Անգարա դժգոհ Է որ Սարքոզիի այցելութիւնը կը սահմանակուի 5-6 ժամով


Անգարա դժգոհ Է որ Սարքոզիի այցելութիւնը կը սահմանակուի 5-6 ժամով

  • 25-02-2011 19:37:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Նիքոլա Սարքոզի այսօր Անգարա պիտի այցելէ որպէս Կէ-20 Երկիրներու Նստաշրջանի նախագահ։ Այս այցելութիւնը Թուրքիոյ կողմէ շատ կարեւոր կը նկատուի անով որ Սարքոզի Եւրոպայի մէջ հակաթուրք կեցուածքի դրօշակիրը կը համարուի։ Վերջին անգամ Վարչապետ Էրտողան Փարիզի մէջ Սարքոզիին հրաւէր ուղղած էր որպէսզի Թուրքիա գար անգամ մը ու տեսնէր արդիական Թուրքիան։ Սարքոզի պիտի գայ այսօր, բայց այս այցելութիւնը այժմէն ճամբայ բացաւ տարակարծութեան ու ճգնաժամի, որովհետեւ Սարքոզիի Թուրքիա այցելութիւնը սահմանափակուեցաւ 5-6 ժամուան ժամանակամիջոցով, ինչ որ Անգարայի սպասածը չէ։ Վարչապետ Էրտողան ըսաւ որ Թուրքիա այն երկիրը չէ զոր կարելի է այցելել հազիւ հինգ ժամուան այցելութեամբ։ Անգարա կ’ուզէր Սարքոզին հիւրասիրել ո՛չ թէ միայն որպէս Կէ-20 Նստաշրջանի Նախագահ, այլ որպէս Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսայի։ Հինգ ժամուան այցելութիւն մը բնաւ իր նպատակին պիտի չծառայէ։ Իսկ Էլիզէի շրջանակները պատասխանեցին որ Նախագահ Սարքոզիի բոլոր այցելութիւնները որպէս Կէ-20 Նստաշրջանի նախագահ, կարճատեւ են, միօրեայ այցելութիւններ են, ու ասոր մէջ Թուրքիոյ յատուկ դիրքաւորում մը չկայ։ Ֆրանսական մամուլը լայն տեղ տուաւ Վարչապետ Էրտողանի հակազդեցութեան։ Միջազգային Ռազմավարական Էնսթիթիւի տնօրէն Տիտիէ Պիլիոն յայտնեց թէ Սարքոզի յարգեց Թուրքիան այցելելու իր խոստումը, բայց այս այցելութիւնը կ’ընէ այնքան գէշ պայմաններով որքանը կարելի է։ Անգարա այցելութիւնը անհաւատալիօրէն կարճ պիտի ըլլայ ու ասիկա սխալ է, ըսաւ ան, սխալ է նաեւ որ այս այցելութիւնը չի կատարուիր Ֆրանսայի Հանրապետութեսան Նախագահի հանգամանքով։ Երեսփոխան Մարք Րուպօն ալ ըսաւ որ ժամանակամիջոցը կարեւոր չէ, երբեմն մէկուկէս ժամուան մէջ կրնաք ստանալ արդիւնք մը զոր չէիք կրցած ստանալ ամիսներու ընթացքին բանակցելով։ Այս այցելութիւնը կարճատեւ է, բայց կենսական կարեւորութիւն ունի, ըսաւ Ֆրանսացի երեսփոխանը։ Լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտ տեսակցութիւն մը ունեցեր է Սարքոզիին հետ, բայց այս տեսակցութիւնը իր ուզածին պէս չէ եղած, որովհետեւ հարցումները գրաւոր կերպով ուզեցին ու գրաւոր ալ պատասխանեցին։ Սարքոզիի տուած պատասխաններէն կարելի է յանգիլ հետեւեալ ամփոփ եզրակացութիւններուն։ Ինչպէս կը տեսնուի, Սարքոզի Թուրքիոյ մասին լաւ բաներ ալ կ’ըսէ երբեմն։ * Թուրքիոյ տեղը Եւրոմիութեան մէջ չէ, այլ Միջին Արեւելքի մէջ է։ * Ատոր փոխարէն, Թուրքիա Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ հրաշալի կամուրջ մըն է։ Ոչ մէկ երկիր այս դերը կրնայ այնքան լաւ կատարել որքան կը կատարէ Թուրքիան։ * Այս խօսքերուս մէջ նախատինք չկայ, ես ճշմարտութիւնները կը խօսիմ։ * Պնդել թէ Թուրքիան, եթէ բարկանայ, քաղաքականութեան առանցքը կը փոխէ, կը նշանակէ վարկաբեկել, արհամարհել Թուրքիան։ * Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ու աւելի խորանան։ * Չենք կրնար բանտարկուած մնալ անցեալի կաղապարներուն մէջ։ * Թուրքիա այցլութիւնս տարբեր չէ Ամերիկա, Հնդկաստան կամ Չինաստան այցելութիւններէս։ Կուգամ Կէ-20 Երկիրներու համար Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ուզելու։ Այս զօրակցութիւնը շատ կարեւոր կը նկատեմ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը