Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական հարցերու յանձնախումբի երկրորդ հանդիպումը


Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական հարցերու յանձնախումբի երկրորդ հանդիպումը

  • 09-03-2011 17:59:34   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 7 Մարտ 2011-ին, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական հարցերու յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր երկրորդ հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի մէջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան եւ Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Յովհաննէսեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան: Ս. Էջմիածնի մէջ, անցնող տարուան Օգոստոս ամսուն գումարած իր անդրանիկ ժողովով, սոյն յանձնախումբը սկսած էր քննարկել Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդին առնչուող հարցեր: Շարունակելով աշխատանքները, ներկայ հանդիպման ընթացքին, յանձնախումբը սկսաւ հանգամանօրէն քննարկել հրատարակուած ծիսարաններու բնագիրները, բաղդատութեամբ հնագոյն ձեռագիրներու, միաձեւ բնագրի պատրաստութեան համար: Ծիսական յանձնախումբի հանդիպումը յառաջիկայ երեք օրերուն վրայ պիտի տարածուի, նիւթ ունենալով նաեւ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի արարողութեան հետ առնչուող կանոնական, խրատական, ուսուցողական եւ բարեպաշտական այլ հարցեր:
  -   Մամլո հաղորդագրություն