Կրկնուեցաւ Մէրամէթճեան Վարժարանի աշակերտութեան պատրաստուած գրական ու երաժշտական երեկոյթը


Կրկնուեցաւ Մէրամէթճեան Վարժարանի աշակերտութեան պատրաստուած գրական ու երաժշտական երեկոյթը

  • 15-03-2011 17:42:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ Ֆէրիգիւղի Շիրինօղլու սրահին մէջ կրկնուեցաւ Մէրամէթճեան Վարժարանի աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած ու այնքան մեծ յաջողութեամբ իրականացած գրական ու երաժշտական երեկոյթը։ Ձեռնարկը, ինչպէս պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, առաջին անգամ ներկայացուեցաւ անցեալ ամիս, Սիրելիներու Օրուան առթիւ ու նուիրուեցաւ սիրոյ թէմային, մեկնելով մեր սիրելի աշխատակից Իգնա Սարըասլանի սիրոյ նուիրուած բանաստեղծութիւններէն։ Բայց ասիկա իրական պտոյտ մըն էր հայ գրականութեան ընդարձակ կալուածէն ներս, քանի որ աշակերտները կարգաւ անգիր արտասանեցին մեր գրականութեան հին ու նոր վարպետներէն ընտրուած մեծ թիւով գործեր։ Բեմին վրայ տողանցեցին նաեւ ժամանակակից գրողներէ՝ Վարդ Շիկահերէ, Զարեհ Խրախունիէ, Ռ. Հատտէճեանէ, Զահրատէ, Իգնա Սարըասլանէ, Արմենուհի Թէրզեանէ գործեր, որոնք հիւսուած էին սիրոյ զանազան տեսակներուն մասին։ Հիւրերը կը դիմաւորուէին ուսուցիչներու ու աշխատակիցներու խումբի մը կողմէ որոնք բոլոր ժամանողներուն կը յանձնէին սրտի ձեւով տուրմ, որ խորհրդանիշը դարձած է սիրոյ։ Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեան իր բացման ուղերձին մէջ կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն ու Ուսուցչական կազմին ու աշակերտներու ծնողներուն, որոնք ձեռք ձեռքի տուած էին այս գործին իրականացման համար։ Հպարտութեան գլխաւոր բաժինը կ’երթար բնականաբար մայրենի լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչներուն, որոնք կրցած էին այսքան մեծ թիւով աշակերտ մարզել գրականութեան պարտէզի մէջ պտըտկելու այս դժուարին գործէն ներս։ Ապա յայտագիրը գործադրութեան դրուեցաւ։ Ինչ որ արդէն բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր, այն էր որ աշակերտները ժամացոյցի ճշգրտութեամբ կը կիրարկէին բարդ յայտագիրը, որեւէ կաղացում կամ վարանում չունէին, տառացի ճշգրտութեամբ կ’իրականացնէին իրենց բաժինը ու կ’արժանանային ներկաներու խանդավառ ծափահարութիւններուն։ Անշուշտ անոնց միջեւ կային բացառիկ յաջող արտասանողներ, որոնք միւսներէն կը զատուէին իրենց յստակ առոգանութեամբ ու ճշգրիտ մեկնաբանութիւններով, բայց վերջին հաշուով բոլորն ալ նոյնքան համակրելի էին ու իրենց անուրանալի բաժինը ունէին արձանագրուած ամբողջական յաջողութեան մէջ։ Նարէ Կավրիւլօֆ, որ կերպով մը օրուան խօսնակն էր ու մէկը՝ լաւագոյն արտասանողներէն, բացաւ այս հետաքրքրական յայտագիրը իմաստալից արտասանութեամբ մը ու ապա սկսաւ կարգաւ բեմը թողուլ իր ընկերներուն ու ընկերուհիներուն։ Ընտրուած կտորները, ինչպէս անցեալ անգամ ալ գրած էինք, նուիրուած էին մարդկային սիրոյ, կեանքի հանդէպ սիրոյ, հայրենիքի ու մայրենի լեզուի սիրոյ, բնութեան նկատմամբ սիրոյ եւ վերջապէս Աստուծոյ նկատմամբ սիրոյ թէմաներուն։ Ընտրութիւնները յաջող էին ու անոնք անգամ մը եւս կը ցոլացնէին այն փաստը թէ հայ գրականութեան մէջ որքան լայն տեղ ունի սիրոյ թէման։ Մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանն ալ, որ անցեալ անգամ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, երէկ ներկայ գտնուեցաւ հանդէսին ու զարմանքով տեսաւ որ երկու շատ յաջող աշակերտներ, Շահին Պարմաքսըզ ու Նորայր Քուշ բացառիկ հասկացողութեամբ արտասանած էին մօտաւորապէս վաթսուն տարի առաջ գրուած իր արձակ մէկ կտորը, »Զրոյց Մարդոցմէ Հեռու«։ Այս մէկը իրական անակնկալ մըն էր իրեն համար։ Միայն գիրը չէր որ կը տիրապետէր բեմին վրայ, կար նաեւ երգը, պարը ու գեղեցիկ տէքօրը։ Բացի այն աշակերտներէն որոնք բեմին վրայ մեներգներ կ’ընէին, մանկական երգչախումբ մըն ալ սրահին ետեւի կարգերուն վրայ նստած՝ երաժշութեան համեմ կ’աւելցնէր երեկոյթին վրայ, երգելով այնպիսի սիրուած երգեր ինչպիսին են »Ով մեծասքանչ« կամ »Ծաղկած Բալենի«, եւայլն։ Երգերուն ղեկավարն էր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհին, որ ունեցաւ իր արդար բաժինը արձանագրուած յաջողութեան մէջ։ Աշակերտները այս հրաշալի յայտագիրը աւարտին բերին Թէքէեանի »Եկեղեցին Հայկական«ի արտասանութեամբ։ Աւարտին, Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեան կրկին գնահատանք ու շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն, խնդրեց որ իր սրտի խօսքը արտասանէ մեր Խմբագրապետը։ Ռ. Հատտէճեան կրկնելով Թէքէեանի »Եկեղեցին Հայկական«էն »Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ« նախադասութիւնը, անոր վրայ աւելցուց հետեւեալը. »Վարժարանը հայկական՝ ես աչքս գոց կը տեսնեմ«։ Մեր Խմբագրապետը ըսաւ որ այսպէս է որ մենք կը տեսնենք հայկական վարժարանը ու ա՛յս է որ կը կատարէ մեր վարժարանը մեր աշակերտներուն տալով մայրենի լեզուի ու գրականութեան սէրը։ Յիշելով երէկ Մարմարայի մէջ հրատարակուած այն լուրը թէ երկրի Չէրքէսներն ալ մայրենի լեզուով դասաւանդութեան իրաւունք կը պահանջէին, մեր Խմբագրապետը յիշեցուց որ մեր համայնքը իննսուն տարիէ ի վեր կը վայելէ մայրենի լեզուով ուսուցման իրաւունք։ Հարց է թէ մենք որքա՞ն գիտակից ենք այս իրաւունքին արժէքին ու որքան կ’արժեւորենք զայն։ Մեր Խմբագրապետը գնահատեց ուսուցիչներն ու ծնողները, մանաւանդ ծնողները, որոնք մեր վարժարաններուն կուտան մեր վաղուան սերունդը։ »Այս հանդէսէն մեզի կը հասնին երկու պատգամներ, մէկը սիրոյ պատգամը, միւսը մայրենի լեզուի պաշտամունքի պատգամը, կը մնայ մաղթել որ այս պատգամները շարունակական ըլլան ու մեր վարժարանները շարունակեն բաց պահել իրենց դռները«, ըսաւ մեր Խմբագրապետը։ Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք ձեռնարկին հեղինակները, աշակերտ կամ ուսուցիչ, որոնք անանուն զինուորներն էին այս ձեռնարկին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը