Թուրքիոյ մէջ արդար դատավարութեան պայմանները գոհացուցիչ չեն<br />


Թուրքիոյ մէջ արդար դատավարութեան պայմանները գոհացուցիչ չեն

  • 10-03-2011 18:39:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Եւրոխորհրդարանը երէկ Թուրքիոյ մասին տեղեկագիրներու հեղինակ Օօմէն Րուիժթէնի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը ընդունեց անոր մէջ խիստ փոփոխութիւններ ընելով։ Տեղեկագիրը գրեթէ կրակ կը տեղացնէ Թուրքիոյ վրայ, յայտնելով լուրջ մտահոգութիւններ որոնց առանցքին մէջ կը գտնուին նաեւ լրագրողներու վերջին ձերբակալութիւնները, բնականաբար նաեւ Էրկէնէքոնի ու Լախտի Հարուածի դատավարութիւնները։ Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ տեղեկագիրը 2002 թուականէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով շատ խիստ լեզուով մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ու կարծիքի ազատութեան հարցերու կապակցութեամբ։ Առաջին անգամ է որ այս մարզերէ ներս շատ խիստ լեզու մը գործածուած է։ Տեղեկագիրը դիտել կուտայ որ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ու կարծիքի ազատութիւնը մտահոգիչ համեմատութիւններով դէպի գէշ կ’ընթանայ։ Տեղեկագիրը կը յիշեցնէ թէ մամլոյ բացարձակ ազատութիււնը թիւ մէկ պայման է եւ թէ Թուրքիոյ մէջ մամուլը կը տառապի գրաքննութենէ կամ ինքնագրաքննութենէ։ Տեղեկագիրը կոչ կ’ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որպէսզի յարգուի մամլոյ ազատութիւնը։ Մտահոգիչ կը գտնուի այն պարագան թէ զանազան հրատարակութիւններու առջեւ արգելքներ կը յարուցուին »ազգային անվտանգութեան« արդարացումներով։ Ըստ տեղեկագրին, լրագրողներու դէմ բացուած հարցաքննութիւնը մարդու իրաւունքներու բռնաբարում կը նկատուի, նաեւ կը պնդուի որ Թուրքիոյ մէջ արդար դատավարութեան պայմանները գոհացուցիչ չեն, հսկողութեան ու ձերբակալութեան տակ պահուելու ժամանակամիջոցները չափազանց երկար են։ Տեղեկագիրը իբր օրինակ կը յիշէ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ու դիտել կուտայ որ, հակառակ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի 14 Սեպտեմբեր 2010 թուակիր որոշումին, Թուրքիոյ պետութեան համակարգէն ներս արուեստական արգելքներ կը յարուցուին որպէսզի իրաւ ոճրագործները մէջտեղ չհանուին։ Տեղեկագիրը կը գանգատի նաեւ ոստիկաններու կողմէ ժողովուրդին վրայ գործադրուած սաստկութիւններէն։ Բնականաբար տեղեկագիրը կը յիշէ նաեւ քրտական հարցն ու ՓՔՔ-ի խնդիրը։ Կը պահանջուի որ Թուրքիա ժողովրդավար լուծում մը գտնէ այս փշոտ հարցի համար։ Թէեւ ՓՔՔ-ն կը քննադատուի, բայց կը պահանջուի նաեւ որ բարեփոխութեան ենթարկուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը։ Տեղեկագիրը, որ ամէն նիւթի մէջ կը ռմբահարէ Թուրքիան, կը հպի նաեւ Կիպրոսի հարցին ու կը պահանջէ որ, որպէսզի Կիպրոսի մէջ բանակցութիւնները ընթանան բարեյաջող կերպով, Թուրքիա կղզիէն ետ քաշէ իր զինուորական ուժերը։ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը երէկ անմիջապէս նոյնքան խիստ ոճով հակազդեց Եւրոխորհրդարանի տեղեկագրին դէմ։ Արտաքին Նախարարը անլուրջ գտաւ տեղեկագիրը որուն համար ըսուեցաւ որ միակողմանի է, ճշմարտութիւնները չի ցոլացներ, կը բովանդակէ տուեալներ, որոնք անընդունելի են Թուրքիոյ կողմէ։ Արտաքին Նախարարութիւնը Թուրքիոյ անունով պահանջեց որ Եւրոխորհրդարանը աւելի արդար ու առարկայական կեցուածք ցուցաբերէ ու գործադրէ իր պաշտօնին պահանջած լրջութիւնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը