Իսթանպուլի երկու ափերուն վրայ պիտի կառուցուին երկու նոր քաղաքներ


Իսթանպուլի երկու ափերուն վրայ պիտի կառուցուին երկու նոր քաղաքներ

  • 12-05-2011 18:20:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողան երէկ խօսեցաւ ուրիշ նոր խիզախ ծրագրի մը մասին, հրապապարակեց որ Իսթանպուլի երկու ափերուն վրայ պիտի կառուցուին երկու նոր քաղաքներ, որոնք պիտի տրամադրուին քաղաքի այն բնակիչներուն որոնք ներկայիս մնացած են երկրաշարժային վտանգաւոր շրջաններու մէջ։ Երկու միլիոն Իսթանպուլցի հոս պիտի փոխադրուի երբ շինութիւնը պիտի աւարտի։ Երկու քաղաքներէն մէկը պիտի կառուցուի Եւրոպական ափի վրայ, միւսը՝ Ասիական ափի վրայ։ Երկու քաղաքներու շինութէան պիտի ձեռնարկուի եառաջիկայ ընտրութիւններէն մէկ տարի վերջ։ Վարչապետը, որ ասկէ առաջ ալ հրապարակած էր Իսթանպուլի Քանալ կոչուած նոր ջրանցքին մասին, պնդեց որ առնուազն մէկուկէս միլիոն Իսթանպուլցի այս կերպով պիտի փրկուի երկրաշարժային վտանգաւոր շրջանի մէջ բնակելու անհանգստութենէն։ Երկու նոր քաղաքներ կառուցանելու նպատակը այս է, հարիւրհազարաւոր մարդիկ թերեւս պիտի մեռնին եթէ երկրաշարժ մը պատահի, իսկ այս ծրագիրը զանոնք պիտի փրկէ այդպիսի վտանգէ մը։ Էրտողան այս մասին ունեցաւ բաւական ինքնավստահ եայտարարութիւն։ »Մենք, ըսաւ ան, կը պատկանինք մեծ քաղաքակրթութէան մը որ աշխարհին նուիրած է կարեւոր քաղաքներ։ Իսթանպուլ քաղաքը, որ կ'ուգայ պատմութէան խորութիւններէն, վերջին տասնամէակներու ընթացքին աւերներու ենթարկուեցաւ, ուստի ընտրութիւններէն վերջ պիտի աշխատինք Իսթանպուլը երկու նոր քաղաքներով օժտելու աշխատանքի մը։ Այս կերպով պիտի ազատենք Իսթանպուլը։ Կ’ուզենք Իսթանպուլը ազատել նաեւ այն տգեղ շինութիւններէն, որոնց մէջ բնակիլը տանջանք է։ Եթէ երկրաշարժ մը պատահի, հարիւրհազարաւոր մարդիկ կրնան մեռնիլ, մենք պիտի ջանանք այդ հարիւրհազար մարդիկը փրկել հաւանական երկրաշարժէ մը, որովհետւ նոր քաղաքները պիտի կառուցուին երկրաշարժային ճեղքերէն հեռու տարածութէանց վրայ, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը