ԱՄՆ մէջ հրատարակւեց հայ մեծանուն վիպասան եւ հասարակական գործիչ Րաֆֆի_ կենսագրութիւնը


ԱՄՆ մէջ հրատարակւեց հայ մեծանուն վիպասան եւ հասարակական գործիչ Րաֆֆի_ կենսագրութիւնը

  • 12-03-2011 12:38:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իլինոյսի )ԱՄՆ մէջ վեթերան լրագրող եւ տարրաբան Մուրատ Մէնէշեան անգլերէն լեզուով կազմեց ու հրատարակեց հայ մեծանուն վիպասան եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Մելիք Յակոբեանի )Րաֆֆի_ կենսագրութիւնը՝ »Մարգարէն Փայաճուկէն« խորագրի ներքեւ։ Այս հատորի մասին »Արմինիըն Միրօր Սփէքթէյթըր«ի մէջ գրախօսական մը ունի Ժոզէֆ Տաղտիկեան որ հրաշալի գործ կը նկատէ այս թարգմանութիւնը։ »Մէնէշեան հսկայական աշխատանք տարած է ուսումնասիրելով մեծանուն գրողի կենսագրական մանրամանութիւնները, իր յարաբերութիւնները ընտանիքի անդամներու եւ այլ գրողներու ու մտաւորականներու հետ, որոնց կարգին յատուկ տեղ ունի Խրիմեան Հայրիկ։ Գիրքը ոգեշնչող է եւ տեղեկատուական հարուստ տուեալներ կը բովանդակէ«, կը գրէ Տաղտիկեան, աւելցնելով որ Րաֆֆիի գործերէն անգլերէն լեզուով հրատարակուած են »Խենթը«, »Ճալալէտտին« եւ »Տաճկահայքը«, որոնք կը վաճառուին հայկական գրախանութներու մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը