնները ստորագրելու համար: 5. Նախագահ Օպաման չստիպեց Թուրքիոյ՝ վերացնելու վերջինին կողմէ Հայաստանի շրջափակումը: 6. Ան լուռ մնաց Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պատերազմի բազում սպառնալիքներուն նկատմամբ եւ անտեսեց Արցախի ինքնորոշման սատարելու իր նախընտրական խոստումը: 7. 2010 թուականի դեկտեմբերի աւարտին, շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կողմէ դրուած «կասեցումը», նախագահ Օպաման միակողմանի որոշումով Մեթիւ Պրայզան Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակեց: Ամերիկահայ համայնքի ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ էր Պրայզայի թեկնածութեան: 8. Նախագահ Օպամա խախտելով այլ խոստում մը` չյաջողցուց Հայաստանի հետ առեւտուրի խթանումը: 9. Ան եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը չարձագանգեցին ամերիկահայ ղեկավարներուն հետ հանդիպելու անոնց բազմաթիւ խնդրանքներուն, որոնք կը միտէին առկայ մտահոգութիւնները ներկայացնել: Ամերիկահայերը կարիք չունին աղաչելու, որ նախագահ Օպամա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն նման յայտարարութիւն ըրած էր 1981թուականի ապրիլ 22-ին՝ իր նախագահական հռչակագիրին մէջ: Չճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ նախագահ Օպամա պարզապէս կորսնցուց իր իսկ վստահելիութիւնը: 2008 թուականին ամերիկահայերուն մեծ մասը կը հաւատար անոր. 2012-ին այլեւս անոր չեն հաւատար: Ինչպէս յայտնի ասացուածքը կ’ըսէ. «Մէկ անգամ զիս խաբես` ամօթ քեզ, երկրորդ անգամ զիս խաբես` ամօթ ինծի»։ Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այսպիսի գնահատականը չափազանց սուր է եւ խիստ, կեդրոնացած է զուտ հայկական հարցերու վրայ, պէտք է տեղեակ ըլլան, որ, համաձայն politifact.com կայքէջին, նախագահ Օպամա չէ կատարած նաեւ իր միւս 86 խոստումները՝ ազգային եւ միջազգային հարցերուն վերաբերեալ: Նահանգապետ Ռոմնիի կապերը ամերիկահայերու հետ աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն: Ան խուսափած է համայնքին հետ որեւէ շփումէ` չփորձելով նոյնիսկ ստանալ անոնց աջակցութիւնն ու քուէները: Խնդիրը այն է, որ եթէ հիմա, երբ իւրաքանչիւր ձայն խիստ անհրաժեշտ է անոր ընտրուելու համար, ան այսպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ, ապա ընտրութիւններէն ետք անկասկած ան ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ հայերուն եւ անոնց խնդիրներուն: Ակնյայտօրէն անխոհեմ է, որ նախագահական երկու թեկնածուներն ալ չեն ձգտած ամերիկահայ ընտրողներու աջակցութիւնը ստանալու կարեւորագոյն նահանգներու մէջ, այն ժամանակ, երբ մրցավազքը այնքան թէժ է, որ նոյնիսկ փոքր թիւով քուէները կրնան ճակատագրական ըլլալ: Սակայն երկու թեկնածուներու համար ալ դեռ ուշ չէ բանակցելու ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ եւ անդրադառնալու անոնց խնդիրներուն: Ասիկա չի կրնար դիւրին խօսակցութիւն ըլլալ, քանի որ գործնականօրէն անկարելի է վստահիլ նախագահ Օպամայի նոր խոստումներուն. անոր միակ արժանահաւատ գործունէութիւնը կրնայ ըլլալ մինչեւ նոյեմբեր 6 հայկական կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ դրական քայլ կատարելը: Միւս կողմէ, նահանգապետ Ռոմնին աւելի ծանր կացութեան մէջ է, քանի որ թեկնածու ըլլալով՝ ան կրնայ միայն խոստումներ տալ, որոնք լրջօրէն չեն ընդունուիր այս ուշացած պահուն: Ամերիկահայ համայնքը պէտք է ընտրական նոր ռազմավարութիւն որդեգրէ, որպէսզի խուսափի կրկին կեղծ խոստումներէ խաբուելէն: Միայն այն թեկնածուները, որոնք կատարած են իրենց նախընտրական խոստումները առաջին պաշտօնավարման ընթացքին, պէտք է աջակցութիւն ստանան վերընտրուելու համար: Հայանպաստ կարեւոր ձեռքբերումներ չունեցող կամ նոր թեկնածուներու խոստումները պէտք է պարզապէս անտեսել: Ի վերջոյ, նախագահի քուէարկութեան չմասնակցելը չի նշանակեր խաղէն դուրս մնալ ընտրութիւններու ժամանակ: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի 100 անդամներուն մէկ երրորդը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր 435 անդամները վերընտրութեան թեկնածու են: Ամերիկահայ ընտրողները պէտք է սատարեն իրենց հարցերուն թիկունք կանգնած թեկնածուներուն` զանոնք վերընտրելով, եւ պէտք է պատժեն իրենց հակառակորդները` զանոնք պաշտօնէ հեռացնելով: Կը խնդրեմ նկատի առնել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վարկանիշները Քոնկրեսի բոլոր թեկնածուներուն համար www.anca.org կայքին մէջ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց` «Եռագոյն» կայքէջը
  -   Յօդուածներ