Թուրքիայում հայերենը հետզհետե անհետանում է


Թուրքիայում հայերենը հետզհետե անհետանում է

  • 22-11-2012 11:43:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

 

 
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ՝
ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻԼ
 
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, վերոնշեալ խորագրով հետաքրքրական յօդուած մը ստորագրած է Ազիզ Օղուզ, որ Թուռի «Ֆրանսուա-Ռապըլէ» համալսարանի լրագրութեան բաժնի ուսանող մըն է: 
Ան այցելած է Պոլսոյ անցեալի հայաշատ թաղերէն Օրթագիւղի Թարգմանչաց դպրոցը, ուր զինքը ընդունած է դպրոցին տնօրէնուհին՝ Տիկին Նալճը: Այս թաղին մէջ այսօր Հայեր, Հրեաներ, Յոյներ չեն մնացած այլեւս, բացի քանի մը ընտանիքէ: Անցեալի այդ բնակչութիւնը առհասարակ փոխարինուած է Քիւրտերով: Այդուհանդերձ, դպրոցը դեռ ունի 150 աշակերտ, շնորհիւ տուներէ հաւաքման իր սպասարկութեան: 
Օղուզ նախ եւ առաջ տպաւորուած է դպրոցէն դուրս եւ ներս տիրող ապահովութեան միջոցներու խստութենէն եւ այցելուներու նկատմամբ վերապահութենէն: Կը բացատրէ, թէ 2007 ին, Հ. Տինքի սպանութենէն ետք վախի մթնոլորտը վերարծարծուած է հայ համայնքին մօտ:
 
Երկու խոչընդոտ՝
թուրք պետութիւնը եւ անցնող ժամանակը
 
Նշելէ ետք թէ այսօր Պոլսոյ մէջ կը գործեն հայկական 16 դպրոցներ (5ը լիսէ), շուրջ 3.000 աշակերտութեամբ, յօդուածագիրը կը բացատրէ թէ Օսմանեան ժամանակներուն, ըստ նախկին վարչակարգին, ազգային իւրաքանչիւր համայնք պատասխանատու էր կրթական իր համակարգէն. այսպէս ծնունդ առած էին հազարաւոր հաստատութիւններ: «Այսօր շատ բան չէ մնացած անոնցմէ: 1915−16ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը (1էն 1,5 միլիոն զոհ, այսինքն գրեթէ Օսմանեան կայսրութեան հայկական բնակչութեան երկու երրորդը) ապա ջարդեր ու տարագրութիւններ զանոնք պարպեցին երախաներէն» կը գրէ Օղուզ: 
Ապա կ՚ըսէ թէ Աթաթիւրքի կողմէ ստեղծուած Թրքական հանրապետութիւնը փոքրամասնական դպրոցները խնդրոյ առարկայ չդարձնելով հանդերձ, հաստատեց համախառն դրութիւն մը. Պետութիւնը զանոնք իր հսկողութեան տակ վերցուց, առանց հանրայինի կարգավիճակ շնորհելու: Կրթութեան նախարարութեան կողմէ պարտադրուեցաւ թուրք փոխտնօրէն մը իւրաքանչիւր դպրոցի: Թրքական մշակոյթի դասաւանդութեան (լեզու, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն) համար սկսան ղրկուիլ նախարարութեան կողմէ վարձատրուող ուսուցիչներ, մինչ հայերէնի կամ հայկական նիւթերու ուսուցիչներու վարձատրութիւնը պէտք է հոգան իրենք՝ դպրոցները, իրենց հիմնարկներու եկամուտներով: Տողերը ստորագրողը կ՚աւելցնէ նաեւ թէ թէկուզ չնչին բայց այնուամենայնիւ գոյութիւն ունէր փոքրամասնութեանց դպրոցներուն ցուցաբերուող պետական նիւթական օժանդակութիւն մը, որ բոլորովին ջնջուեցաւ 1974ին, Կիպրոսի ցամաքահանումէն ետք: Ուրեմն, ինչպէս կը վկայէ Պոլսահայոց կրթական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան, այսօր հայկական դպրոցները կրնան ապաւինիլ միայն ու միայն հիմնարկներէ հասնող իրենց եկամուտներուն, կամ նուիրատւութիւններու, մանաւանդ որ կրթական ամսական կամ տարեկան սակագիներ չեն ճշդուած, իւրաքանչիւր ծնող իր մասնակցութիւնը կը բերէ իր եկամուտներուն թոյլ տուած չափով: 
«Համայնքային այս դպրոցներուն առաքելութիւնը կարեւոր է. պէտք է վերապրեցնեն լեզուն եւ մշակոյթը: Բայց կը բախին երկու արգելքի՝ թուրք Պետութեան եւ անցնողժամանակին: Արդարեւ, այլ ոչ մէկ տեղ հայերէն կը դասաւանդուի: Ոչ մէկ համալսարան կ՚առաջարկէ հայերէնի կամ հայ քաղաքակրթութեան դասընթացքներ: Թուրքիա ոչ մէկ դասատու կը պատրաստէ», կը բացատրէ Օղուզ եւ կ՚աւելցնէ թէ հայկական դպրոցներու մէջ հայերէն դասաւանդողները ինքնապատրաստութեամբ հասած անձեր են: Յաճախ ալ, ինչպէս Օրթագիւղի Թարգմանչացի ուսուցչուհիներէն Տիկին Մարի Գալայճըի պարագային,  պատահականութեամբ հասած են հոն: Անոր՝ «հայերէնը դժուար լեզու է… տղաքը ընդհանրապէս թրքերէն կը խօսին իրենց միջեւ» դիտողութեան, յօդուածագիրը կ՚աւելցնէ թէ լեզուին դժուարութիւնը առանձին խնդրոյ առարկայ պէտք չէ ընել: Կայ թրքական կրթական դրութեան յարուցանած դժուարութիւնն ալ, որ չի խթաներ անոր ուսուցումը: Օրինակ, երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու մուտքի բոլոր մեծ քննութիւնները թրքերէնով կ՚ըլլան:
Ա. Օղուզ կը նշէ նաեւ թէ բոլոր ծնողները իրենց երախաները համայնքային դպրոց չեն ղրկեր կամ ալ, նոյնիսկ եթէ ղրկեն, երկրորդականի մակարդակին՝ զանոնք հոնկէ կ՚առնեն ու կ՚արձանագրեն ֆրանսական, անգլիական, գերմանական դպրոցներ, որոնք համբաւաւոր են, յաջողութեան երաշխիքներ կը հրամցնեն: “Հայկական երկրորդականները երբեմն կը նկատուին որպէս ∩պահեստի անիւ∪” յօդուածագրին կը կը բացատրէ Նորա Միլտանօղլու: 
 
“Ժողովրդական մշակոյթ չէ մնացած”
 
Ապա Տիկին Գալայճը կ՚ըսէ, թէ Թուրքիոյ մէջ մտայնութիւնները բարեփոխուած են: Օրինակ, երբ ինքը փոքր էր, ստիպուած էր թրքերէն բառով կանչել իր մայրը, այն մտավախութեամբ որ եթէ «մամա» ըսէր, պիտի իմացուէր որ քրիստոնեայ է: Հիմա այդպէս չէ: Բայց ատիկա արգեք չ՚ըլլար որ Թուրքիոյ մէջ հայերէնը հետզհետէ անհետանայ, եւ իր մշակոյթն ալ՝ հետը: “Ընտանիքներէ ներս, շատ քիչ հայերէն կը խօսուի: Հայկական ժողովրդական մշակոյթ չէ մնացած այլեւս: Կը գոհանանք՝ երախաներուն նուազագոյնը, ամէնօրեայ իրենց կեանքին մէջ հարկ եղածը միայն սորվեցնելով” կ՚ըսէ Կ. Փայլան: 
Ապա, յօդուածագիրը կը մէջբերէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիրներէն Սարգիս Սերոբեանի ըսածները: “Քիչ Թրքահայեր կը խօսին լեզուն: Լաւագոյն փաստը՝ «Ակօս»ի մէջ թրքերէն գրութիւններուն գերակշռութիւնն է (հայերէն միայն չորս էջ, 24ի վրայ): Թէ ոչ, մարդ պիտի չգնէր”, կը հաստատէ ան պայծառատեսօրէն:
«Հայ համայնքը հասկցաւ թէ իր դպրոցները՝ առանձին չեն կրնար վերապրեցնել լեզուն: Բայց զայն իր կղզիացումէն դուրս հանելը բարդ գործ մը պիտի ըլլայ: Կրթական վերջին բարենորոգման ընթացքին, որ ընդունուեցաւ 2012ի գարնան, հանրային դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցումը մերժուեցաւ: Դեռ հարկ պիտի ըլլայ գոհանալ ներկայի դրութեամբ» կ՚եզրափակէ յօդուածագիրը: 
 
«Նոր Յառաջ»
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը