Այն ինչ որ պատահեցաւ »Ֆուքուսիմա«էն ներս, կարելի է բաղդատել Չէռնոպիլեան պայթումի հետ


Այն ինչ որ պատահեցաւ »Ֆուքուսիմա«էն ներս, կարելի է բաղդատել Չէռնոպիլեան պայթումի հետ

  • 14-03-2011 16:29:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ինչպէս ծանօթ է, Ճաբոնի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի երկրաշարժի հետեւանքով պայթում մը տեղի ունեցած է »Ֆուքուսիմա-1« աթոմակայանէն ներս։ Այս առիթով Մեծամօրի աթոմակայանի գլխաւոր ճարտարագէտ Մովսէս Վարդանեան յայտնեց թէ այն ինչ որ պատահեցաւ »Ֆուքուսիմա«էն ներս, կարելի է բաղդատել Չէռնոպիլեան պայթումի հետ, քանի որ հոս պայթումի տարողութիւնը զգալիօրէն աւելի փոքր է։ Երկրաշարժէն ետք մասնագէտներ չեն յաջողած դուրս թողուլ »Ֆուքուսիմա«ի աշտարակի թաղանթի տակ կուտակուած կազը եւ իջեցնել ճնշումը, որու հետեւանքով ալ աթոմակայանէն ներս հզօր պայթում մը գրանցուած է։ Այնուհանդերձ, »Ֆուքուսիմա«էն ներս տեղի ունեցած պայթումը թէքնիք պայթում մըն է, քանի որ աթոմային աշտարակը չէ վնասուած։ »Ճիշդ է ճառագայթումի արտանետում եղած է, սակայն շատ փոքր տարողութեամբ« հաւաստիացուց Վարդանեան։ Խօսելով ճառագայթման գօտիի մասին, ճարտարագէտը ըսաւ որ լաւ որ հովը ճառագայթումի նիւթերը կը քշէ դէպի Խաղաղական ովկիանոս։ Ըստ իրեն, ճառագայթումի ամպը ամբողջ երկրագունտով մէկ արագօրէն պիտի տարածուի, առանց որեւէ բան զգալի դարձնելու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը