Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Արեւագալի արարողութիւնը


Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Արեւագալի արարողութիւնը

  • 10-03-2011 18:24:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մեծ Պահքի շրջանը սկսած է եւ երէկ, 9 Մարտին, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Արեւագալի արարողութիւնը։ Հաւատարիմ մնալով 45 տարուայ աւանդութեան, 46րդ անգամ ըլլալով Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սվաճեանի հանդիսապետութեամբ է որ տեղի ունեցաւ կրօնական այս խորիմաստ արարողութիւնը։ Հակառակ աննպաստ օդին եկեղեցին արդէն կանուխ ժամերէն լեցուեցաւ Սկիւտարի եւ Իսթանպուլի զանազան թաղերէն ժամանած հաւատացեալներով։ Շահան Սրբազանի հետ միասին Արեւագալի արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ դպիրներ։ Հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ հետեւեցան Արեւագալին, իսկ յետոյ դպիրներու հետ միասին մասնակցեցան շարականներու երգեցողութեան եւ մանաւանդ »Տէր Ողորմեա«ն երգեցին միաձայնութեամբ։ Շահան Սրբազան իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով թէ 46 տարիէ ի վեր ինք Մեծ Պահքի շրջանի առաջին Արեւագալը կը սկսի ա՛յս եկեղեցիէն։ Յետոյ յորդորեց որ հաւատացեալներ երբեք չկորսնցնեն իրենց լաւատեսութիւնը եւ միշտ դրական ու սիրոյ զգացումներով տոգորուին, հաւատարիմ մնան իրերօգնութեան գաղափարին ու հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրին։ Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները անցան եկեղեցւոյ յարակից սրահը, ուր Թաղային Խորհուրդի կողմէ հոգեճաշ սարքուեցաւ։ Շահան Սրբազան ճաշի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ այն մասին թէ ինչո՞ւ Արեւագալները կը սկսին Պահքին յաջորդող Չորեքշաբթի օրուընէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը