Էրտողանին ելոյթը դժգոհութիւն պատճառեց գերման թերթերուն


Էրտողանին ելոյթը դժգոհութիւն պատճառեց գերման թերթերուն

  • 02-03-2011 19:20:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողանի Տիւսէլտորֆի թուրքերուն հետ կայացուցած ժամադրութիւնը ու մօտ տասը հազար թուրքերու ներկայութեամբ իրականացած այս հաւաքոյթի ընթացքին Վարչապետին ըսածները դժգոհութիւն ստեղծած են գերման մամուլէ ներս։ Մամուլին կարծիքն այն է որ Էրտողան Գերմանիա եկած էր Գերմանիաբնակ թուրքերը Գերմաններու դէմ գրգռելու ու անոնց Գերմանիոյ բարքերուն յարմարելու ճիգերը կացինահարելու նպատակով։ Գերման Պիլտ թերթը գրեց որ Էրտողանի այցելութիւնը գրգռիչ էր ու ան Տիւզէլտորֆի մէջ ընտրական արշաւ կը կիրարկէր այս կերպով։ Թերթը նշեց որ տասը հազար թուրքեր, որոնք Էրտողանը մտիկ ընելու եկած էին, »Թուրքիա քեզմով հպարտ է« կը գոչէին։ Պերլինի թերթերէն Պ. Զ. թերթն ալ գրեց որ Էրտողան Գերմանիա եկաւ աղմուկ բարձրացնելու համար։ ՖՖրանքֆուրթէր Րունտշաու թերթն ալ հպեցաւ թրքերէնի մասին Էրտողանի ըրած յանձնարարութիւններուն ու հարց տուաւ որ Գերմանիոյ մէջ ո՞րն է որ առաջնահերթ է, գերմաներէ՞նը թէ թրքերէնը։ Թրքերէնի մասին Էրտողանի խօսքերը դժգոհութիւն յառաջացուցին Գերմանիոյ մէջ կառավարութեան գործընկեր միւս կուսակցութիւններու մօտ եւս։ Էրտողան Գերմանիոյ մէջ թուրքերուն ըսած էր որ անոնց զաւակները անշուշտ որ գերմաներէն պէտք է սորվին, բայց անկէ առաջ պէտք է սորվին թրքերէնը։ Իսկ բազմաթիւ գերման քաղաքագէտներու կարծիքն այն է որ Գերմանիաբնակ թուրքերը թրքերէնէն առաջ գերմաներէն պէտք է սորվին։ Կան նաեւ գերման քաղաքագէտներ որոնք պաշտպանեցին Էրտողանը ու չբաժնեցին անոր հասցէին կատարուած քննադատութիւնները։ Քրիստոնեայ Տէմօքրաթ Միութեան կարկառուն դէմքերէն Րուփրէխթ Փոլէնց ըսաւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գաղթական ընտանիքներու զաւակները պէտք է սորվին իրենց մայրենի լեզուն եւ Էրտողան իրաւունք ունի այսպէս խօսելու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը